Հաւաքական հանդիպում թեմակալ առաջնորդներուշ եւ ազգային իշխանութեանց

  • 19/02/2016
  • Ոսկան Մխիթարեան

  • Նախկին Տնօրէն Մխիթարեան Վարժարանի ի Լոս Անճէլըս

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռի համացանցային կայքէջէն կ՚իմանանք որ 9-11 Փետրուար  2016-ին, հրաւէրով ու նախագահութեամբ Արամ Ա. Կաթողիկոսի, յաջորդաբար տեղի ունեցան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովներու լիակատար նիստեր:

Ուշի ուշով դիտեցէ՛ք ժողովին մասնակիցները եւ պիտի նշմարէք, –ժլատ չըլլալու համար պիտի ըսեմ,- որ միջին տարիքը 60-ը անց Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ են:  Այս անդամները վերջին տասնամեակներուն ընթացքին գրաւած են նոյն աթոռները, «հաւատարմութեամբ» կառչելով այդ քա՜ղցր աթոռներուն, որոնց վրայ «նշանակուած», «ապսպրուած», «հրահանգուած», «թելադրուած», «ընտրուած» են: իսկ ամենահետաքրքրականը՝ նոյն դէմքերն են զորս ընդհանրապէս կը տեսնենք  բոլոր ժողովներուն:  Պէտք կա՞յ աւելին ըսելու, թէ ինչպէ՛ս հոն հասած են անոնք:  Չեմ կարծեր որ կարիքը կայ նաեւ շեշտելու սա իրողութիւնը թէ, ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս զգալի է իգական սեռին բացակայութիւնը, կամ լաւագոյն պարագային՝ սակաւութիւնը, մեր բոլոր ժողովներուն մէջ:

Աւելի մատչելի եւ հասկնալի դառնալու համար մեր յարգելի ընթերցողներուն, մանրամասն եւ մէկ առ մէկ կը վերլուծենք կատարուած կարեւոր յայտարարութիւններն ու արտայայտուած մտքերը:

Կրօնական Ժողովը, այս անգամ եւս շեշտած է կարիքը՝ երիտասարդութեան տալու առաջնահերթ կարեւորութիւն մեր եկեղեցական կեանքին մէջ: Պարզապէս կրկնութիւն մըն է զոր կը լսենք եւ կը կարդանք տարիներէ ի վեր առանց որեւէ լուրջ գործնական ծրագիրներու: Կը մէջբերեմ օրինակ մը 2009-ին արտասանուած խօսքերէն «Երիտասարդութեան դերն ու կարեւորութիւնը մեր ազգային-կրօնական կեանքին մէջ կենսական են ու Հայց. Եկեղեցւոյ առաքելութեան ծիրէն ներս երիտասարդութեան մուտքը, իր ամբողջական կարողականութեամբ, մեր առաջնահերթ մտահոգութիւնը պէտք է ըլլայ» (Արամ Ա. Կաթողիկոս.): Իմաստազուրկ թութակային կրկնութիւն…

Ո՚չ ըմբռնեցինք եւ ո՚չ ալ հասկցանք որ առանց երիտասարդութեան մասնակցութեան՝  իրենց նոր երազներով, թարմ յոյսերով եւ թարմ ստեղծագործ ոգիով՝ չկայ վերանորոգում-բարեկարգում Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ, եւ առանց անոնց՝ չկայ գիտակից պահանջատիրութիւն մեզմէ յափշտակուած ինչքերուն եւ իրաւունքներուն: Տխուր պատկեր կը ներկայացնէ երիտասարդութիւնը այսօր, որովհետեւ չկարողացանք ազդու միջոցներով վերատեսութեան ենթարկել աւանդական մեր ճահճացած ըմբռնումներն ու  հասկացողութիւնները, եւ դարձանք արհամարհական եւ վանողական՝ մեր բոլոր մօտեցումներուն մէջ:  Չկան այսօր մեր երիտասարդները մեր հանրային կեանքին մէջ…

Կրօնական Ժողովը իր արժեւորումներու շարքին մէջ յիշատակած է  Եպիսկոպոսական Ժողովի մասին, շեշտելով անոր կարեւորութիւնը, առանց մատնանշելու վերջին երկու ժողովներու ձախողութեան մասին, որովհետեւ համազգային մեր բոլոր յոյսերը դատարկ մնացին:

Կրօնական Ժողովը անգամ մը եւս անդրադարձած է Աստուածաշունչի Արեւմտահայերէնի թարգմանութեան, որ կանգ առած էր 2004 թուականին, Զարեհ Արք. Ազնաւորեանի վախճանումով: Ո՞ւր են այն «հայագէտ» համալսարանական վարդապետները որոնց մասին կ՚ակնարկէ հաղորդագրութիւնը. չկրցա՞ն կիսաւարտ թողուած աշխատանք մը աւարտել 12 տարուան ընթացքին:  Ընթերցողը թող տայ իր գնահատականը:

Քաղաքական Ժողովը իր լիակատար նիստին առաջին բաժնին մէջ իր մտահոգութիւնները յայտնած է ազգային հաստատութիւններու տնտեսական վիճակին մասին:  Արդար են այս մտահոգութիւնները. այդ հաստատութիւնները ի վերջոյ կը պատկանին ազգին, բայց իրողութիւնն ա՚յն է որ 55 տարիներու վրայ երկարող այս մտահոգութիւնը, – որուն ես մօտէն ծանօթ եմ,-  չէ՛ փոխուած, եւ ամէն ժողով նոյն մտահոգութիւնները կը յայտնէ:  Սա պարզապէս կը նշանակէ որ մենք մեր հաստատութիւնները ղեկավարելու ընդունակութիւնը չունինք (mismanagement): Անշուշտ նկատի պէտք է առնել նաեւ լիբանանահայութեան թուաքանակի նօսրացումը: Եւ այնուհետեւ անհեթեթ է յայտարարել որ «ոչ մէկ հայ՝ հիւանդ, կարիքաւոր կամ որբ անտէր ու անօգնական պէտք է մնայ», որովհետեւ չի համապատասխաներ իրականութեան: Հարցուցէ՛ք սուրիահայերուն, որոնք այսօր  որպէս գաղթական կ՚ապրին Լիբանանի մէջ:

Քաղաքական Ժողովը  զեկոյց ստացած է կալուածական եւ շինարարական յանձնախումբէն եւ իր գնահատականը արտայայտած, առանց որեւէ նշում կամ ակնարկութիւն կատարելու որ այդ շինութիւնները անտեղի են ներկայի Միջին Արեւելքի քաղաքական պայմաններուն մէջ, երբ այնտեղ  քրիստոնէութիւնը, որուն մէկ մասն է նաեւ հայութիւնը, գոյութենական պայքար կը տանի իր ներկայութիւնը խարսխելու համար:

Պէտք է ունենալ յստակ շահարկման ծրագիր (investment portfolio) որպէսզի հաւասարակշռուի Կաթողիկոսարանի ընթացիկ պիւտճէն, որուն մասին կը լսենք առաւել քան 55 տարիներ:  Նոյն մտահոգութիւնները ունէին Զարեհ եւ Խորէն կաթողիկոսները, իսկ վերջինս իւրաքանչիւր միաբանի կը գրէր՝ բարերարներ որոնելու պատուէր տալով, որպէսզի Կաթողիկոսութիւնը ինքնաբաւ ըլլայ: Նոյնը կրկնեցին յաջորդները եւ տակաւին կը շարունակուի:  Սա կը նշանակէ որ չենք հասկցած ինքնաբաւ ըլլալու առեւտրական հասկացողութեան եւ մտքի գաղտնիքը ու կը մսխենք անվերջ:

Այդ գումարները զորս ծախսեցիք միաբանական նոր շէնք շինելու Պիքֆայայի մէջ, բուռ մը միաբաններու համար, երբ Անթիլիասի Մայրավանքի շէնքերը դատարկ են, ծախսէի՛ք եկամտաբեր կալուածներու վրայ, որոնք կրնային հաւասարակշռել Կաթողիկոսարանի պիւտճէի բացերը, նոյն ատեն օգտակար ըլլալով մեր բոլոր ազգային հաստատութիւններուն,  նամանաւանդ՝ իրենց գոյութիւնը հազիւ պահող հայ վարժարաններուն:

Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան եւ Թեմակալ Առաջնորդներու ու Ազգային Իշխանութեանց ներկայացուցիչներու միատեղ հանդիպման ընթացքին արծարծուած է Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան կարեւորութիւնը, որուն մասին անշուշտ կը խօսուի Հայրենիքի անկախացումէն ի վեր: Գործնականին մէջ այդ դրսեւորումը կը տեսնէք սուրիահայ մեր հարազատներուն՝ Հայաստան հաստատուելուն ու ապա այդտեղէն իրենց ոտքերուն փոշիները թօթուելով հեռանալուն մէջ դէպի Եւրոպաներ եւ Գանատա:  Ընթերցողը թող տայ իր գնահատականը…

Կասկած չկայ մեր մտքին մէջ որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Միաբանութիւնը կը զօրակցի Սուրիահայութեան: Սակայն՝  խօսքէն անդին՝ գործնական զօրակցութի՛ւնն է կարեւոր: Արդէն հինգերորդ տարին թեւակոխած է քաղաքացիական պատերազմը ու տակաւ առ տակաւ կը հայաթափուի երբեմնի հայութեան միջնաբերդ Հալէպը:

Որեւէ տատանում կամ ընկրկում պիտի նշանակէ դասալքութիւն եւ անձնասպանութիւն:  Այսօրուան սուրիական ճգնաժամը կը պահանջէ գոյութենական ինքնապաշտպանութիւն կազմակերպել՝ վճռական եւ միակամ, եւ պայքարը տանիլ հաւաքաբար բոլոր ճակատներու վրայ: երբ ժողովուրդ մը ազատութեան տենչն ունի, կը յաղթահարէ ամէն խոչընդոտ: