Հայ եկեղեցին եւ իր բարեկարգութեան խնդիրը

  • 21/06/2017
  • Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան

(Մեթր Գասպար Տէրտէրեանի յօդուածին առթիւ)

Ոսկան Մխիթարեանը հասցէիս առաքած էր 26 Մայիս 2017-ին ստորագրած Ձեր «Ֆրանչիսկոս հոգեւորականի հասարակա­կան դիմագիծը» խորագիրը կրող յօդ­ուածը։

Ինչպէս Ձեր շահեկան նախորդ գրութիւնները՝ առկան ալ ըմ­բոշխնեցի հոգե­կան մեծ գոհունակութեամբ։ Աստուածաբանութեան գլխապտոյտ պատճառող կա­տար­ներ նուաճե­լէ եւ դարերու վրայ վարդապետական կարծր դրոյթներ սահմանե­լէ ետք, Կաթողիկէ Եկե­ղեցին պէտք ունէր մարդոց սրտին եւ ջերմեռանդ զգացում­նե­րուն մօտէն խօսող հօր մը կերպարին, որ կարենար իր գոգը վերադարձնել այն բոլոր «վաս­տակեալներն ու բեռնա­ւոր­­ուած­ները», որոնք ծայր աստիճան վհատած եկեղեցիի խնկաբոյր կամարներէն ներս սպրդած բազմազան գայ­թակղութիւններէն՝ տարուէ տարի անհամեմատելի թիւե­րով բռնած էին հեռացումի ճամբան։

Պէտք էր առաջքն առնել այս զարգացումին. հարկ էր կասեցնել զայն՝ եկե­ղեցիին համար աննախատեսելի, թերեւս նաեւ վտանգաւոր իրավիճակ մը գոյանալէն առաջ։ Առ այս, հրամայական կարգախօսը` եկեղեցին հասարա­կու­թեան մօտեցնելն էր, փոր­ձել զայն հեղ մը եւս դարձնել ժամանակահունչ, քաջութիւնը ունենալ՝ ըն­դու­նելու սեփական կղե­րին յոռի զեղծումները, պատժել օրինազանցներն ու, առնուազն, անկեղծ ներողութիւն խնդրել մանկապղծութեան ենթարկուած անոնց հին ու նոր զոհերէն։

Սակայն ո՞վ պիտի իրագործէր այս առաջադրանքը։ Անկարելի էր սոյնը ակնկալել պապէ մը, որ կրնար Ս. Պետրոսի առաքելա­կան Աթոռին վրայ օրէ օր աւելի վարդապե­տական դառնալ։ Եւ, ահաւասիկ, Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ծիրանա­ւորներու ժողովը իմաս­տութիւնն ու հեռատեսութիւնը ունեցաւ իր հեղինակաւոր եւ պատ­կառազդու կարդինալ­ներուն մէջէն քահանայապետ ընտրել սրտով ամենա­պարզն ու խոնարհը՝ յանձին Պուէ­նոս Այրէսի թեմակալ առաջնորդ Խորխէ Մարիօ Պերկոլիօ արքեպիս­կոպոսին։

Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հինաւուրց աւանդութեան մը համաձայն՝ նորընտիր քա­հա­­նայապե­տը կ’ըն­դունի նոր պատուանուն մը, որ կու գայ կերպով մը ուրուագծելու անոր հո­գեւոր առաքելութեան ուղղութիւնը։ Այս առնչութեամբ՝ բոլորովին պատահական չէր, որ Խորխէ Մարիօ Պեր­կոլիօ արքեպիսկոպոսը Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ լուսապսակ սուրբերու փաղան­գին մէջէն, տիեզերական վարդա­պետներու՝ Թովմաս Աքուինացիներու, Ալբերդ կամ Գրիգոր մեծերու շարքին, սեփականացուց անունը համեստագոյն սուրբին՝ Ֆրանչիս­կոս Ասիզացիին, անոր նման հետեւելով տիրաւանդ օրինակին՝ հասնելու համար ընկե­րային կեան­քի լուսանցքը մղուած ծանրաբեռնուածներուն, անիրաւ­ուածներուն, խեղճե­րուն, աղքատներուն, աշխար­հի հզօրներուն կողմէ իրաւազր­կուածներուն, փաստօրէն՝ այն լլկուածներուն, որոնք, հա­կառակ նիւթական ամէն տեսակ կորուստներու, իրենց տառա­պահիւծ հո­գիին խորքը գերազանցա­պէս բարձր կը պահեն մարդ­կային արժանա­պատ­ուութեան անկապտելի արժա­նիքը։

Ֆրանչիսկոս պապը եղաւ հաւատքին եւ կոչումին մարդը։ Հռոմէական Կաթո­ղիկէ Եկեղեցիին իրեն շնորհած Աթոռը չէ որ զինք բարձրացուց, այլ այդ Աթոռին քրիստոնէա­կան ճշմարիտ առաքելութեան կատարելապէս համապա­տասխանելու ծա­ռա­յա­սիրական յանձնառութիւնը իր անձին եւ գործին մէջ՝ առաւել եւս նուիրագործեց այդ Աթոռին հեղի­նակութիւնը։ Պէտք չէ մոռնալ, որ «պապ» բառին արմատը յունարէնի «πάππα», իսկ լատի­ներէնի «páppa» հասկացութիւնները կը կազմեն, որ մեր մայրենիին մէջ փաղաքշա­կան «հայրիկ» արտայայտութեան կը հա­մապատասխանէ։

Արդարեւ, Ֆրանչիսկոս պապը դարձաւ, բառին իսկական առումով, հայր մը եկեղե­ցիին եւ իր հաւատացեալ ժողովուրդին համար, գորո­վագութ հօր մը կերպարը մարմնա­ւորող ճշմարիտ հեղինակութիւն մը, զոր կը բաղձար Կա­թողիկէ Եկեղեցին, եւ թերեւս չա­փազանցած պիտի չըլլամ ըսելու՝ ընկերային-հա­սարակական կեանքի անարդարութիւն­ներու, վայրագ պատերազմներու եւ կրօնա­կան տարատեսակ ծայրայեղութիւններու մէջ խրած մարդկութիւնը։

Կաթողիկէ Եկեղեցին ունեցաւ պապեր, որոնք մարդոց դառնակոծ արցունքին դէմ կնճռոտ աստուածաբանութիւն մը՝ եկեղեցական խրթին օրէնքներու համանուագներ հա­նեցին, եւ իրենց բացատրութիւնը դժուարըմբռնելի մնաց ժողովուրդի պարզ մտքին, առա­ւել եւս անգործադրելի՝ առօրեայ կեանքին համար։ Ի տարբերութիւն ասոնց, Ֆրանչիսկոս պապը այլ ուղղութիւն մը որդեգրեց եւ իր խօսքը դարձուց անմիջական, ջերմ եւ հայրա­կան։ Իր առաքելական գործունէութիւնը ամենէն ընկերայինը, ամենէն ժողովրդականը՝ մար­դոց հետ ուղղակի աւելի զբաղողը, անոնց կեանքի ճամբան ցուցնողը, իսկ պատգամը՝ մարդկային հոգին դժբախտութեան առջեւ չկքեցնողը, այլ այդ դժբախտութեան մէջ իսկ ազնուանալու, բարձրանալու եւ երջանկանալու միջոցը գտնել տուողը եղաւ։ Զինք ան­խտիր սիրեցին մարդ­կային խիղճ եւ քիչ մըն ալ կրօնական զգացողութիւն ունեցող քրիս­տոնեան, տաճիկն ու հրեան, նաեւ անոնք, որոնք այլ կրօնքներ կը դաւանին, կամ ուրշներ՝ որոնք նոյնիսկ կը մերժեն զանոնք։ Պետական այրեր ակնածանքով գնահատեցին զինք, որովհետեւ ան շատերուն սրտի պապը եւ եկեղեցիին ընտանի հայրը դարձաւ։

Եկեղեցին, ամէն բանէ առաջ, հոգեկի՛ր հայրերու պէտք ունի՝ ո՛չ պապերու, ո՛չ կա­թողիկոսներու եւ ոչ ալ պատրիարքներու։ Մեզի լուսատեսիլ եւ շնորհալի հայրապետեր են պէտք՝ ո՛չ թէ պաշտօնակատարներ։ Արդարեւ, օտարամուտ «կաթողիկոս» բառին փո­խարէն՝ աւելի գեղեցկահունչ չէ՞ մեր մայրենիին հայրապետ բա­ռակապակցութիւնը, ո­րուն հիմքը՝ «հայր» հասկացութիւնը, իսկ անոր իսկական առա­քելութիւնը՝ ժողովուր­դին համար իսկական «հայրիկ» մը ըլլալու, բազմազանու­թեան մէջ միութիւն ստեղծե­լու, ազգին հոգեւոր աւանդն ու ինքնութիւնը պահպանելու, սրբութեան մը զգա­ցողու­թիւնը առթելու եւ հոգեկան բարձր կեանքի մը երաշխիքը տալու գաղափարը կը կազ­մէ։

Անդրադառնալով ազատագրութեան աստուածաբանութեան, որուն հանգա­մա­նօրէն անդրադարձած էք ոչ միայն առկայ, նաեւ այլ յօդուածներու մէջ, եղո՜ւկ, որքան հեռու են մեր եկեղեցականներէն շատեր՝ իւրացնելու համար քրիս­տոնէ­ական եւ ընկե­րային շարժումին ամբողջապէս հիմք հանդիսացող այդ գաղափարախօսութեան վե­հու­թիւնը՝ կիրարկելի դար­ձ­նելով զայն մեր ազգային-եկեղեցական կեանքին մէջ։ Հա­զար ափսոս, որ վերջին ժամա­նակներուն, տարբեր շարժառիթներէ մղուած, պահ­պա­նո­ղական ջղուտ ուղղութիւն մը որդեգրեց յատկապէս մեր արեւելեան կղերը, որ չունի իրական հենք, այլ միան­գամայն արուեստական եւ քաղաքական որոշակի շրջանակ­ներէ իրեն թելադրուած բռնազբօսիկ երեւոյթ մըն է։ Դժբախտաբար, ներկայի հեղձու­ցիչ եւ վտանգաւոր պայմաններուն մէջ, առ այժմ, Հայց. Առաք. Եկեղեցիէն ներս կա­րելի չէ բարե­նորոգչական կամ հոգեւոր կեանքի վերածնութեան վերաբերեալ զարգա­ցում մը ակնկալել։

Բնականաբար, ազգի շինութեան եւ բարօրութեան գործին մէջ եկեղեցիին ա­ռաջնահերթ պարտականութիւններէն մին է համագործակցիլ նաեւ պետութեան հետ՝ «տո՛ւք զկայսերն՝ կայսեր, եւ զԱստուծոյն՝ Աստուծոյ» (Ղկ. Ի, 26) սկզբունքով։ Եկե­ղեցին պէտք է ըլլայ խօսող խիղճը պետութեան եւ բարոյական գերազանց հեղինա­կութիւնը հասարակութեան։ Խարխա­փումներու եւ սայթաքումներու առթիւ՝ եկեղեցին պէտք է ըլլայ թելադրող, ազդարարող եւ խրատող ուսուցիչը իր պետութեան եւ ժողո­վուրդին։ Պետութիւնը՝ այդ ես եմ եւ դուն, մենք բոլորս միասնաբար կը կազմենք ու կը ներկայացնենք թէ՛ մեր հայրենիքը եւ թէ՛ պետութիւնը։ Բայց երբ եկեղեցւոյ եւ պե­տական իշխանութեան վեր­նախաւը մենատիրական եւ շահադիտական հասա­րակաց հետաքրքրութիւններով կը սերտա­ճի, եւ եկեղեցին կը դառնայ ընդամէնը միջոց մը օր­ուան իշխա­նութեան ընկերային, քաղաքական թէ տնտեսական նպատակ­նե­րու հե­տա­պնդման, նաեւ՝ հլու կամակատարը անոր թե­լադրանքներուն, եւ ոչ թէ հոգեւոր հեղի­նա­­կաւոր պաշտպանը ժողովուրդի ընդհանուր պահանջքներուն, այդ ժամանակ եկե­ղեց­ւոյ ցորենի բարի սերմին մէջ կ’ուռճանայ պառակտող որոմը, անոր փրկարար հա­ցին հետ մահացու թթխմոր կը շաղուի, իսկ բանին կենաց քարոզչութեան տեղ՝ ժան­գահոտ պղինձ եւ սե­ւաթոյր կապար կը ներարկուի սրբութեան օծումով առլցուն անոր դասէն ներս։

Հարկ չկայ երկարօրէն մանրամասնելու, թէ ի՛նչ սոսկալի նեղութիւններ եւ, իր դարաւոր գոյապայքարի ընթացքին, ծանրածանր խաչեր կրելու ստիպուած եղած է հայ ժողովուրդը։ Սակայն աղէտներու բոլոր դարերուն, նոյնիսկ Ցեղասպանութեան եւ հայրենազրկութեան մէջ, ան պահպանած է իր ոգեղէն եւ թանկագին գոհարը` Հայ Ե­կե­­­ղեցին, որուն սրբազան խորանէն ան միշտ լսած է յարութեան յաղթական պատ­գա­մը։ Պոռոտախօսութիւն մը պիտի չընեմ՝ թէ համոզուած եմ ըսելու, որ Լուսաւորչի կան­թեղէն առկայծող խորախորհուրդ առաքելութեան մը սահմանուած է հայը։ Մարդ­կա­յին ցեղին օրրանը ըլլալու աստուածաշնչական պատումը, դեռ շատ աւելի վաղ ժա­մանակներէն, կու գայ զինք մենաշնորհելու առանձնայատուկ հանգամանքով մը, որ անգամ մը եւս կ’ամրագրուի Դ. դարուն սկիզբը, երբ իր այդ նախախնամական առա­քելութիւնը կը շաղախուի Աւետարանի լոյսով։

Բայց իր ապագայ տիեզերապատմական դերին ու կոչումին նախապատ­րաս­տուելու եւ զայն արիաբար ստանձնելու համար՝ հայ ժողովուրդը պէտք ունի հաւա­տարիմ եւ նախանձայոյզ գործիչներու, նուիրուած պետական այրերու, առինքնող հայ­րերու, սրբակենցաղ եկեղեցականներու, հոգեւորական լուրջ քարոզիչներու եւ օծեալ քահանաներու։

Հարկ է, որ ամէն մի հայ գիտակցի եւ գերազանցապէս բարձր գնահատէ իր պատմութեան եւ նախահայրերուն փոխանցած այս անզուգական աւանդը։

Այսօր, ցաւալի է, որ ժողովուրդին կարեւոր մէկ մասը անդարձ խրած է ծի­սա­պաշտական (կնունք, հարսանիք, թաղում, հոգեհանգիստ) սովորութիւններու մէջ, իսկ միւս հատուածը դարձած է եկեղեցւոյ նկատմամբ անտարբեր, կամ առաւելագոյնը՝ զայն կը դիտէ իբրեւ ազգային-պատմական կառոյց մը, չըսելու համար՝ ընդամէնը յու­շարձան մը, բայց ոչ՝ կենդանութիւն եւ յառաջդիմութիւն ստեղծող անհրաժեշտու­թիւն մը։

Այժմ վեհագոյն խնդիր մը կայ հայ ժողովուրդի աշխարհիկ եւ հոգեւոր առաջ­նորդներուն առջեւ։ Պէտք է հայը վերստին երկիւղած դարձնել իր ազգային աւանդին եւ սրբու­թիւններուն, իր ներկայ յանձնառութիւններուն մէջ եւ ապագայ առաքելու­թիւններուն դիմաց՝ քաջարի ժողովուրդ մը. ահա՛ փառաւոր կոչումը նաեւ հայ աշ­խար­­հիկ գործիչին եւ հոգեւորականին, որոնք պէտք է գործեն՝ ազգերու ընտանիքին մէջ դարձնելու համար հայը նա­խախնամեալ, ստեղծարար, յառաջադէմ եւ օրինակելի ժողովուրդ մը։

Հայ Եկեղեցւոյ բարեկարգութեան հարցը, որուն սրտագին կ’անդրադառնայ Ոս­կան Մխիթարեան, նաեւ Դուք, էական պահանջք մըն է։ Իրողութեան մէջ ան ոչ թէ պար­զապէս ներեկեղեցական, այլ ազգային խնդիր մըն է։ Այսօր ազգը, իր կարգ մը ա­ռաջնահերթութիւններու կողքին, աւելի քան երբեք պէտք ունի նաեւ իր հոգեւոր մար­զին՝ եկեղեցիին բարեկարգութեան, որ նուազ կարեւորութիւն չի ներկայացներ՝ քան իր ֆիզիքական ապահովութիւնն ու բարգաւաճումը։ Մին կ’ամբողջացնէ միւսը, կամ փոխադարձաբար՝ մին կը պայմանաւորէ միւսին զարգացումն ու հզօրացումը։

Այլ հարց է, թէ ատա՞կ է մեր եկեղեցականութիւնը նման կարեւոր խնդիր մը դնելու իր հայեցակարգին վրայ։ Այսօրուան մակերեսայնօրէն կատարուած փորձերը, որոնք փաստացիօրէն տեսանք վերջին եպիսկոպոսական ժողովին առթիւ, Հայց. Ա­ռաք. Ս. Եկեղեցւոյ դէմքին վրայ ծիծաղելի, նոյնիսկ նուաստացուցիչ շպարումներ էին միայն, զուրկ՝ անձկայրեաց ցանկութենէ եւ լուրջ մօտեցումէ։

Միեւնոյն ատեն, բարեկարգութիւնը, որ կրնայ մեր ազգային-եկեղեցական կեանքին մէջ պատմական չափազանց նշանակալից պատեհութիւն մը դառնալ, պէտք չէ դուրսէն Հայ Եկեղե­ցիի մարմնոյն վրայ պատուաստել։ Ան պէտք է ըլլայ բնական ներքին զարգացումը եւ անյետաձգելի պահանջքը մեր ազգին, որուն պարտի համակ ընթացք տալ մեր եկե­ղեցականութիւնը։ Բարեկարգութիւնը չի նշանակեր ջնջել եւ կազմալուծել այն ամէնը, որ հայոց պատմութիւնը ստեղծագործած եւ ազգին թափած արիւնը իր սրբազան աւան­դութիւններով նուիրագործած է։ Այլ՝ մենք պէտք ունինք լուրջ ու հիմնական վերա­նորոգումի մը, ներքին եւ արտաքին մաքրագործումի մը, մասնաւորաբար վարչական եւ ծիսական մարզերէն ներս, ուր Հայ Եկեղեցին միած­նաէջ լուսոյ խորան մը մնալով հանդերձ՝ պահէ իր ազգային դրոշմն ու ժողովրդավա­րական նկարագիրը։