Պատմութեան յորդորը՝ սխալներ չկրկնելու խոհեմութիւնը

  • 03/11/2017
  • Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան

«Պատմութիւնը մարդոց կը սորվեցնէ,
թէ մարդիկ պատմութենէն ոչինչ կը սորվին»։
(Մահաթմա Կանտի)

Պատմութիւնը հարուստ դպրոցն է ներկայ կեանքին, առաւել եւս՝ ապագային։ Ու­սումնա­սիրել զայն՝ կը նշանակէ սորվիլ անկէ, խուսափիլ սխալներու կրկնութենէն եւ աւան­­դել այն արժէքները, որոնք փորձառաբար պիտանի դարձած են ազգի մը պահպան­ման եւ յառաջդիմութեան համար։ Ժողովուրդներու ընտանիքին մէջ խելացի նկատուած են այն ազգերը, որոնք սեփական պատմութենէն առած են կեանքի մնայուն դասը՝ ճիշդ գնա­հա­տել իրենց ցեղային կարողութիւնները, հանդերձ իրենց ունեցած բոլոր ձեռքբերում­նե­րով եւ թե­րա­ցումներով։ Նկարագրային յոռի երկու հիմնական յատկութիւններ կրնան խիստ ճակա­տագրական հետեւանքներ ունենալ թէ՛ անհատի մը եւ թէ՛ ժողովուրդի մը կեանքին մէջ, երբ անձ մը կամ նոյնիսկ ազգի մը նման խոշոր հաւա­քականութիւն մը ինք­զինք կը գերագնա­հատէ, իսկ իր թշնամին՝ կը թերագնահատէ։ Երանի՜ այն ժողովուրդնե­րուն, որոնք պատմա­կան փորձառութենէ մեկնելով՝ գտած են ոսկիէ միջինը կեանքի եւ մահուան, գո­յութեան եւ անգո­յութեան, զարգացումի եւ լճացումի միջեւ՝ ներ­կայի իրատե­սութեան վրայ հիմնուած ապա­գայի նկատմամբ հաստատապէս որդեգրելու ճիշդ արեւե­լում մը։ Ազգ մը, որ չի գիտեր սորվիլ իր անցեալէն՝ կը նմանի պատմութեան թատերա­բեմին վրայ հանդէս եկող լարա­խա­ղացի մը, որ իր ձեռքէն վար ձգած է ներկայի եւ ապա­գայի բեւեռներուն միջեւ ձգուած առա­սանին վրայ իր հաւասարակշռութիւնը պահելու եւ կողմնորոշուելու արուես­տին կենսա­կան ձողը՝ ամէն վայրկեան անցեալի եւ մոռացու­թեան անդունդին մէջ գահա­վիժելու վտան­գին ենթակայ։

Անդրադառնալով հայութեան՝ դարերու պատմութիւնը անոր աւանդած է բորբ քու­րա­ներու մէջ կոփուած եւ սուրով փորձարկուած հիմնական պատգամ մը, թէ հայ ժո­ղո­վուրդին ուժը գերազանցապէս կը կա­յանայ իր անմնացորդ եւ ամբողջական միութեան մէջ։ Սոյնը ընդհանրապէս հայութեան համար պէտք էր ըլլար առաջնահերթ եւ գերիվեր ամէն ինչէ, պէտք է ըլլար ոսկի օրէնք մը՝ գործնականապէս կիրարկելի կեանքի իր բոլոր աս­պա­րէզ­ներուն մէջ։ Այս մասին դեռ Ե. դարուն, հիմք ընդունելով Վարդանանց պատե­րազմի անբարենպաստ աւարտը,– որ, ըստ անոր ոսկեղենիկն պատմիչին, իրականացած էր հայ­կական ուժե­րու ներքին տրոհումին եւ Վասակ Սիւնիով սկսած անհամաձայնութեան հետե­ւան­քով,– Եղիշէ կ’եզրակացնէր, թէ «Միաբանութիւնը բարի գործերու մայրն է, իսկ անմիա­բանու­թիւնը՝ չար գործերու ծնողը»((Եղիշէ, Վասն Վարդանայ եւ Հայոց Պատերազմին, թարգ. եւ ծանօթագրութիւններ Ե. Տէր-Մինաս­եանի, Երե­ւան, 1989, էջ 8։))։

Եւ ահա նոյն ներշնչումով, ոչ աւելի եւ ոչ պակաս, շուրջ հազար հինգհարիւր տարի ետք, հայրենի բանաստեղծը՝ Եղիշէ Չարենց, 1934-ին հրատարակած իր «Պատգամ» բա­նաս­տեղծութեան մէջ մեզոստիքոս-ի միջոցաւ ճշմարտացի նոյն պատգամը կը յղէ իր ազգին. «Ո՜վ հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւա­քա­կան ուժի մէջ է»։

Արդարեւ, միաբանութիւնը մայրն է բարի գործերու՝ ծաղկուն քաղաքներու կերտու­մին, քաղաքակրթութեան զարգացման, անկախութեան իրագործումին, վստահութիւն ներ­շնչող ամուր պետականութեան մը ստեղծումին եւ կարեւորագոյն նախապայմանը՝ անոր պահպանումին։

Քանի՜-քանի՜ անգամ հայը զրկուած է իր անկախ պետականութենէն, դառնակսկիծ ողբա­ցած՝ բազմիցս զգետնուած իր տածած յոյսերուն եւ փայփայած երազներուն համար, ինչ­քա՜ն յաճախ ան դարձած է պատմութեան ականատես վկան՝ իր անձին աւիւնով ծաղ­կած աւան­ներու եւ աշխատանքին արդար քիրտով կառուցած քաղաքներու կործանումին։ Ան եղած է վտարանդի եւ պանդուխտ աշխարհի չորս ծագերուն՝ ոչ միայն իր ունեցած աշ­խար­հա­գրական անբարենպաստ դիրքին, զինք շրջապատող հզօր թշնամիներու ներխու­ժումնե­րուն ենթարկուելուն, այլ նաեւ ոչ սակաւ իր իսկ թոյլ տուած քաղաքական եւ նկա­րա­գրային կրկնուող սխալ­ներուն հետեւանքով։

Թերթենք հայոց պատմութեան էջերը եւ պիտի տեսնենք, որ վերոյիշեալ քաղաքա­կան եւ հաւաքական թերութիւններուն մէջ ամենաօրհասականը եղած է հայուն անմիա­բա­նութիւնը, Եղիշէի բնութագրումով՝ ծնողը չար գործերու։ Փաստ մը, որմէ օգտուած է միայն օտարը, իր քաղաքական-տնտեսական շահերուն ծառայեցնելով հայուն ե՛ւ մտքին թռիչքը, ե՛ւ մկաններուն ուժը, ե՛ւ մայր հողին բարիքը՝ ամբողջ արգասիքը անոր շինարար եւ ստեղ­ծագործ ոգիին։

Հին եւ նոր կարգախօս է դիւանագիտութեան մէջ ըսել «բաժնէ՛, որ տիրես»։ Ան թշնա­­միին գործածած ազդու զէնքն է՝ տկարացնելու իր ոսոխը, զայն ներքնապէս բարո­յա­զրկելու, ընդերքէն քայքայելու եւ առանց մեծածախս դժուարութեան՝ տիրելու անոր։ Սա­կայն դիւա­նա­գիտութեան այս զէնքը ընդհանրապէս կը բանի հոն, ուր բոյն դրած են ան­միա­բանու­թիւ­նը, կեդրոնախոյս ձգտումները փոքրոգի եւ թուլասիրտ մարդոց, տիրադաւ ու եղբայ­րաս­պան կռիւները «արիութեան եւ քաջութեան մէջ վախկոտութիւն խառնողներուն»։

Արդարեւ, հայոց պատմութիւնը լեցուն է այսպիսի փաստերով ե՛ւ Արշակունեաց, ե՛ւ Բագրատունեաց, ե՛ւ Ռուբինեանց, ինչպէս նաեւ յետագայ շրջաններուն, ընդհուպ մին­չեւ մեր օրերը։ Ժամանակի անիւը իր ծիրին շուրջ լայնօրէն պտըտած է պատմական դէմ­քերու եւ դէպքերու այն­պիսի՛ շլացուցիչ կրկնութիւններով, որ կարծէք պատմութեան լայն պաս­տառին վրայ ընդամէնը թուականներ փոխուած են, մինչդեռ մնացածը գրեթէ ամբող­ջու­թեամբ հան­դիսացած է նմանօրինակութիւն մը։

Պարսկաստանի եւ Բիւզանդիոնի միջեւ Հայաստանի Ա. բաժանումը((Տե՛ս Փաւստոս Բիւզանդ, Հայոց Պատմութիւն, հրտ. Ստ. Մալխասեանցի, Գահիրէ, 1954, էջ 395-397; Մովսէս Խորենացի, Պատմութիւն Հայոց, աշ. Մ. Աբեղեան եւ Ս. Յարութիւնեան, Երեւան, 1991, 310-311; Ղազար Փար­պեցի, Պատմութիւն Հայոց եւ Թուղթ առ Վահան Մամիկոնեան, Երեւան, 1982, էջ 27-28։)) 387 թուակա­նին իրականացաւ,– թո՛ղ օտարին գերակշռող ուժը,– որովհետեւ հայ նախարարական տուները չկրցան ստեղծել կեդրոնաձիգ միութիւն մը՝ համախմբուած արքունի գահին շուրջ։ Անոնք պառակտուած էին քաղաքական եւ մշակութային զոյգ հոսանքներու՝ պարս­կական եւ բիւ­զանդական ազդեցութիւններու միջեւ։ Այն, որ տոհմիկ էր ու կը ներ­կայացնէր հա­մազգային արժէք մը, քի­չերն էին, որոնք կը գնահատէին անոր գերազանց կարեւորու­թիւնը հայ ինքնու­թեան, ազգին եւ պետութեան պահպանման հեռանկարով։ Փոքրա­մաս­նութեան մէջ գտնուող այս դրական ուժերուն քով երկրին վերնախաւը իր հա­կա­շռին տակ առած ներհակ եւ բացա­սական հոսանք­ը այնքա՜ն ազդեցիկ դարձած էր, որ այլեւս ան­կա­րելի էր որեւէ ձեւով կա­սեցնել անոր աղիտալի արկածա­խնդրութիւնը։

Միանգամայն աւելորդ չէ այստեղ վերակոչել այն վկայութիւնը, որ աւանդած է մեզի Ե. դարու պատմիչը.

«Արշակի թագաւորութիւնը կարգին չկրցաւ հաստատուիլ երկրին մէջ, այլ Հայոց նախարարներէն շատերը զատուեցան գացին Պարսից թագաւորին մօտ, Հայոց աշ­խարհը անոր մատնեցին եւ խնդրեցին անկէ Արշակունի (նոր) թագաւոր մը։ Ան մեծ ուրախութեամբ յանձն առաւ իր կողմէ եւ իր խօսքով (նշանակել նոր թագաւոր մը) Հայոց նոյն Արշակունի թագաւորներու տոհմէն եւ անոր միջոցով իրեն ենթար­կել Հա­յոց աշխարհը։ Ապա ան գտաւ նոյն տոհմէն երիտասարդ մը Խոսրով անու­նով, անոր գլխուն թագ դրաւ եւ անոր կնութեան տուաւ իր Զրուանդուխտ քոյրը, իր բոլոր զօր­քերը անոր հետ դրաւ եւ Զիկ նուիրակը դաստիարակ (իմա՝ խորհրդա­տու) նշա­նակեց Խոսրով թագաւորին։ Այսպէս անոնք ելան եկան Հայոց աշխարհը։ Արշակ թա­գաւորը երբ տեսաւ զանոնք՝ տեղի տուաւ, քաշուեցաւ գնաց Յունաց սահ­ման­նե­րը։ Եւ թի­կունք եղան Արշակ թագաւորին Յունաց թագաւորը, իսկ Խոս­րովին՝ Պար­սից թագա­ւորը։

[…] Ապա Յունաց եւ Պարսից թագաւորները խորհրդակցելով իրարու հետ՝ համա­ձայնութեան եկան։ Անոնք յարմար նկատեցին նախ Հայոց աշխարհը իրարու միջեւ երկու մասի բաժնել։ Անոնք կ’ըսէին. ʽՄեր երկուքին միջեւ ինկած է այս հզօր եւ հա­րուստ թագա­ւորութիւնը. լաւ կ’ըլլայ, որ այս ձեւով տկարացնենք ու խանգարենք այս թագաւորութիւնը. նախ երկու մասի բաժնենք այս երկու Արշակունի թագաւոր­ներով որոնք նշանակեցինք, յետոյ կ’աշ­խատինք զանոնք ալ սահմանափակել, աղ­քատաց­նել եւ մեր ծառայութեան ենթարկել, որ­պէսզի չկարենան մեր մէջ գլուխ բարձ­րացնելʼ։

[…] Այն ժամանակ Հայոց թագաւորութիւնը բաժնուեցաւ, ցրուեցաւ, տկարացաւ եւ ինկաւ իր նախկին մեծութենէն»։((Հմմտ. Փաւստոս Բիւզանդ, Անդ, էջ 395-396։))

Ի դէպ, այդ նոյն նախարարներն էին, որոնք Խոսրով Գ.-էն նմանապէս դժգոհելով՝ բողոք յարուցին պարսից թագաւորին՝ գահընկէց ընելու զայն, իբրեւ թէ կաթողիկոսական Աթոռին նշանակած էր Սահակ Պարթեւի նման լուսապսակ անձ մը, որուն ոչ պակաս քան Մաշ­տոցին կը պարտինք Ոսկեդարու հոգեւոր-մշակութային անզուգական երկունքը։

Մայրամուտը Արշակունեաց հարստութեան, կորուստը հայոց պետութեան 428 թուականին, կը կազմեն մեր պատմութեան ամենատխուր էջերէն մին։ Այստեղ եւս թշնա­միին համար ուրիշ ոչ ոք նախապատրաստեց հայոց թագաւորութեան կործանման եւ երկրի թշուառութեան նախապայմանները, բացի իրենց տոհմային եւ ընտանեկան առաւե­լու­թիւն­ները ազգի ու հայրենիքի գերագոյն շահերէն աւելի բարձր դասող եւ անհեռատես քաղաքա­կա­նութիւն վարող հայ նախարարներէն։

Դժգոհ՝ Վռամշապուհ թագաւորին յաջորդած Արտաշէս Դ.-ի վարքէն, հայ նախա­րարները կը ներկայանան Սահակ կաթողիկոսին՝ թագաւորը գահընկեց ընելու անփառու­նակ ծրագրով։ Պարթեւ հայրապետը՝ Ս. Սահակ, կանխատեսելով վերահաս վտանգը, ոչ միայն կտրականապէս կը մերժէ միաբանիլ անոնց, այլ ընդհակառակը՝ կը յորդորէ ընդու­նիլ սե­փական թագաւորը հանդերձ իր թերութիւններով, զօրավիգ ըլլալ անոր, յուսալ աւելի բար­ւոք լուծումներ գտնել, քան քանդել եղածը, ան ալ ոսոխին ձեռքով, եւ թոյլ չտալ Հայոց աշ­խար­հի մղձաւանջային օրերուն քաղաքական այնպիսի՛ ծանրակշիռ սխալ մը, որ կրնայ ճակատագրական աննախատեսելի հետեւանքներ ունենալ թէ՛ ներկայի, եւ թէ՛ ապագայի համար։

Հայ Եկեղեցւոյ այս պատկառազդու անձնաւորութեան՝ Ս. Սահակ հայրապետի խրա­տը այնքա՛ն ուսանելի կէտեր ունի այսօրուայ հայ իրականութեան մէջ տեղի ունեցող իրա­դարձութիւններուն առնչուած, որ միանգամայն յարմար կը նկատեմ մեր պատմիչ­ներու վկայութենէն զանոնք մէջբերել ստորեւ.

«Հայոց Արտաշիր թագաւորը սկսաւ այնչափ անառակ ցանկութիւններու մէջ թաղ­ուիլ, այն աստիճան, որ բոլոր նախարարները անկէ զզուեցան։ Անոնք եկան Մեծն Սահակի մօտ, բողոք բարձրացուցին եւ զայն հրաւիրեցին օգնելու իրենց, որպէսզի Պարսից թագաւորին առջեւ (Արտաշիր թագաւորին) դէմ չարախօսելով՝ գահընկեց ընեն ու պարսիկ մը բերեն կառավարելու համար (Հայոց) աշխարհը։ Իսկ (Մեծն Սահակը այս լսելով) ըսաւ. ʽՉեմ ուզեր հերքել ձեր ըսածները, ես ալ լսած եմ անոր ցաւալի, ամօթալի կենցաղավարութեան մասին, շատ անգամ յանդիմանած եմ, բայց ան ուրացած է։ Արդ, պէտք է ժամանակ մը տանիլ այդ մարդուն թերութիւնները, մին­չեւ մտածենք (ուրիշ) ելք մը գտնել Յունաց Թէոդոս կայսեր միջոցով, բայց ոչ թէ մատնել զայն անօրէններուն ձեռքը եւ իյնալ ծաղր ու խայտառակ վիճակի մը մէջʼ։

Իսկ անոնց (նախարարներուն) ուզածը այս չէր, անոնք կը ջանային իրենց համա­խորհուրդ դարձնել զինք։ Բայց ան ըսաւ. ʽՔաւ լիցի, որ ես իմ մոլորած ոչխարը մատ­­­նեմ գայլերուն, որ ես չպահեմ բեկուածը կամ հիւանդացածը, այլ գահավէժ ընեմ… Թէպէտ ան անառակ է, սակայն դրոշմուած է աւազանով, պոռնիկ՝ բայց քրիս­տոնեայ է, մարմնով ապականած է, բայց անհաւատ չէ հոգիով, բարքով զեխ է, բայց ոչ՝ կրակապաշտ, թուլութիւն ունի կանանց հանդէպ, բայց երկրպագու չէ տա­րերքին։ Եւ ինչպէ՞ս կարելի է իմ այդ ախտաւոր ոչխարը փոխել առողջ գազանին հետ, որուն առողջութիւնը մեզի համար ստոյգ պատուհաս էʼ։

Բայց նախարարները մտածելով, թէ (կաթողիկոսը) զիրենք խաբելու նպատակով այդպէս կը խօսի, որպէսզի յետաձգել տայ իրենց ծրագիրը եւ զգուշացնէ թագա­ւորը, միաբերան կ’ըսեն. ʽՔանի որ դուն մեզի հետ չուզեցիր համաձայնիլ, որ ան չթա­գա­ւորէ, ահա մենք ալ չենք ուզեր, որ դուն քահանայ ըլլաս մեր վրայʼ։ Եւ բոլորը միա­բանութեամբ ելան գացին Պարսից Վռամ թագաւորին մօտ, ոմն փառամոլ քա­հա­նայի մը՝ Արծկեացի Սուր­մակին հետ, չարախօսելու իրենց Արտաշիր թագաւորի եւ Մեծն Սահակի դէմ, թէ անոնք հակած են դէպի յոյներուն կողմը»։((Հմմտ. Խորենացի, անդ, էջ 346-347:))

Արդարեւ, հայ նախարարները ոչ միայն իրենց հիւանդ գառը մատնեցին օտարի ա­ռողջ գայլին, այլ նաեւ իրենց բարի հովիւը՝ Ս. Սահակ Պարթեւը, որ կաթո­ղիկոսական Ա­թո­ռին վրայ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի պարթեւական եւ Մամիկոնեան տոհմերէն սերող վեր­ջին ներ­կայացուցիչն էր։ Պարսից Վռամ Ե. Թա­գաւորը, առիթէն օգտուելով, վերջ դրաւ Ար­շակունեաց թագաւորութեան՝ գահընկեց ընելով Արտաշէս Դ.-ը եւ միաժամանակ աթո­ռա­զրկելով Սահակ կաթողիկոսը՝ Արտա­շէսը պաշտպանած ըլլալուն համար։

Փաստoրէն հայոց թագաւորութիւնը վերացնելու ուղղութեամբ պարսիկներու դա­­րաւոր պայքարը, որ միշտ անյաջողութեան մատնուած էր հայոց բանակի եւ նախարար­ներու դիմադրութեան շնորհիւ, ի վերջոյ յաջողութեամբ պսակուեցաւ ոչ թէ թշնամիներու, այլ ուղղակի հայ նախարարներու ձեռքով:

Դիպուկ է Խորենացիին քով նախարարներուն եւ Արծկեացի Սուր­մակ երէցին կողմէ Պար­սից Վռամ Ե.-ին մօտ Արտաշէս Գ.-ին եւ Սահակ Պարթեւին դէմ ներկայացուած չա­րախօսութեան բնոյթը, որ ո՛չ կրօնական եւ ո՛չ ալ բարոյական հիմք ունի, այլ ունի զուտ քա­ղա­քական հէնք, թէ «զՅունօք գլեալ խորհրդովն»((Տե՛ս նոյնը, էջ 347:)), այսինքն՝ հայոց արքան եւ կաթո­ղի­կոսը «յոյներու կողմը հակած են»։

Սակայն սոյն իրադարձութիւնները պահ մըն ալ հարկ է քննարկել այլ ենթահողի մը վրայ։ Պատմական իրողութիւնը այն է, որ Սասանի ցեղէն Արտաշիր Ա.-ը արդէն 224 թուա­կանին պատերազմելով պարթեւներու արքայից արքայ Արտաւանի դէմ՝ պարտու­թեան մատնած էր զայն, եւ 226-ին ալ գրաւելով Տիզբոն մայրաքաղաքը՝ ամբողջ պետութիւնը ենթարկած էր իրեն եւ, այսպէս, հիմնած Սասանեան հարստութիւնը։ Այդ օրէն սկսեալ, երբ Պարսկաստանի մէջ պարթեւ Արշակունիները արիւնալի վայրագութեամբ կը հա­լածուէին, Հայաստանի մէջ անոնց տոհմը տակաւին կը գոյատեւէր շուրջ երկու հարիւր տարի։ Բնա­կանաբար Սասանեանները հաշտ աչքով չէին դիտեր իրենց քաղաքական ազ­դեցութեան ոլորտին մէջ գտնուող Արշակունեաց թագաւորութեան հայկական ճիւղը, ուստի դարա­նա­կալ կը սպասէին պատեհ առիթը՝ զայն կա՛մ ռազմական, կա՛մ ալ դիւա­նագիտական նեն­գութեան միջոցով միանգամընդմիշտ բարձնելու, հնարաւոր վտանգի կամ մրցակ­ցու­թեան մը առաջքը վերջնականապէս առնելու համար։ Այս նպատակին հասնելու ճամ­բուն վրայ լուրջ խոչնդոտ մըն էր, անշուշտ, Հայ Եկեղեցին, որուն գահա­կալները, իրենց ներ­կայա­ցուցած կրօնական տարբերութենէն բացի, ոչ ուրիշ ցեղի՝ այլ պարթեւական ազգի ժառան­գորդներ էին, որոնք նաեւ Յուսիկ Ա. կաթողիկոսի Տիրան թագաւորի դստեր հետ ունեցած ամուսնական կապով բարեկա­մացած էին Արշակունիներու արքայատոհմին հետ։

Անշուշտ պարսից արքունիքը քաջ գիտէր, թէ ոգեկան ուժի ինչպիսի՛ աղբիւր էր Հայ Եկեղեցին իր պետականութենէն զրկուող հայութեան համար, եւ թէ որքա՜ն մեծ ազդեցու­թիւն կրնային ունենալ Ս. Սահակի նման հեռատես եւ իրենց հօտին պահպանութեամբ մտա­հոգ հայրապետներ հայ ժողովուրդի ինքնութեան զարգացման վրայ։ Ուստի պար­սից արքունիքը կը միտէր հայութեան աչքին գործնականօրէն հեղինակազրկել Լուսաւորչի Գահը՝ անոր վրայ բազմեցնելով Սուրմակ երէցի, Բրքիշոյի եւ Շմուէլ ասորածին եպիս­կոպոս­ներու նման հայու ոգիին խոտոր օտարազգիները։

Բնական է, որ ի վերջոյ հայ նախարարներուն ալ պիտի պարզուէր ճշմարիտ եւ վարձ­կան հովիւներու միջեւ հսկայ տարբերութիւնը։ Շմուէլի մահէն ետք, 437 թուականին, անոնք կը դիմեն Ս. Սահակին, որ վերստին յանձն առնէ կաթողիկոսութիւնը՝ խոստանա­լով ձեռք բերել պարսից արքունիքի համաձայնութիւնը։ Սակայն Բագրեւանդ քաշուած եւ տեղի Ս. Յովհաննէս վանքին մէջ աղօթքի եւ ճգնութեան նուիրուած ծերունի կաթողիկոսը այնքան վիրաւորուած էր անցեալի չարաբաստիկ դէպքերէն, հայ նախարարներու չարա­ղէտ ընթաց­քէն, որ կը մերժէ անոնց խնդրանքը ու դառնացած՝ կտրուկ շեշտով մը կը պա­տասխանէ. «Չեմ ուզեր քահանայանալ տիրանենգ, տիրաս­պան եւ մատնիչ ժողովուրդի մը վրայ»։((Տե՛ս Փարպեցի, անդ, էջ 64:))

Որքա՜ն կսկիծ եւ հիասթափութիւն կայ Ս. Սահակի վերոյիշեալ խօսքերուն մէջ, բայց միեւնոյն ատեն՝ դառն ճշմարտութի՛ւն։

Բագրատունեաց թագաւորութեան գոյատեւման վերջին տարիները նմանապէս կ’անցնին յունադաւան եւ հայադաւան իշխաններու ինքնակործան պայքարի ճամբով։ Յատ­կանշական է, որ այս անգամ ոչ թէ Սահակ կաթողիկոսի նման դրական հեղինակու­թիւն մը կը յառնի հայոց պատմութեան այդ վճռորոշ պահուն, այլ, յանձին Պետրոս Ա. Գե­տադարձ((Ներկայիս Մայր Աթոռի հետ կապ ունեցող հայրենի որոշ պատմաբաններ կը ջանան զանազան փոր­ձերով արդարացնել Պետրոս Ա. Գետադարձը եւ անոր վրայէն ջնջել պատմութեան խարանած «դա­ւաճան»-ի կնիքը։ Ժա­մանակին նման մօտեցում մը ցուցաբերած էր նաեւ Մաղաքիա արքեպս. Օր­ման­եանը, անոր վե­րագրուող ջրօրհնէքի մը հրաշագործութեան պատմութիւնը եւ մեր մատենագրու­թեան մէջ արդիւ­նական հեղինակ մը հանդիա­սանալու փաստերը համարելով անհամատեղելի դաւաճանի մը դերա­կատարութեան հետ։ Եկեղեցամէտ շրջանակներու սոյն փորձը դժուար թէ ըլլայ ընդունելի անաչառ պատմագիտութեան առջեւ, ցորչափ պատմական նոր վկայութիւններ տակաւին չեն նպաս­տեր Պետրոս Ա. Գետադարձի արդարացումին։)) կաթողիկոսի, միանգամայն բացասական կերպար մը, որ Վեստ Սարգիսի եւ այլ ազգադաւ իշխաններու հետ համագործակցելով՝ քաղաքամայր Անին կը յանձնէ բիւզան­դացիներուն։

Պետութեան եւ ազգին դէմ այս կարկառուն դաւաճանութիւնն ալ մեր պատմութեան սրտաճմլիկ եւ ամենատխուր եղելութիւններէն մէկը կը կազմէ։ Այդ դարաշրջանի ժամա­նակագրութիւնը աւանդող Մատթէոս Ուռհայեցի պատմիչը, առանց այլեւայլի, խորազգած կը վկայէ պատմական իրողութիւնը, թէ Աստուծոյ նկատմամբ փրկարար երկիւղը կորսնցու­ցած հոգեւորականներն ու իշխանները կեղծ երդում տալով հայոց Գագիկ Բ. թա­գաւորին՝ կը համոզեն զինք ընդունելու Բիւզանդիոնի Կոստանդին Թ. Մոնոմախոս կայսեր հրաւէրը եւ երթալու Կ.Պոլիս՝ բանակցելու համար անոր հետ։ Եւ երբ Գագիկ Բ. Կ.Պոլիս կը հասնի, իսկոյն կը ձերբակալուի կայսեր կողմէ, մինչ յունամէտ աւազակաորջին մաս կազ­մող հայ աւագանին, գլխաւորութեամբ Վեստ Սարգիս իշխանի եւ Պետրոս Ա. Գետա­դար­ձի, «որոնք (Գագիկ Բ.-ին հաւատարմութեան) Աստուծոյ արիւնով (այսինքն՝ Ս. Հաղոր­դու­թեան վրայ) սոսկալի երդում տուած էին, Անի քաղաքի քառասուն բանալիները Մոնոմա­խոս կայսրին ուղարկեցին, հանդերձ նամակով մը, թէ Անի քաղաքը եւ ամբողջ Արեւելքը քու (սեփակա­նութիւնդ) դարձաւ((Մատթէոս Ուռհայեցի, Ժամանակագրութիւն, աշխ. թարգ. եւ ծանօթ. Հրաչ Բաթիկեանի, Երեւան, 1991, էջ 105։))… Յոյները աստիճանաբար Հայոց երկրէն հեռացուցին քաջ զինուորա­կանները, զանոնք կտրեցին իրենց տունէն ու գաւառէն եւ կործանեցին Հա­յոց թագաւորու­թիւնը»։((Մատթէոս Ուռհայեցի, Ժամանակագրութիւն, անդ, էջ 149:))

Այսպէս իրագործուեցաւ հայերու ձեռքով հայոց թագաւորութիւնը կործանելու բիւ­զանդական նենգամիտ քաղաքականութեան ծրագիրը։ Բայց եթէ երբեք Վանի, Անիի, Կար­սի, Գու­գարքի եւ հայկական այլ թագաւորութիւնները, նաեւ իրական ուժ ունեցող նախա­րարները բռունցքուէին, կեդրոնաձիգ ուժերով համախմբուէին հայոց պետականութիւնը խորհրդա­նշող թագաւորական գահին շուրջ, ապա թերեւս կարողանային դիմագրաւել ժա­մանակի ռազմաքաղաքական ծանրածանր հարուածները՝ հակազդելով թէ՛ բիւզանդա­ցիներուն եւ թէ՛ սելճուքներուն։

Աւա՜ղ, տարբեր չեղաւ պարագան նաեւ Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան` Ռու­բին­եանց օրերուն. յար եւ նման հակառակութիւններ, այս անգամ՝ լատինա­մոլներու եւ ազ­գային դիրքեր պաշտպանողներու միջեւ։ Այս բոլոր պայքարներն ալ եղած են ի վերջոյ ներ­քին անմիաբանութեան եւ երկրին սպառնացող մօտալուտ վտանգը թերագնահատելու պատճառով, եւ ունեցած են իրենց ծանր անդրադարձը թէ՛ հայոց պետականութեան եւ թէ՛ հայ ժողո­վուրդին վրայ։ Ներքին պառակտուածութեան հետեւանքով ոչ միայն վե­րացած են հայ­կական թագաւորութիւն­ները, թշուառութեան մատնուած ժողովուրդը դար­ձած վտա­րանդի իր պապենական հողերէն, այլեւ բռնագրաւուած եւ յափշտակուած է երկի­րը` Մի­ջերկ­րա­կանի գեղածիծաղ ափերէն մինչեւ Մասեաց կատարը։ Այսօր, գէթ հայոց գոյութեան յաւի­տենական խորհրդանիշը` աստուածաշնչական մեր սրբազան Արարատ լեռը կ’ըլլար Հա­յաստանի տարածքին մէջ, եւ քա­ղա­քամայր Անին, նուիրական դամբարանը Բագրա­տուն­­եաց արքաներուն, աւերա­կաց ստուե­րին մէջէն չէր դիտեր սահմանին փշալարերը ու կա­րօ­տով չէր ճմլեր մեր արնաքամ սիրտը։

Մենք ունեցած են պատմական Հայաստան մը, որուն տարածքը շուրջ 400.000 քառ. քլմ. ընդ­գրկած է եւ որ պատմականօրէն կոչուած է ո՛չ արեւելեան Թուրքիա եւ ո՛չ ալ Անա­թոլ­իա, այլ միանշանակ՝ Հայկական Բարձրաւանդակ։ Վերոյիշեալ հսկայ տարածա­շրջա­նէն՝ պատ­մական Հայաստանէն հետզհետէ սահմանափակուելով մեզի մնացած է Հայաս­տանի Հանրապե­տութեան 29.743 քառ. քլմ., իսկ հազարաւոր ազատամարտիկներու թա­փած արիւնով եւ Սեպտեմ­բեր 1991-ի հռչակագրով ազատագրուած Լեռ­նային Ղարա­բաղի Հան­րապետու­թեան 11.458 քառ. քլմ. կազմող հողատարածք մը։ Փաստ­օրէն, հայ ժողո­վուր­դը դարերու ընթաց­քին կորսնցուցած է իր պատմական հողերուն 90 տոկոսը։ Եթէ քա­ջու­թիւնը ունենայինք պահ մը մեր գիտակցութեան պրիսմակին մէջ բարձրագոյն յստակու­թեամբ ըմբռնել այս իրողու­թիւնը, թերեւս ոչ միայն հոգեկան մեծ ցնցում մը պիտի համա­կէր մեզ, այլ պիտի դառնա­յինք ուղղակի շանթահար՝ մեր պատկերացումը գե­րազանցող այս տխուր փաստին դի­մաց։

Բաց աստի, տեղին է այստեղ նշել, որ 2000 տարի առաջ պատմական Հայաստանի տարածքին մէջ ապրող հայ ազգաբնակչութեան թիւը շուրջ 2,5 միլիոն եղած է։ Այդ ժամա­նակ ամբողջ աշխարհի բնակչութեան թիւը կազմած է շուրջ 300 միլիոն։ Այսինքն՝ աշխար­հի 120 բնակիչներէն մէկը անպայման հայ եղած է։ Ներկայիս Երկիր մոլորակին վրայ ապ­րող մարդկութեան թիւը 7,4 միլիառ կը հաշուըուի, որուն մօտաւորապէս 3 միլիոնը Հայաս­տանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւններուն մէջ կ’ապրի։ Հայ ազգա­բնակչու­թեան վե­րոնշեալ թիւին հետ եթէ նկատի ունենանք սփիւռքահայութեան քանակն ալ, ապա ամբողջ աշխարհի մէջ ապրող հայութեան թիւը մօտաւոր հաշուարկով 10 միլիոնի կը հաս­նի։ Եթէ երբեք հայ ազգաբնակչութեան թիւը աշխարհի բնակչութեան աճի մի­ջինին համա­պատաս­խան զարգացում մը արձանագրէր, ապա ներկայ վիճակով հայութեան թիւը աւելի քան 60 միլիոն պիտի ըլլար։ Բազմանալու, հզօրանալու եւ մեր ունեցածը պահելու փոխա­րէն, մենք նահանջած ենք ամենայն իմաստով՝ հայրենի հողատարածքի շուրջ 358.799 քառ. քլմ.ի եւ հայ բնակչութեան 50 միլիոն աճի կորուստով։ Կը կարծեմ, որ այս հաշուարկը յա­ւելեալ մեկ­նա­բանութիւններու չի կարօտիր։

Միայն օտարը մեղադրել՝ վայրագ թշնամին, ապարդիւն է։ Ընդհակառակը՝ մենք մե­զի հարց պէտք է տանք, թէ ինչո՞ւ համար չկրցանք պահել այն, ինչ որ ունէինք, կամ աւելի ճիշդ պիտի ըլլար մեր հարցադրումին տալ ներկայի եւ ապագայի հանդէպ ուղ­ղուածութիւն մը, թէ ինչպէ՞ս պահել գոնէ անիկա, որ հիմա ունինք։ Առնուազն հիմա՛ այլեւս սորված պէտք է ըլ­լայինք, թէ ունենալ եւ ունեցածը կարենալ պահել՝ տարբեր երեւոյթներ են, իսկ հայրենա­սի­րութիւնը՝ աւանդը ճիշդ գնահատելու, զայն մշակել կարենալու եւ սերունդնե­րուն փո­խան­ցելու նուիրական յանձնառութիւն է։

Այս առնչութեամբ ինչպէ՞ս կրնար ըլլալ, որ հայ ժողովուրդի պատմութեան ամե­նա­­վճռորոշ փուլերուն, մահու եւ կենաց, լինելու եւ չլինելու շրջադարձային պահե­րուն, մե­ծաւ մասամբ հայութեան ամենադրական ուժերը համախմբուելով բռունցքուելու եւ երկ­րին ճա­կատագիրը իրենց ձեռքը առնելու փոխա­րէն,– խոնարհելով բացառութիւն­նե­րուն առջեւ՝ Սարդարապատի հերոսամարտ, ղարաբաղեան շարժում, անկախութեան հռչա­կում, եւ այլն,– միաբանած են բոլոր բացասական կերպարները եւ յաջողած բռնա­գրաւել ազգին ղե­կը՝ թշնամիին զիջելով մեծ տարածաշրջաններ, վտանգած են երկրին ա­պագան, իսկ ժո­ղո­­վուրդը նետած անորոշութեան, նոյնիսկ գերեզմանի մութ փոսին մէջ։

Ունենալ տարբեր համոզումներ, պատկանիլ քաղաքական այս կամ այն հոսանքին, քալել այլ ուղղութիւններով՝ իրաւունքն է իւրաքանչիւր անհատի եւ բարոյախօսական նուա­­ճումը քաղաքակիրթ աշխարհի։ Բայց հարուածել պարտին բոլորը միասնաբար, երբ վտան­գուած են ազգին, պետութեան եւ հայրենիքին գերագոյն շահերը։ Մէ՛կ մարմին, մէ՛կ հոգի, մէ՛կ բռունցք դարձած դիմագրաւել արտաքին վտանգը՝ մեծագոյն առաքինութիւնն է խաղա­ղա­սէր ազգերու, որոնք պաշտպանելով իրենց սեփական երկրի եւ գոյութեան ա­պա­հովու­թիւնը՝ պաշտպանած կ’ըլլան նաեւ ուրիշ ազգերու անվտանգութիւնը։

Ազգային գերագոյն շահերու գիտակցութիւնը, հայրենիքի ըմբռնումը, նորանկախ պետութեան մը կայացումն ու անվտանգութիւնը գերիվեր են ամէն տեսակ նեղ կուսակ­ցա­կան եւ անհատական շահերէ։ Ծառայել այս մնայուն արժէքներուն, ի հարկին վեր բարձ­­­րա­նալ յարանուանական սահմանափակումներէ՝ հաւատարիմ մնալու հա­մար վերո­նշեալ այս հիմնական սկզբունքին, կտրուկ հրամայականն է պատմութեան՝ դրուած իւրա­քան­չիւր հայ անհատի խղճին ու արժանա­պատուութեան առջեւ։

Պատմական իրարայաջորդ դէպքերու ահարկու ալիքներ, միացած բնութեան նոյն­քան ահաւոր աղէտներու հետ, շարունակ խուժած են մեր հայրենի բնօրրանը՝ ժողովուրդը բնաջնջելու, աստանդելու եւ վերածելու անճանաչելի բեկորներու։ Մեր մատենագրութիւնը եւ յատկապէս գրչագիրներու աւանդած բազմաթիւ յիշատակարանները իսկական մարտի­րոսագրու­թիւններ են պատերազմներու, մահերու, աւերներու, աւարնե­րու, կեղեքումներու, հարկահաւաքութիւններու, տեղահանութիւններու, սովերու, սրա­ծութիւններու, երկրա­շարժ­ներու եւ հեղեղներու մասին։ Բայց մեր պատմութեան խորհրդաւոր հակասութիւնը այն է, որ դարերու քառուղիներուն մէջ հայը միեւնոյն ատեն ցուցաբերած է ցեղային այն­պիսի տոկունութիւն եւ պայքարելու աննահանջ ոգի մը, որ զինք նուաճած բարբարոս ազ­գերէն ոչ մէկը կրցած է զինք լլկել, կամ ստրկացնել անոր ազատատենչ էութիւնը։ Եւ ի զուր չէ, որ Վերկիլիոս իր Էնէական-ին մէջ Արաքս գետին անդրադառնալով՝ կ’ըսէ. «Pontem indignatus Araxes», այսինքն՝ «Արաքսը, որ [իր վրայ] կամուրջներ չի հանդուրժեր»։ Հռոմէա­ցի մեծ բա­նաստեղծին այս համեմատութիւնը իր փոխաբերական իմաստով ամբող­ջապէս յարիր է հայ ժողովուրդի նկարագրին։

Արդարեւ, 23 Օգոստոս 1990 թուականին Հայկական Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապե­տութեան Գերագոյն Խորհուրդի ընդունած Հայաստանի անկախութեան հռչա­կա­­գի­րը, ապա Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւններու Միութենէն դուրս գա­լու 21 Սեպ­տեմբեր 1991-ի հանրաքուէի իրականացումը, այնուհետեւ՝ 23 Սեպտեմբեր 1991-ին Հա­յաս­տանի անկախ պետութեան հռչակումը, ժամանակի մեզի ուղղած մեծա­գոյն յոր­դորներն են մեր պատմութենէն իմաստութեամբ սորվելու՝ այսուհետեւ անցեալին մէջ գործուած սխալ­ները չկրկ­նելու համար։

Հայը չերկմտեցաւ Խորհրդային Միութեան փլատակներուն վրայ վերականգնելու իր անկախ պետութիւնը, որ 5 Յուլիս 1995-ի համաժողովրդական հանրաքուէով ընդուն­ուած Սահմանադրութեամբ իրաւականօրէն ամրագրուեցաւ որպէս ինքնիշխան եւ ժո­ղովրդա­­վարական պետութիւն։

Ժողովրդավարութիւնը ժողովուրդի կամքով ձեւաւորուող եւ անոր շահերը պաշտ­պանող իշխանութեան համակարգ է: Ընտրելով պետական կառավարման այս ձեւը՝ մեր ժողովուրդը որոշեց իր կեանքը եւ ազգերու ընտանիքին մէջ իր իրաւունքները տնօրինել քաղաքակիրթ երկիրներու մէջ պետական իշ­խանութեան իրականացման ամենատարած­ուած ձեւով։ Սոյնը կը նշանակէ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան միակ տէրը ժողո­վուրդն է, որ որոշակի ժամկէտով կ’ընտրէ իր ներկայացուցիչները՝ երկիրը կառավարելու համար: Կառավարութեան բոլոր ներկայացուցիչները, հանրապետութեան նախագահէն մինչեւ վերջին նախարարը, պարտաւոր են ծառայելու զիրենք ընտրած եւ երկրին քաղա­քական իշխանութիւնը իրենց վստահած ժողովուրդին։ Արդէն նախարար բառակապակ­ցու­­թեան լատիներէն համարժէք բառը minister-ն է, որ ունի ոչ ուրիշ իմաստ, այլ միանշա­նակ՝ ժողո­վուրդին ծառայող։

Ժողովրդավարական պետական իշխանութեան իրականացման զոյգ ձեւերուն առ­թիւ, ըլլայ անմիջական ժողովրդատիրու­թեամբ,– ինչպէս Զուիցերիոյ պարագան է,­– կամ ըլլայ ներկայացուցչական ժողովրդատիրութեամբ,– ինչպէս Գերմանիոյ, նաեւ այլ երկիր­ներու պարագան է,– ժողովուրդը իր կամքը կ’արտայայտէ իր ընտրաձայներու իրա­ւուն­քով։ Իւրաքանչիւր քաղաքացի ընտրելու իր ազատ իրաւունքը կիրարկելով՝ կ’որոշէ, թէ ո՛վ պիտի ներկայացնէ զինք իր երկրի պետական ղեկավարութեան մէջ, նաեւ հասարա­կու­թեան համար կարեւոր նշանակութիւն ունեցող որոշումներ կ’որդեգրուին Սահմանա­դրու­թեամբ ամրագրուած հանրաքուէներու կամ ժողովուրդին կողմէ ընտրուած մարմին­ներու միջոցով: Բոլոր պարագաներուն, ժողովրդավարութիւնը կ’ենթադրէ ժողովուրդի գե­րիշ­խա­նութիւնը պետութեան վրայ: Բնականաբար, սահմանադրութեամբ եւ օրէնքներով սահ­մանուած ժողովրդավարական չափանիշները կրնան այն երկիրներուն մէջ արդիւնա­ւէտ դառնալ, ուր բարձր է ժողովրդավարութեան վերաբերեալ հասարակութեան գիտակցութիւ­նը, կամ հասարակութիւնը միանշանակ ձեռք բերած է քաղաքացիական լիարժէք հա­սու­նութիւն մը:

Ժողովրդավարութիւնը անոր համար է, որ երկրի պետական աւագանին կազմելու համար լաւերուն մէջ ընտրուի լաւագոյնը։ Ժողովրդավարութիւնը անոր համար է, որ պե­տութեան աւագանին ծառայէ երկրի շահերուն եւ իրեն վստահուած հեղինակութեամբ ու պաշտօնով ապահովէ ընդհանուրին բարօրութիւնը, երաշխաւորէ հասարակական կեան­քի հիմնական արժէքները, քաղաքացիական, ինչպէս նաեւ մարդկային իրաւունք­ները։ Ժո­ղո­վրդավարութիւնը անոր համար չէ, որ քաղա­քացին ընդամէնը իրաւունք ու­նենայ ընտ­րե­լու իր սեփական բռնակալը, ոչ ալ անոր համար՝ որ արկածախնդիր ու ամ­բոխավար մար­դիկ, ընտրաձայներու մեծամասնութիւնը չարաշահելով, երկրին իշխանու­թիւնը ի նպաստ իրենց անձնական փառքին, շահերուն եւ նիւթական հարստացումին համար օգ­տագոր­ծեն՝ ան­դունդի եզրին հասցնելով ազգ, պե­տութիւն եւ հայրենիք։

Մարդկային իրաւունքը անոր համար է, որ իւրաքանչիւր անհատ հասարակութեան մէջ գերազանցապէս իրաւունք ունենայ տիրանալու մարդկային իր անկապտելի արժէքնե­րուն՝ սեփական գո­­յութիւնն ու ընտանիքը զարգացնելու, աշխատանքի հնարաւորութիւն­ներ ապահովելու, անձնական կեանքը արժեւորելու եւ զայն արդիւնաւորել կարենալու ի­րա­ւահաւասար սկզբունքներով։ Մարդկային իրաւունքը անոր համար չէ, որ «իրաւունք» յոր­ջորջումին տակ կարելի ըլլայ թոյլ տալ ամէն քաղաքական սանձարձակութիւն կամ կա­մա­յականու­թիւն։ Իւրաքանչիւր անհատի իրաւունքն ու ազատութիւնը հոն կ’աւարտին, երբ կը սկսին ուրիշի մը իրաւունքն ու ազատութիւնը՝ ազգին ընդհանուր շահերը եւ երկ­րին ան­վտան­գու­թիւնը։

Յաւարտ բանիս, նորէն նկատի ունենանք ոսկեղենիկն Եղիշէի խորիմաստ խրատա­կանը միաբանութեան մասին եւ Չարենցի սրբազան պատգամը՝ մեր փրկութիւնը գնահա­տելու հայութեան հաւաքական ուժին մէջ. զանո՛նք դարձնենք կարգախօսը մերօրեայ կեան­քին ու այդպէս մօտենանք մեր հինաւուրց հայրենիքին եւ նորանկախ պե­տութեան։

Իմաստութեամբ սորվինք սեփական պատմութենէն եւ իւրացնենք խոհեմութիւն՝ չկրկնելու համար անցեալին մեր թոյլ տուած ծանրակշիռ սխալները, որպէսզի ստիպուած չըլլանք քերթողահայր Խորենացիին բառերով կեանքի կոչելու իր ժողո­վուրդի աքսորն ու երկրին կործանումը տեսնող Հին Ուխ­տի այն մեծ մարգարէն, եւ անոր հետ ողբալու դեռ չկործանած մեր ներկան եւ մահահոտ ա­պագան. «Զարթի՛ր, Երեմիաս, զարթի՛ր եւ ողբա՛… որ ինչ թշուառացաքս եւ որ ինչ թշուա­ռանալոցս եմք»((Հմմտ. Խորենացի, անդ, էջ 363։))։