Ի՛նչ օրերու մնացիր, հա՛յ ժողովուրդ

  • 22/11/2016
  • Ոսկան Մխիթարեան

  • Նախկին Տնօրէն Մխիթարեան Վարժարանի ի Լոս Անճէլըս

Մեր ազնիւ ընթերցողները շփոթութեան չմատնելու համար յատնենք, որ նկարին ձախ կողմը գտնուող անձը Պաղեստինեան ազատագրութեան կազմակերպութեան երբեմնի ղեկավար ԵասերԱրաֆաթը չէ, թէեւ նմանութիւններ շատ կան, այլ Ֆրանսայի նշանակեալ առաջնորդ՝ Վահան եպս. Յովանիսեանն է:
v-mhitaryan_pict2Հայկական մամուլէն կ’իմանանք, թէ Ֆրանսայի հայոց թեմի առաջնորդ Վահան եպիսկոպոս Յովհաննիսեանը տարւոյս Հոկտեմբեր ամսոյն 15-ին Նիսի հոգեւոր հովիւ Գրիգոր աբեղայ Խաչատրեանը նշանակած է առաջնորդական փոխանորդ Ֆրանսայի պէս կարեւոր Թեմին: Նման զնմանն գտանէ կ’ըսէ առածը:

Անգամ մը եւս մեր ընթերցողներուն յիշողութիւնը թարմացնելու համար յիշեցնենք, թէ ո՞վ է Գրիգոր աբեղան: Ասկէ առաջ մամուլով արտայայտուած էինք իր մասին: Այժմ անհրաժեշտ կը նկատենք անգամ մը եւս զինք ներկայացնել հանրութեան: Շա՜տ բան կարելի է գրել այս «հերոս»ի մասին, որ վաղուց պէտք էր փիլոնազուրկ ըլլար իր կատարած սրբապղծութեան համար: Դէպք մը որ ո՛չ մէկ արդարացուցիչ պատճառ կրնայ ունենալ:

Որպէսզի մեր ընթերցողները ըլլան արդար դատաւորը, կը խնդրենք որ դիտեն youtube-ի վրայ արձանագրուած տեսաներիզը, (http://www.youtube.com/watch?v=kqQluCm2RSs ) ուր այս «հերոս» աբեղան, Ս. Պատարագը կիսաւարտ ձգելով, կը դառնայ բանկալին մօտ մոմավաճառութեան սեղանին նստած՝ եկեղեցւոյ տարիներու սպասաւոր, ծխական խորհուրդի անդամ՝ Արամ Քարթունին, եւ ամբարտաւանօրէն բարձրաձայն կը գոչէ. «Դո՛ւրս այդտեղէն, մինչեւ որ չհեռանաս, պիտի չշարունակեմ Պատարագը», եւ այդպէս ալ կիսաւարտ ձգելով Պատարագը, Սուրբ Սկիհը ձեռքին կը հեռանայ՝ հաւատացեալները ապշահար ձգելով: Ահաւասիկ, Նորվան Արք. Զաքարեանի բառերով, «բիզնէս» հոգեբանութեամբ դաստիարակուած անկառավարելի եկեղեցական մը կը նշանակուի առաջնորդական փոխանորդ Ֆրանսահայ Թեմին. «Վա՛յ քեզ, քաղաք, որոյ թագաւոր քո մանուկ է…» (Ժող. 10:16):

Տխրահռչակ այս աբեղան Նիսի ամբողջ համայնքը պառակտելէ ետք, հիմա պիտի լուծէ Ֆրանսայի առաջնորդարանի հովանիին տակ գտնուող հայկական միւս համայնքներու տարակարծութիւնները: Հիւսիսային Ամերիկայի նման, կանոնական խախտումներ տեղի կ’ունենան նաեւ Ֆրանսայի թեմէն ներս: Թեմական առաջնորդը, այս պարագային Վահան եպիսկոպոս, իրաւունք չունի քահանայ ձեռնադրելու: Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ի՛նք պիտի որոշէ թէ ո՞վ կրնայ քահանայագործել տուուեալ թեմէն ներս: Ահաւասիկ այս տարօրինակ երեւոյթը գայթակղութեան եւ բողոքի առիթ ստեղծած է Ֆրանսայի թեմէն ներս, ուր գաղութը մեծաւ մասամբ կազմուած է Ֆրանսածին հայերէ, որոնք կը դժուարանան հասկնալու արեւմտահայերէնը, ալ ո՛ւր մնաց որ հասկնան աղաւաղուած արեւելահայերէնը այն հոգեւորականներուն՝ որոնք կը ղրկուին մեծաւ մասամբ Հայաստանէն, կաթողիկոսին տնօրինութեամբ եւ հաւանութեամբ, հեռաւոր ու թաքուն նպատակներով…:

Բոլորիս ծանօթ է, թէ իր տեսակին մէջ եզակի կանոնական այս խախտումին «հեղինակ-հերոսը» Գարեգին Բ. կաթողիկոսն է, պետական օրհնութեամբ: Ծածուկ նպատակ ունենալով բռնագրաւել սփիւռքի բոլոր հաստատութիւններն ու անոնց նիւթական հարստութիւնները, կը փորձէ կանոնագրային փոփոխութիւններ ստեղծել Սփիւռքի թեմական կեանքէն ներս: Այս փորձը սակայն ձախողեցաւ Նիսի մէջ, ուր ոտքի կանգնեցաւ համայնքի ընտրեալ վարչութիւնը եւ մերժեց ընդունիլ որեւէ թեմական նոր կանոնագրութիւն:

Աննախնթաց կը կոչենք այս երեւոյթը, որովհետեւ նման արարք մը չէր պատահած ո՛չ պարսկական, ո՛չ արաբական եւ ո՛չ ալ օսմանեան տիրապետութեանց շրջանին՝ ընդդէմ Հայ Եկեղեցւոյ: Այս պարագային սակայն, Ամենայն Հայոց Հայրապետը, իր բոլոր քաղաքական լծակները գործածելով, ֆրանսական դատարանի միջոցաւ իր կամքը փորձեց պարտադրել, եւ որովհետեւ չկրցաւ կալուածին տէր դառնալ՝ որոշեց 26 Յունուար 2012-ին պաշտօնապէս յայտարարել թէ Նիսի Ս. Աստուածածին եկեղեցին այսուհետեւ Առաքելական ըլլալէ կը դադրի: Կը խօսինք եկեղեցւոյ մը մասին, որ առաւել քան 80 տարիներ ճանչցուած է որպէս «Էկլիզ Արմէնիէն Կրեկորիէն» (Église Arménienne Grégorienne): Օծուած այս եկեղեցին, որ տարիներու ընթացքին հաւատք եւ յոյս ջամբած է իր հաւատացեալներուն, որու Ս. Սեղանին վրայ պատարագուած է նոյն ինքն Քրիստոս, յանկարծ կը յայտարարուի ՈՉ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ: Սա կը նշանակէ որ մեր բոլոր Ս. Խորհուրդները անիմաստ են եւ կարելի է զանոնք յետս կոչել եթէ մեր կամքը չենք կրնար պարտադրել:

Այս բոլոր համայնքային փոթորիկներու ընթացքին Գրիգոր աբեղան նոր ճակատ մը բացաւ համայնքէն ներս, օրհնութեամբը իր «մեծաւորներուն», հակառակ ա՛յն իրողութեան որ տակաւին կը գործածէր եւ կը չարաշահէր Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ կից գտնուղ եւ եկեղեցւոյ պատկանող հովուատունը: Գրիգոր աբեղան իր փոքրաթիւ խումբով իր պատարագները շարունակեց վարձուած կաթողիկէ եկեղեցւոյ մը մէջ, միշտ ալ ատելութիւն սերմանելով գաղութէն ներս:

Այս բոլորը կարծէք չէին բաւեր, այժմ նոր դատական հարցեր յարուցուած են որպէսզի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ հայկական Պատարագ չմատուցուի, որովհետեւ այդ Ս. Պատարագը սեփականութիւնն է Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան…: Այսքան սոփեստութիւն կարելի չէ երեւակայել: Ո՞վ տուեր է այդ իրաւունքը Հայոց Հայրապետութեան: Մեր միւս նուիրապետական Աթոռներն ալ նոյն Պատարագը կը մատուցանեն, մեր քոյր եկեղեցիներն ալ (Ասորի, Ղպտի, Մալապար եւ Եթովպական) նոյն Պատարագը կը գործածեն, մեր հայ կաթողիկէ եղբայրներն ալ նոյն Պատարագը կը գործածեն: Հետեւաբար կրնա՞յ ըլլալ որ մենք իրաւունք ունինք նման անխորհուրդ քայլի մը դիմելու: Աղօթքն ու Պատարագն ալ Պետագիր (Patent Right) ունին եղեր…: Հո՛ս հասաւ Հայ Եկեղեցին…:

10 Հոկտեմբեր 2015թ. «Նոր Յա­ռաջ» եր­կօ­րեա­յ թերթի խմբագրին՝ Ժիրայր Չոլաքեանին հետ ունեցած իր ողորմելի հարցազրոյցին մէջ, Վահան եպիսկոպոս կը յայտարարէ որ «դի­մե­ցինք այս­պէս կո­չուած «պա­ռակ­տեա­լ» խում­բին եւ ստա­ցանք հիա­նա­լի դրա­կան պա­տաս­խան մը, ո­րուն իբ­րեւ հե­տե­ւանք հինգ-վեց ան­գամ հան­դի­պում ու­նե­ցանք։» Կատարուած բոլոր խոստումներն ալ ի դերեւ ելան, որովհետեւ «վերին Մարմինը» ա՜յլ հաշիւներ կը հետապնդէր: Սուտն ալ չափ ու սահման ունի: Միակողմանի առաջարկները որոնք չեն բխիր ժողովրդական շահերէ, անպայման որ ընդունելի պիտի չըլլան ժողովուրդին կողմէ ընտրեալ ղեկավարութեան, որոնք երկար տարիներէ ի վեր մեծ զոհաբերութեամբ եկեղեցւոյ կարիքները կը հոգան: Եւ այս ամբողջ հարցազրոյցին մէջ ո՛չ մէկ ակնարկութիւն այն մասին, թէ կաթողիկոսը ինչպէ՞ս կրնայ եկեղեցի մը զրկել Առաքելական կոչումէ: Այնպէս կ’երեւի թէ Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան եւ աստուածաբանութեան ծանօթ չէ, կամ ալ քաջութիւնը չունի արտայայտուելու որպէսզի իր առաջնորդական Աթոռը յանկարծ չկորսնցնէ. այլ խօսքով՝ կամակատար մըն է իր ամբողջ կլորութեամբը:

Ամէն անգամ թութակի պէս կը կրկնենք թէ ե՞րբ պիտի հասնինք ինքնագիտակցութեան այ՛ն մակարդակին, ուր քաջութիւնը պիտի ունենանք խօսելու եւ պահանջելու ազգի գործերուն մէջ մեր անսակարկ մասնակցութեան իրաւունքը: Այս դժբախտ եւ տխուր կացութեան կապակցութեամբ բոլորս ալ, կրաւորական մտաւորականութիւն եւ մանաւանդ ամլացած մամուլ, յանցաւոր ենք որ թերացած ենք մեր ազգային պարտականութեան մէջ եւ չենք կատարեր անհրաժեշտ քննանդատութիւնները՝ բարոյական սկզբունքներէ մեկնելով, եւ ապագայի լուրջ մտահոգութեամբ հանդէս չենք գար բոլոր անոնց դէմ, –կազմակերպութիւններ կամ անհատներ,– ի՛նչ որ ալ ըլլան անոնց հանգամանքները:

Մեր լռութեամբ քաջալերած կ’ըլլանք անօրինականութիւնը եւ մեղսակից կը դառնանք Եկեղեցւոյ բարոյական քայքայման եւ անկումին: Ժողովուրդը պէտք է գիտնայ եւ հաշիւ պահանջէ բոլոր այ՛ն կասկածելի գործերու մասին, որոնք կը կատարուին Եկեղեցիէն ներս եւ կամ եկեղեցականներու ձեռամբ: Երբ դիրքի եւ պաշտօնի չարաշահում կայ, անհրաժեշտ է խօսիլ այդ մասին եւ հանգամանօրէն հաշիւ պահանջել եթէ կը փափաքինք ազգաշէն գործ կատարել: