Նոր տագնապ Երուսաղէմի մէջ

  • 04/03/2016
  • Նահապետ Մելքոնեան

  • Երուսաղեմ

Շաբաթ մըն է ցնցուած է ոչ միայն երուսաղէմահայութիւնը, այլ  բոլոր անոնք, որոնք կը հետեւին ազգային-եկեղեցական կեանքին:

Շաբաթ մը առաջ, Երուսաղէմի «Իսրայէլն Այսօր» հեռուստակայանէն սփռուեցաւ ցնցիչ տեսաժապաւէն մը  (15 վայրկեան  տեւողութեամբ), ուր կը հաղորդուէր թէ նախկին հայ ժառանգաւոր մը, Հրայր Եզէկէլեան  անունով  բռնաբարուած է ուսանողութեան տարիներուն գէթ երեք հոգեւորականի կողմէ:

Գեղարդի այս նոր հարուածը Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ տեսագրած էր  «Իսրայէլն Այսօր»ի լրագրողուհի մը իր նկարահանող խումբով, լուրը հաղորդելով  Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Վանքի «Մեծ Բակէն»,  վանքաբնակ «զոհ»ին տունէն, պատրիարքարանի մուտքէն եւ Բեթղեհէմի Սուրբ Ծննդեան Տաճարի հայոց վանքի տեսչարանի գրասենեակէն:

Շատ լաւ ծրագրուած եւ պատրաստուած հարուած մը Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ, յատկապէս Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց դարաւոր միաբանութեան:
Հետեւելէ ետք լուրերուն, որոնք արդէն կը սփռուին համացանցի եւ ֆէյսպուքի վրայ, եւ տեսնելէ ետք  տեսաժապաւէնը…

Դատապարտելով հանդերձ նման տհաճ պիղծ երեւոյթներ…. եւ մանաւանդ ի չգոյութեան պաշտօնական հաղորդագրութեան մը, երուսաղէմի հայոց պատրիարքութենէն, հետեւեալ հարցումները կը չարչարեն մեզ…:

Առաջին.- Կ’ըսուի, որ 11 ամեայ լիբանանահայ տղայ մը Հրայր Եզէկէլեան անունով, (այժմ 38-39 տարեկան) ընդունուած է երուսաղէմի ժառանգաւորաց վարժարանը:
Ուսանողութեան շրջանին զինք բռնաբարած են վարդապետներ եւ եկեղեցւոյ մեծաւոր մը. (Արքեպիսկոպոս):
Երկրորդ .- Կը տեղեկանանք նաեւ, որ Հրայրին եղբայրներն ալ եկած են Երուսաղէմ եւ ուսանած են ժառանգաւորաց վարժարան: Նոյն շրջանին օրուան պատրիարքին  բարեհաճ կարգադրութեամբ Հրայրին ընտանիքն ալ լիբանանէն գալով  հաստատուած են  հայոց վանքէն ներս, ստանալով բնակարաններ:
Երրորդ.- Առարկողներ պիտի ըլլան, որ Հրայր՝ 11-13 տարեկան փոքր տղայ մըն էր, չէր հասկնար պատահածը, կեանքէն անտեղեակ, գուցէ եւ ամչկոտ էր… բողոքելու:   Արդար է առարկութիւնը:

Սակայն, զարմանալին այն է, որ այս դարաւոր հաստատութիւնը՝ ժառանգաւորաց Ճեմարանը ունի իր Տեսուչը, փոխ-տեսուչը, հսկիչ սարկաւագներ, ու վերջապէս լուսարարապետը եւ ի վերայ սոցա պատրիարքը՝ «Հայր Ամենեցուն»ը:

Հետաքրքրականը այն է, որ ոչ մէկ բողոք կատարուած կամ արձանագրուած է այս մասին: Ու օրին, ո’չ մէկ “բամբասանք” լսուած:
Հրայրին եղբայրներն անգամ, որոնք ապրած են նոյն յարկին տակ, ըստ երեւոյթին բան մը չեն տեսած կամ կասկածած, ու Հրայր գուցէ եւ չէ դիմած եղբայրներուն եւ կամ նոյնիսկ ծնողաց օգնութեան:

Աւելին՝ Հրայր ունեցած է նաեւ մտերիմ ընկերներ, (հոգեւորական եւ աշխարհական) որոնք այսօր այս գայթակղիչ եւ ցնցիչ լուրերուն վրայ զինք «եղբայր եւ հերոս» ալ կ’ակնարկեն, որ վերջապէս քաջութիւնը ունեցած է պատռելու դիմակները այն վարդապետներուն, որոնք պղծած էին իր մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը:

Ըստ երեւոյթին, Հրայր նոյնիսկ իր բարեկամներուն ալ չէ արտայայտած`մանաւանդ իր ամենէն մտերիմին, որ այժմ «վարդապետ» ալ է, եւ որ կը տեղեկանանք թէ յաճախ կ’այցելէ Հրայրենց տունը, ու գիշերները միասին  նստած տան շեմին՝ վանքի խնկաբոյր կամարները կ’օծեն «նարկիլայ»ի ծուխով:
Աւելի զարմանալի է նաեւ, որ Հրայր ժառանգաւորացէն հեռանալէ ետք….  երիտասարդ, աւելի հասուն  21րդ տարիքին, եւ աւելի ուշ՝ 25-30 տարիքին, կրկին ոչ մէկ բողոք ներկայացուցած է վանքի պատկան մարմիններուն, եւ կամ երուսաղէմի ոստիկանատան:

Եւ ով է այս մտերիմ վարդապետը՝ որ ի զարմանք բոլորին, հրաման տուած է հրեական նկարահանող խումբին, որ ո’չ միայն վանք մուտք գործեն ու նկարահանումներ կատարեն, այլ նաեւ ժառանգաւորաց վարժարան ալ մտնան նկարահանելու…  մինչ վանքի դրան պահակները արգելք կը հանդիսանան:
Այժմ բոլոր տուուեալները կը հաստատեն, որ «մտերիմ վարդապետը» ո’չ միայն նախապէս տեղեակ եղած է այս «պատմութեան» եւ ծրագրուած նկարահանումէն,  այլ եւ դերակատար ալ է  նկարահանման գործողութեան մէջ, գաղտնի պահելով այս «գործողութիւնը» թէ պատրիարքէն եւ թէ Տնօրէն Ժողովէն:

Եւ այս բոլորէն վերջ… ինչու Հրայր հիմա 28 տարի յետոյ կ’որոշէ հրապարակ գալ պատռելու դիմակները զինք պղծողներուն:
Եւ ինչու ան իր բողոքը չէ ներկայացուցած օրուան պատրիարքութեան, Միաբանութեան Տնօրէն Ժողովին, Լուսարարապետին,  երբ այնքա՜ն լաւ կը հասկնայ «վանքի կեանքը», եւ կամ երուսաղէմի ոստիկանատան երբ այնքան լուրջ  է «բռնաբարման հարցը» եւ նախընտրած է միայն հրեական հեռուստակայանի միջոցաւ  «կեանքի պիղծ պատմութիւն»ով պախառակել Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցին, դարաւոր Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութիւնը, որ ապաստան ալ տուած է ընտանիքին:

Որքա՜ն ալ ցնցիչ է լուրը եւ դատապարտելի է նման մանկապղծութիւններ, հարկ է լուրջ եւ մանրակրկիտ քննարկումնէր կատարուին նման հարցերով զբաղուող արհեստավարժ մասնագէտներու, հոգեբաններու, ոստիկանութեան, դատախազութեան եւ մանաւանդ վանքի  իշխանութեան կողմէ, նախքան որեւէ վերջնական որոշումի յանգելու եւ դատապարտելու: Վերջապէս, հրեական հեռատեսիլի կայանի մը մէկ ծրագրուած նկարահանումով մը կարելի չէ դատապարտել 28 տարի առաջ պատահած մանկապղծութիւն մը, որուն «զոհը» նոր կ’աղաղակէ…:
Եզրայանգումները կը թողունք ընթերցողին, սպասելով պատրիարքութեան պաշտօնական հաղորդագրութեան որ…  կ’ուշանայ: