Սին խոստումներ. Թուրքիոյ մէջ գտնուող քրիստոնէական եկեղեցիների խնդիրը

  • 21/02/2017
  • Ոսկան Մխիթարեան

  • Նախկին Տնօրէն Մխիթարեան Վարժարանի ի Լոս Անճէլըս

27 Դեկտեմբեր 2016-ին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսի արտաքին կապերու վարչութիւնը, Թուրքիոյ մէջ գտնուող քրիստոնէական եկեղեցիները իրենց սեփականատէրերուն վերադարձնելու կապակցութեամբ օրէնքի նախագիծ մը որդեգրած է:  Նման օրէնքի նախագիծ մը շատ հաւանաբար մեծ ոգեւորութիւն եւ խանդավառութիւն ստեղծած է միամիտներու մօտ, սակայն եւ այնպէս որպէս իրապաշտ մտածող՝ նման սին խոստումներ մեզ չեն կրնար գօտեպնդել ապագայի լաւատեսութեամբ:  Ինչո՞ւ—

Բոլորիս ծանօթ է որ այսօր Միջին Արեւելքի քաղաքական դաշտը նոր անակնկալներու առջեւ կը կանգնի, որովհետեւ խաղադաշտ իջած են գերպետութիւններ՝ Ռուսաստան, Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա, Գերմանիա, Անգլիա, եւ տակաւին ուրիշներ,  որոնք իրենց քաղաքական հաշիւներէն ելլելով նոր մարտավարութեամբ եւ քաղաքական մեծ ախորժակներով Միջին Արեւելքի համար նոր քարտէս մը գծելու նախապատրաստական աշխատանքներուն մէջ են:

Փոքրիկ պատմական ակնարկ մը կը բաւէ ցոյց տալու, թէ այս բոլոր քաղաքական ախորժակները նորութիւններ չեն: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները կառչած են ա՛յն սկզբունքին, թէ Ռուսաստանի սահմանակից երկիրները պէտք է քաղաքականապէս եւ տնտեսապէս հզօր, ինչպէս նաեւ ռազմավարական գետնի վրայ ուժեղ ըլլան՝ պատուար կանգնելու համար Ռուսաստանի եւ անոր արբանեակ երկիրներու  ծաւալողական ախորժակներուն դէմ:

Ահաւասիկ այս քաղաքականութենէն կ’օգտուի Սուլթան Համիտներու  հարազատ ժառանգորդ Թուրքիան՝ աւանդական դարձած իր խորամանկութեամբ, հակառակ իր ներքին քաղաքական տագնապներուն, փտութեան եւ ապականած բարքերու մէջ ընկղմած իր  վարչամեքենային, եւ որ կը մնայ տակաւին Եւրոպական պետութիւններուն չափով մը «սիրելին» ու Ամերիկայի շփացած «բարեկամը»: Հիւսիսային Ատլանտեան ուխտի նիւթական հսկայական օժանդակութիւններու ճամբով ոտքի կը պահուի ոճրագործ Թուրքիան, հակառակ մարդկային իրաւունքներու դէմ իր գործած բոլոր բռնաբարութիւններուն եւ յանցանքներուն:

Ռուսաստանը եւս, իրեն ուղեկից արբանեակ երկիրներուն հետ, Թուրքիոյ հանդէպ որդեգրած է յատուկ քաղաքականութիւն մը՝ ելլելով իր երկրի ընդհանրական շահերէն: Կը ջատագովէ Թուրքիոյ ամբողջականութիւնը, զուգահեռ ընթանալով այդ մասին Ամերիկայի պաշտպանած միեւնոյն սկզբունքին: Ռուսաստան այսօր ո՛չ մէկ հողային պահանջ ունի Թուրքիայէն…:  Հետեւաբար, Ամերիկան իր ուղեկիցներով, Ռուսաստան իրեն կողմնակից պետութիւններով, Թուրքիոյ նկատմամբ տարբեր հեռանկարներ ունենալով հանդերձ երկուքն ալ կը նպաստեն եւ կը սատարեն Թուրքիոյ հողային ամբողջականութիւնը պահպանելու ուղեգիծին: Բայց մինչեւ ե՞րբ…:   Ժամանակը ցոյց կու տայ:

Աւելի խորը թափանցելու համար քաղաքական այս ընդհանուր պատկերին, անհարաժեշտ է յետադարձ ակնարկ մը նետել Ամերիկայի նախագահ Թրումանի (Harry S. Truman) քաղաքական սկզբունքին/վարդապետութեան (The Truman Doctrine), որ Քոնկրէսին աւանդուեցաւ 12 Մարտ 1947 թուականին: Ահաւասիկ նախագահը իր այս յատարարութեամբ կը հաստատէր թէ Միացեալ Նահանգներ քաղաքական եւ տնտեսական օգնութիւն պիտի տրամադրեն բոլոր ռամկավարական (democratic) երկիրներուն:  Նախագահը իր այս յայտարարութեամբ նոր արեւելում մը կու տար Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան, հեռանալով անոր մինչ այդ որդեգրած աւանդական մօտեցումէն – հեռու մնալ այն տագնապալից շրջաններէն,  ուր Միացեալ Նահանգներ ուղղակի կապ ու կենսական շահեր  չունին:

Վերեւ յիշատակուած վարդապետութեան դրդապատճառը Անգլիական Պետութեան յայտարարութիւնն էր, Փետրուար 1947-ին, թէ այդուհետեւ ռազմական եւ տնտեսական օգնութիւն պիտի չցուցաբերեն  Յունական կառավարութեան, որ այդ օրերուն քաղաքացիական պատերազմ կը մղէր ընդդէմ յոյն համայնավար կազմակերպութեան: Նախագահ Թրուման առաջարկեց որ Քոնկրէսը անմիջապէս նեցուկ կանգնի Յոյն կառավարութեան, ընդդէմ համայնավարներուն:  Նոյն ատեն առաջարկեց քոնկրէսին, որ օգնութիւն ընծայէ նաեւ Թուրքիոյ, որովհետեւ Թուրքիան ալ ա՛յն երկիրներէն էր որոնք օգնութիւն կը ստանային Անգլիական կառավարութենէն:

Այդ ժամանակ, Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը կը հաւատար որ Սովետական կառավարութիւնը կ’օժանդակէր յոյն համայնավարներուն, եւ հետեւաբար մտահոգուած էր որ եթէ համայնավարները շահէին Յունաստանի մէջ, Սովետական վարչամեքենան իր ազդեցութիւնը պիտի ունենար Յունաստանի քաղաքականութեան վրայ: Մինչդեռ իրականութիւնը այն էր, որ Խորհրդային ղեկավար Ճոզեֆ Սթալին մերժած էր օգնել յոյն համայնավարներուն եւ իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած էր Եուկոսլաւիոյ վարչապետ Եոսիփ Թիթոյի վրայ:

Սակայն եւ այնպէս կարգ մը այլ ազդակներ պարտադրած էին Նախագահ Թրումանին որպէսզի օգնէր Յոյն եւ Թուրք կառավարութիւններուն: 1946 թուականին կարեւոր չորս իրադարձութիւններ տեղի ունեցած էին որոնք արգելք հանդիսացած էին յետ-պատերազմեան ստեղծուելիք համաձայնութեան Սովետական Միութեան հետ:
ա. Սովետական բանակը չքաշուեցաւ Պարսկաստանէն 1946-ի սկիզբները, ըստ 1943-ի համաձայնագրին (Tehran Declaration of 1943):
բ. Սովետական կառավարութիւնը կը փորձէր ճնշում բանեցնել պարսկական կառավարութեան վրայ, պարսկական քարիւղի արատադրութեան մենաշնորհը (concession) ապահովելու համար, պատրուակ բռնելով որ փոխարէնը՝ Պարսկաստանի հիւսիսային մասին մէջ խմորուող ատերպէյճանական անջատողական շարժուները պիտի խոչընդոտէր:
գ. Սովետական Միութիւնը ճնշում կը բանեցնէր Թուրքիոյ վրայ, որպէսզի պատերազմական կայան եւ ազատ ելեւմուտ ապահովէր Թրքական նեղուցներէն:
դ. Սովետական Միութեան մերժումը Պարուխ Ծրագրին (Baruch plan), առարկելով թէ որեւէ միջազգային արտաքին կազմակերպութիւն չէր կրնար իր հիւլէական ծրագիրները եւ զէնքերը ստուգման ենթարկել:

Ահաւասիկ վերեւ յիշատակուած պատճառները առիթ դարձան որ Անգլիական կառավարութիւնը քաշուի յոյներուն օգնութիւն տալէ, հետեւաբար Նախագահ Թրուման պարտադրուած զգաց Ամերիկեան քաղաքականութեան ուղղութիւնը փոխելու, ու ապա անմիջապէս Քոնկրէսէն խնդրեց որ չորս հարիւր միլիոն տոլարի ($400,000,000) օժանդակութիւն ինչպէս նաեւ զինուորական մասնագէտներ եւ պատերազմական այլ զէնքեր յատկացուին Յոյն եւ Թուրք կառավարութիւններուն:

Նախագահ Թրուման փորձեց արդարացնել իր առաջարկը երկու հաստատումներով: Առաջին՝ Յոյն համայնավարներու քաղաքացիական պատերազմի յաղթանակը կրնայ վտանգել Թուրքոյ քաղաքական կայունութիւնը, նոյն ատեն վտանգելով Միջին Արեւելքի կայունութիւնը: Հետեւաբար նման բան կարելի չէ արտօնել, նկատի ունենալով Ամերիկեան ազգային ապահովութիւնը (national security): Երկրորդ՝ նախագահ Թրուման շեշտեց նաեւ այն իրողութիւնը, թէ Ամերիկեան կառավարութիւնը բարոյական պարտաւորութիւնը ունի պաշտպանելու իրաւունքները այն ժողովուրդներուն, որոնք կը տառապին բռնատիրական վարչութեանց տակ, որովհետեւ բռնատիրական (totalitarian) վարչակարգերու տարածումը կրնայ ականահարել միջազգային խաղաղաութիւնը եւ հետեւաբար Ամերիկայի ապահովութիւնը: Նախագահ Թրուման եզրափակեց ըսելով որ Միացեալ Նահանգներ չեն կրնար ձեռնածալ մնալ Սովետական Միութեան բռնատիրական վարչակարգին ծաւալողական ախորժակներուն դիմաց:

Համաշխարհային առաջին պատերազմի աւարտին, Լօզանի տխրահռչակ դաշնագրով արդէն վերջ տրուած էր «Արեւելեան Հարցին» եւ յօդս ցնդած՝ Հայ ժողովուրդի բոլոր երազանքները Արեւմտահայաստանի եւ Կիլիկիոյ վերաբերեալ:  Հայ ժողովուրդին տրուած բոլոր խոստումները մնացին թուղթի վրայ եւ մեզի կը պակսէր «երկաթեայ շերեփը» մեր բաժինը ստանալու համար միջազգային քաղաքականութեան խոշոր կաթսայէն: Բոլորն ալ լքեցին մեզ որբ ու մինակ:  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու յաջորդական իշխանութիւնները տէր չկանգնեցան մեր արդար դատին, հակառակ նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի (Woodrow Wilson) խոստումներուն: Հետեւաբար հարց տանք թէ ինչի՞ կը ծառայէ ցեղասպանութեան ճանաչման համար մեր թափած աշխատանքները, երբ նոյն այդ պետութիւնները չունին պարկեշտութիւնն ու քաջութիւնը ընդունելու իրենց անցեալի սխալները, նամանաւանդ Ամերիկան որ այսքան ատենէ ի վեր կը մերժէ ճանչնալ ցեղասպանութիւնը որպէս միջազգային կանխամտածուած ոճիր Հայ ժողովուրդի դէմ, իրագործուած՝ Թուրք պետութեան կողմէ: Եւ այս բոլորէն ետք կրնա՞յ ըլլալ որ ան պիտի համաձայնի որ քրիստոնէական եկեղեցիները իրենց սեփականտէրերուն վերադարձուին: Կարելի՞ է այսքան միամիտ ըլլալ: Ե՞րբ պիտի  փարատենք մեր մանկամիտ պատրանքը:

Դժբախտութիւնը շարունակուեցաւ երբ դաշնակից պետութիւնները, ներառեալ Միացեալ Նահանգները,  Լօզանի տխրահռչակ դաշնագրէն ետք չկրցան գործադրել Սեւրի դաշնագրի տրամադրութիւններն  ալ, եւ որպէս տխուր հետեւանք՝ Արեւմտահայաստանը դադրեցաւ քաղաքական խնդիր ըլլալէ:  Յաղթական դաշնակից պետութիւններու համար պատերազմը աւարտած էր եւ Թուրքիան կրնար անգամ մը եւս փայփայել իր «կայսրութիւն» դառնալու Օսմանեան ցանկութիւններն ու երազանքները:

Թուրք պետութեան դէպի Արեւելք եւ Արեւմուտք ընդարձակուելու ցանկութեան արդիւնքն են Յունական կղզիներու հարցը, Հիւսիսային Կիպրոսի գրաւումը, Սուրիոյ սահմաններու բռնաբարումը, Իրաքեան սահմանէն ներս ռազմական գործողութիւնները, Ատրպէյճանական քարոզչական վարչամեքենային հետ  իր համագործակցութիւնը, եւ պատերազմական մասնագէտներով ու զինուորներով իր անսահման մասնակցութիւնը՝ Արցախեան պատերազմին:

Գաղտնիք չէ նաեւ, թէ  հակառակ իր բոլոր ընկերային եւ հասարակական փտութեան, Թուրքիա կը փորձէ նաեւ անդամակցիլ Եւրոպական Միութեան որպէս «քաղաքակիրթ» երկիր: Պարզապէս կարելի է ըսել որ թրքական խորամանկութեամբ եւ պատեհապաշտութեամբ ան կը ցանկայ ընդարձակել իր ազդեցութիւնը որպէս Նաթոյի մէկ անդամը, իր աւելի քան մէկ միլիոն կազմ ու պատրաստ բանակով: Հետեւաբար կարելի է յայտարարել, թէ Թուրքիա միջոցներու մէջ երբեք խտրութիւն չի դներ  եւ չէ դրած հասնելու համար Օսմանեան կայսրութիւնը վերականգնելու իր ցնորածին ախորժակներուն ու երազանքներուն իրականացման:

Թրքական այս ծաւալուն ախորժակներուն դիմաց ի՞նչ կ’ընեն Եւրոպական Միութեան անդամները, եւ մանաւանդ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները: Միջազգային ոյժերու փոխյարաբերութեան եւ ընդհանրապէս միջազգային ներկայ իրականութեան մէջ, ազգային ազատագրական պայքարները—մասնաւորաբար Քրտական հարցը— կը դիտուին  բացառապէս սեփական շահերու անկիւնէն միայն: Նման հարցերու մէջ, գերպետութիւններու համար միջազգային դրամատիրութեան յարուցած առաջադրանքներու նպատակայարմարութիւնն է, որ կը ճշդէ անոնց կեցուածքը:  Այլ խօսքով՝ գերպետութիւնները իրենց սեփական շահով եւ զիրենք հետաքրքրող ծրագիրներու իրականացման կշռոյթով է որ կը ղեկավարուին: Դժբախտաբար այս բոլորը իրենց անդրադարձը կ’ունենան մասնաւորաբար փոքր ժողովուրդներու ճակատագրին եւ կեանքի ընթացքին վրայ:

Փոխյարաբերութիւններու այս մթնոլորտին մէջ, հայապատկան հողերու պահանջատիրութեան որեւէ քայլի դիմաց՝ թէ՛ Թուրքիան եւ թէ՛ զինք հովանաւորող «քաղաքակիրթ» երկիրները, ի մասնաւորի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, Հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքը պաշտպանելու եւ պահանջելու փոխարէն, Թուրքիոյ հողային ամբողջականութիւնը կը ջատագովեն, ելլելով իրենց պետական շահերէն: Ահաւասիկ այս մօտեցումն է, որ հակամարտութեան դաշտը կը խորացնէ եւ յեղափոխական շարժման կը մղէ ճնշուած եւ անիրաւուած ժողովուրդները:

Վերեւ յիշատակուած ծիրին մէջ նամանաւանդ ներկայ հանգրուանին յատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ քրտական հարցը: Դժբախտաբար մինչեւ այսօր քրտական մարտական ոյժերու անմիաբանութիւնն ու անոնց միջեւ գործակցութեան պակասը  աննշան յաջողութիւններու հասցուցած է զիրենք: Գիտակցելով հանդերձ ներկայ իրական պայմաններու անփառունակ վիճակին, պէտք է իմանանք որ Հայկական հարցը Թուրքիոյ մէջ այն աստիճան հիւսուած է Քրտական հարցին հետ, որ հայ-քրտական ծրագրուած եւ հաւասարակշռուած գործակցութիւն մը միայն կրնայ շահ ապահովել երկու կողմերուն:

Եւ որպէսզի յիշատակուած գործակցութիւնը իր գործնական արտայայտութիւնն ու ուժականութիւնը ունենայ հայ կեանքի ու մանաւանդ սփիւռքահայ կեանքի մերօրեայ պայմաններուն մէջ, պէտք է ուժեղացնել սփիւռքը իր կազմակերպչական բոլոր աշխատանքներուն մէջ եւ ստեղծել կեդրոնացած միացեալ համահայկական մարմին մը աշխուժացնելու համար հայ-քրտական ծրագրուած գործակցութիւնը, ստեղծելով վստահութեան մթնոլորտ, անցեալին գործուած սխալները միասնաբար սրբագրելու առաջադրանքով:

Անգամ մը եւս կ’արժէ յիշատակել եւ թարմացնել մեր յիշողութիւնը, թէ երբ գերպետութիւններ յաղթական դուրս եկան Առաջին համաշխարհային պատերազմէն, յայտարարեցին որ պատժական դատարաններու առջեւ պիտի քաշեն պատերազմին հեղինակներն ու ոճրագործները:  Առաջինը եղաւ Ֆրանսան, որ անմիջապէս 2 Սեպտեմբեր 1914-ին մասնաւոր յանձնախումբ մը կազմեց, որուն պաշտօնը պիտի ըլլար հետապնդել ոճրային արարքները:  Ազդարարեցին նաեւ Բարձրագոյն Դրան, որ դաշնակից պետութիւնները գործուած ոճիրներուն համար պատասխանատու պիտի բռնեն օսմանեան կառավարութեան բոլոր անդամները, ինչպէս նաեւ անոր գործակալներէն անոնք՝ որ մեղսակից պիտի նկատուէին ջարդերուն մէջ:  Ամէն ինչ թուղթի վրայ մնաց…

Նոյնիսկ Նախագահ Ուիլսըն, 1918-ին յայտարարեց որ «ուշ կամ կանուխ Թուրքիան դատաստանի պիտի բերուի, իր արարքներուն հաշիւ տալու համար»: 25   Յունուար 1919-ին դաշնակից երկիրները  15 անդամներէ բաղկացած յաձնաժողով մը կազմեցին պատժական դատի կանչելու համար գերմանացի եւ թուրք պատերազմական ոճրագործները:  Ո՛չ միայն գերմանացիները, այլեւ թուրք ոճրագործները եւս անպատիժ մնացին: Ճիշդ է որ Թալէաթ, Էնվէր, Ճեմալ եւ Տոքթ. Նազըմ մահուան դատապարտուեցան Պոլսոյ մէջ անգլիացի դատաւորներէ կազմուած զինուորական ատեանի մը կողմէ, բայց այդ մահավճիռը չգործադրուեցաւ ի՜նչ-ի՜նչ հաշիւներով:

Ինչպէս վերեւ յիշատակեցինք, դաշնակից տէրութիւններէն ո՛չ մէկը պիտի յիշէր այլեւս, թէ պատերազմի սկիզբէն իսկ թուրք կառավարութեան պաշտօնապէս ազդարարած էին որ «անձնապէս պատասխանատու պիտի բռնէին օսմանեան կառավարութեան բոլոր անդամները, ինչպէս նաեւ իրենց մեղսակից գործակալները»: Դաշնակից տէրութեանց թերացումով, թուրքերը անմիջապէս վերսկսան իրենց զանգուածային ոճիրները՝ զինադադարէն հազիւ մէկ-երկու տարի ետք: Բացորոշ է որ քեմալական նոր ցեղասպանութիւնը տեղի չէր ունենար, եթէ Անգլիան եւ Ֆրանսան փոխն ի փոխ չօգնէին թուրքերուն:

Մուսթաֆա Քեմալ, օգտուելով Դաշնակից տէրութեանց թերացումէն, զինուորական ոյժ վերակազմեց եւ ամէն տեղ ըմբոստութեան շաժումներ ստեղծեց եւ շուտով պատուհաս դարձաւ ամողջ տարածաշրջանին մէջ: Ո՛չ միայն հայ եւ յոյն ջարդեց, այլ եւ մեծ թիւով Ֆրանսացի զինուրականներ ալ սպաննեց մասնաւորաբար Կիլիկիոյ մէջ (որմէ ետք տեղի ունեցաւ Կիլիկիոյ պարպումը), իւրացնելով հսկայական քանակութեամբ զէնք ու ռազմամթերք, եւ ինքզինք պարտադրեց որպէս Թուրքիոյ կանոնաւոր օրինական իշխանութիւն: Այս բոլորին որպէս հետեւանք, Ֆրանսան կորսնցուց դարերէ ի վեր իր վայելած քաղաքական դիրքն ու վարկը, մասնաւորաբար Միջին Արեւելքի մէջ:

Հարիւրամեակ մը անշուշտ բաւական չէր որպէսզի մոռացութեան տրուէր հայ ժողովուրդին ցեղասպանութիւնը, եւ ո՛չ ալ յաջորդ հարիւրամեակը կրնայ մեզի մոռցնել տալ մեր ցիրուցան ժողովուրդի արհաւիրքներն ու տառապանքները՝ այնքան ատեն որ չենք վերատիրացած մեզմէ յափշտակուած հողերուն եւ անոնց վրայ տակաւին կանգուն մնացող հոգեւոր ու մշակութային կոթողներուն, որքան ատեն որ չենք հատուցուած յաւէտ կործանուած, կորսուած, փճացած մեր նիւթական թէ՛ հոգեմտաւոր հարստութեանց համար, եւ արդարութիւնը վերջնականօրէն չէ  վերականգնած: Պատմութիւնը կարելի չէ չարափոխել, ինչ որ այսօր կը փորձեն կատարել թուրք պատմաբաններ, ո՛չ ալ կարելի է զայն մոռնալ կամ ուրանալ, որովհետեւ արձանագրուած է ան ո՛չ միայն մեր ժողովուրդի յիշողութեան մէջ, այլեւ շատ յաճախ բազմաթիւ օտար լեզուներով՝ բազմահազար հատորներու մէջ, ականատեսներու պաշտօնական եւ վաւերական անհերքելի վկայութիւններով:

Թուրք պետութեան ղեկավարութեամբ եւ քաջալերանքով բազմաթիւ հատորներ հրատարակուեցան անցեալին, հերքելու համար հայոց ցեղասպանութիւնը: Թուրքեր գիտեն ստել, նենգափոխել ճշմարտութիւնը ու կը փորձեն համոզել եւ խաբել նամանաւանդ օտարները, որոնք այդքան ալ քաջածանօթ չեն հայ ժողովուրդի պատմութեան: Բոլորիս ծանօթ է որ թուրքը հանրային կարծիքին կարեւորութիւն չի տար: Բայց կրնա՞յ ըլլալ որ օտար պատմագիրներ եւ դիւանագէտներ հաւատան յօրինուած նոր սուտերուն եւ թրքական նոր աղբիւրներու տեսակէտներուն:

Քաջածանօթ ենք թուրքական նորելուկ պատմագրութեան, ուր յաճախ կը կրկնուի, թէ հայերն են որ թուրքերուն ջարդած են, թէ Արեւելեան վեց նահանգները հազարամեակներէ ի վեր թուրքին հայրենիքը եղած են, բայց ո՛չ երբեք հայկական: Ու նման պատմական այլանդակութիւններով կը փորձեն հանրային կարծիք ստեղծել: Պատմական աղբիւրներ    կը վկայեն, թէ հայ ժողովուրդը Արեւելեան նահանգներուն մէջ ո՛չ միայն ապրած է հազարաւոր տարիներէ ի վեր, այլեւ մշակած, պահպանած ու թագաւորութիւններ հաստատած է այդտեղ:

Միջազգային արժէք ներկայացնող բազմաթիւ օտար պատմագէտներ հսկայ գրադարան մը լեցնելու չափ հատորներ հրատարակած են հայոց ծագումին, մշակոյթին ու լեզուի մասին: Բոլորն ալ անխտիր կը վկայեն թէ այդ նահանգները անգիր ժամանակներէ ի վեր հայ ժողովուրդին հայրենիքը եղած են: Այստեղ կ’արժէ յիշատակել Ֆրանսացի պամաբան Ժաք տը Մորկանի հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Հայաստանի մէջ գտնուեցան առաջին անգամ ըլլալով պղինձն ու երկաթը եւ հոն է որ ծնունդ առաւ երկաթի ճարտարարուեստը քսան դար առաջ՝ նախ քան Քրիստոս:  Մինչ Ասիոյ խորերէն եկած թուրքերը Հայաստան մտան 14-րդ դարէն ի վեր միայն»:

Առաջին համաշխարհային առաջին պատերազմին, Կարսն ու Արտահանը մաս կը կազմէին «ռուսական» Հայաստանին, եւ միայն 1922-ին էր որ բռնագրաւուեցան թուրքերէն: Մինչ միւս չորս նահանգները հայոց տրուեցան Սեւրի դաշնագրին 89-րդ յօդուածին համաձայն: Անվիճելի իրողութիւն է, որ վերոյիշեալ վեց նահանգները աւելի քան երեք հազար տարի մաս կազմած են Հայաստանի, իսկ եթէ այսօր հայեր չկան այդտեղ, պատճառը հալածանքներն ու ցեղասպանական անմարդկային ջարդերն են: Պիտի եզրակացնենք ըսելով. արդար իրաւունք մը չի՛ կրնար ոճիրով խլուիլ:

Վերեւ յիշատակուած դառն իրականութիւնները, մեզի ըսել կու տան, թէ մեր ազգային իրաւունքներուն ու դատին գոհացուցիչ լուծումը շա՜տ աւելի դժուար կացութեան մէջ կը գտնուի այսօր, որովհետեւ Թուրքիան քաղաքական թէ զինուորական պաշտպանութիւնը կը վայելէ Նաթոյի երկիրներուն եւ նամանաւանդ Միացեալ Նահանգներուն, որոնք առատաձեռնօրէն կը զինեն զայն, զանազան հաշիւներով: Չմոռնանք յիշեցնելու այստեղ, թէ բռնագրաւուած հայկական հողերու վրայ կան այսօր եւրոպական եւ մանաւանդ ամերիկեան զինուորական կայաններ:

Այս բոլոր տուեալներով հանդերձ, մեր իրաւունքը, մեր դատն ու պահանջները կը մնան անժխտելի: Թէ ե՞րբ կ’իրականանան մեր պահանջները, այդ ալ ժամանակը ցոյց կու տայ:  Կարեւորը ա՛յն է որ մենք չյուսահատինք, որովհետեւ յուսահատութիւնը ժողովուրդներու համար կորուստի նշանակութիւն ունի: Այսօր մեր պայքարը քաղաքական է, որովհետեւ զէնքով կարելի չէ լուծել այդ դատը: Պէտք է արմատացնել մեր մէջ այն համոզումը՝ թէ այնքան ատեն որ հայը կ’ապրի, պիտի չլքէ իր իրաւունքները:  Թուրքիան ալ պիտի չկարենայ մաքրուիլ իր ոճրապարտ ժառանգութենէն, տխուր անցեալէ մը, առանց գոհացում տալու հայկական պահանջներուն:

Վեց դարերու դաժան տիրապետութենէն մինչեւ Ապրիլ 24-ը՝ թուրքեր մեզմէ անհամեմատօրէն զօրաւոր եղած են, նամանաւանդ անօրէն եւ անողորմ: Անդադրում հալածանքներ մեր ժողովուրդի կեանքը վերածած են դժոխքի. չկար կեանքի, ինչքի եւ պատիւի ապահովութիւն: Զրկուած՝ զէնքով դիմադրելու կարելիութիւններէն, ո՛չ այդքան խորամանկ եւ դիւանագէտ՝ որքան թուրքը, հայը զգացականօրէն կը մօտենար ազգային հաւաքական գործերուն: Քաղաքական գործերու մէջ մեր բացարձակ անփորձութիւնը չէր կրնար սատարել մեր արդար դատի յաջողութեան:

Դժբախտաբար այսօր, մեր արդար դատին եւ հողային պահանջքներուն ամենատկար կողմը մեր թիւին բացակայութիւնն է հայրենի հողին վրայ: Իրողութիւն մը, որ մեզ պէտք է մղէ համախմբուելու եւ լրջօրէն մտածելու թէ ինչպէ՛ս կրնանք զարթօնք մը սկսիլ բռնագրաւեալ հայկական գաւառներուն մէջ, թէկուզ թրքացած եւ քրտացած հայերով: Իսկ այս բոլորը իրագործելի կը դառնան ո՛չ թէ ճառերով, այլ քաղաքական կեանքի մէջ ցուցաբերելով մեր ոյժն ու գիտական-նիւթական միջոցները, առեւտրական շահեր ապահովելով մեր դատի կողմնակիցներուն:

Աշխարհը մղող ոյժը այսօր առեւտրական շահերն են, որովհետեւ բոլոր Արեւմտեան կառավարութիւնները կ’ենթարկուին շահամոլական պայմաններուն: Օրինակի համար, վերջին Համաշխարհային պատերազմին, ամերիկեան ընկերութիւններ քարիւղ հայթայթեցին Ճափոնին: Նոյն շրջանին, դարձեալ, ամերիկացի ճարտարագէտներ աշխատեցան ճափոնական նաւերու վրայ, որոնք յետագային յարձակեցան Միացեալ Նահանգներու պատերազմական նաւատորմիղին վրայ եւ մահացու հարուած տուին անոր՝ Փըրլ Հարպըրի մէջ: Նոյնը ըրաւ Գերմանիան: Նկատի ունենալով որ բաւականաչափ քարիւղ չունէր պատերազմի ընթացքին, Սպանիոյ ճամբով, ի շարս կենսական այլ ռազմանիւթերու, Փորթուկալի մէջ հաստատուած Անգլիական ընկերութիւններէն կը գնէր հարկ եղած քարիւղը: Նոյնը ըրին ամերիկեան մեծ ընկերութիւններ, որոնք քիմիական ապրանքներ ծախեցին Գերմանիոյ: Եւ այս բոլորը զանազան պատրուակներով ծածուկ պահուեցան, որովհետեւ առեւտրական շահերը ամէն բանէ վեր կը մնան:

Վերեւ յիշատակուած իւրանքաչիւր նկատողութիւն, պէտք է մեզի առիթ տայ անդրադառնալու եւ իրատես դառնալու, թէ ինչո՛ւ հայ ժողովուրդին արդար դատը հատուցում եւ լուծում չստացաւ, եւ որպէս լքուած ժողովուրդ՝ ստեղծուեցաւ սփիւռքը: Ահաւասիկ հասունութեան կոչը հայ ժողովուրդին, թէ ժամանակը հասած է ստեղծելու ներկայացուցչական համազգային կեդրոնական մարմին մը, առանց հատուածական, կուսակցական, յարանուանական խտրութեան, հողային եւ հատուցումի արդար պահանջքներ ներկայացնելու Թուրք կառավարութեան:

Ապրիլ 24-ի հարիւրամեակը, մեզմէ իւրաքանչիւրին վրայ կը դնէ բարոյական պարտականութիւն մը՝ անկեղծօրէն եւ իրատեսօրէն մտածելու ապագայի մասին, նամանաւանդ երբ ճերմակ ջարդը լրջօրէն կը սպառնայ սփիւռքին: Նայելու ենք ներկային՝ պատրաստելու համար մեր ապագան, որոշելու թէ ի՞նչ պարտինք ընել եւ ի՞նչ կրնանք ընել կեդրոնացած միացեալ ոյժերով: Ինչ որ մինչեւ այսօր իրագործեցինք սփիւռքի մէջ, հոյակապ իրագործումներ են, անհերքելի վկայութիւններ են մեր ազգային վճռակամ տոկութեան, վերապրելու եւ գոյատեւելու յստակ առաջադրութեամբ, եւ սակայն… տակաւին շատ բան ունինք ընելիք:

Վերադառնանք մեզմէ յափշտակուածներուն:

Համաշխարհային առաջին պատերազմի աւարտին, յաղթական դաշնակից երկիրները 28 Յունիս 1919-ի Փարիզի հաշտութեան խորհրդաժողովին (Paris Peace Conference), որ ծանօթ է նաեւ Վերսայի հաշտութեան խորհրդաժողով անունով (Versailles Peace Conference), հաշտութեան պայմաններ պարտադրեցին պարտեալ կողմերուն:  Երեսուներկու տարբեր երկիրներ մասնակցեցան այս խորհրդաժողովին, որուն կարեւորագոյն որոշումներէն մէկը եղաւ Ազգերու Լիկային (League of Nations) ստեղծումը: Ահաւասիկ ա՛յս ժողովին էր որ հայկական պատուիրակութիւնը ներկայացուց  3.7 պիլիոն տոլար արժողութեամբ (այսօրուան արժողութեամբ 51 պիլիոն Ամերիկեան տոլար) հսկայական ցուցակ մը՝ Հայ Եկեղեցիէն բռնագրաւուած ու կողոպտուած կալուածներու: Իսկ Փետրուար 1920-ին ներկայացուց ա՛յլ ցուցակ մը հայ ժողովուրդէն բռնագրաւուած եւ կողոպտուած կալուածներուն՝ Օսմանեան պետութեան կողմէ:

Խորհրդաժողովին յանձնուած ցուցակները յստակօրէն կը ներկայացնէին Օսմանեան պետութեան կողմէ կործանուած 2000 եկեղեցիներու եւ 200 վանքերու ցանկ մը, ինչպէս նաեւ նիւթական հատուցման պահանջ՝ բոլոր կողոպտուած, բռնագաւուած, կործանուած եւ սեփականացուած անձնական կալուածներուն համար: Թրքական պետութիւնը ո՛չ մէկ ձեւով պատասխանեց ներկայացուած խնդրագրին եւ հետեւաբար հատուցման հարցն ալ մնաց թուղթի վրայ:

Բռնագրուած հայկական կալուածներուն հարցը ներկայացուեցաւ զանազան այլ խորհրդաժողովներու մէջ եւս: Օրինակի համար, Պաթումի 4 Յունիս 1918-ի խորհրդաժողովին, Սեւրի 10  Օգոստոս 1920-ի խորհրդաժողովին, ուր շատ յստակ կերպով, նամանաւանդ 144-րդ յօդուածի տրամադրութեան համաձայն, Թուրքիա պարտաւոր էր չեղեալ նկատել, ջնջել իր կալուածներու բռնագրաւման օրէնքը: Դժբախտաբար սակայն այս բոլորը չգործադրուեցան եւ ամէն ինչ խորտակուեցաւ Լօզանի 24 Յուլիս 1923-ի խորհրդաժողովով:

Բոլորիս ծանօթ է ա՛յն իրողութիւնը, որ հայերէն բռնագրաւուած կալուածաթուղթերը ինչպէս նաեւ հսկայական գումարներ եւ թանկագին մետաղներ (ոսկի, արծաթ, ադամանդ եւ թանկագին այլ քարեր)  ի պահ դրուեցան օսմանեան, գերմանական եւ աւստրիական դրամատուներու մէջ: Այս մասին իրենց վկայութիւնները կու տան Անգլիոյ արտաքին գործոց նախարարներ՝ Սթէնլի Պոլտուին եւ Հերպըրթ Հէնրի Ասքուիթ (Stanley Baldwin,  H. H. Asquith), թէ երեսուն հազար քիլոկրամ ոսկի օսմանեան կառավարութեան կողմէ 1916-ին փոխանցուած է Պերլինի Ռայխսպանքին (Reichsbank):

Թուրքիոյ 1923-ի անկախացումէն ետք բռնագրաւումները շարունակուեցան տարբեր պատրուակներու տակ այս անգամ: Եթէ անցեալին յատարարեցին թէ կը բռնագրաւեն «տեղահանուած» անհատներու կալուածները, այս անգամ յատարարեցին թէ կը բռնագրաւեն «կորսուած կամ հեռացած» անհատներու կալուածները:  15 Ապրիլ 1923-ի Լօզանի խորհրդաժողովի նախօրեակին, թուրք կառավարութիւնը ի զօրու յայտարարեց «լքուած կալուածներու» օրէնքը եւ որպէս հետեւանք, առանց նկատի ունենալու հանգամանքներն ու պարագաները, բռնագրաւեց բոլոր կալուածները ա՛յն հայերուն, որոնք իրենց կալուածներուն վրայ չէին ապրեր:

Վերեւ յիշատակուածները կարծէք չէին բաւեր՝  23 Մայիս 1927-ին թրքական կառավարութիւնը ի գործ դրաւ նոր օրէնք մը, ըստ որուն բոլոր անոնք որոնք քեմալական անկախութեան պատերազմին հեռացած էին երկրէն եւ չէին վերադարձած մինչեւ 24 Յուլիս 1923՝ կը զրկուէին թրքական հպատակութենէ:  Այս տխրահռչակ օրէնքին յաջորդեց 28 Մայիս 1928-ի օրէնքը, ըստ որուն բոլոր անոնք որոնք կորսնցուցած էին իրենց քաղաքացիութիւնը՝ պիտի արտաքսուէին երկրէն, պիտի բռնագրաւուէին անոնց կալուածները եւ այդտեղ պիտի բնակեցուէին գաղթական թուրքեր:

Համաշխարհային երկրորդ պատերազմի նախօրեակին եւս, թրքական կառավարութիւնը «Վարլըգ վէրկիսի» («Ունեւորութեան Տուրք») անուամբ ծանօթ իր հարկային տխրահռչակ նոր օրէնքով՝ թիրախ դարձուց երկրին փոքրամասնութիւնները:  Բոլոր անոնք որոնք չկրցան վճարել իրենց վրայ դրուած անմարդկային ծանր հարկերը, պարտաւորուած եղան աճուրդի միջոցաւ ծախելու իրենց կալուածները շուկայական գիներէն շատ աւելի պակաս արժէքով: Իսկ անոնք որոնք չկրցան ծախել, կառավարութիւնը բռնագրաւեց անոնց կալուածները, փոխան հարկային վճարումի:

Այս տխուր դէպքերուն յաջորդեցին Պոլսոյ մէջ 6–7 Սեպտեմբեր 1955-ի խուժանային յարձակումները մասնաւորաբար հայերու եւ յոյներու դէմ:  Այս բոլորին արդիւնքը եղաւ այն, որ 5317 կալուածներ (4214 տուն, 1004 աշխատանոց, 73 եկեղեցի, 2 վանք, 1 սինակոկ, եւ 26 դպրոցներ) աւերուեցան: Թուրք պետութեան համաձայն, յարձակող խուժանները, մօտաւորապէս 25 միլիոն տոլարի, անգլիական աղբիւրներու հաշուարկութեամբ՝ աւելի քան 200 միլիոն տոլարի, իսկ Միացեալ Ազգերու հաշուարակութեամբ 150 միլիոն տոլարի վնաս պատճառեցին:

Այս բոլորին վրայ եկաւ աւելնալու 1960-ի թիւ 903 նոր օրէնքը, որուն համաձայն՝ հայեր չէին կրնար ունենալ նոր հաստատութիւններ եւ ո՛չ ալ կրնային գնել կամ կտակել կալուածներ: Այս բոլորը անշուշտ հակառակ էին Լօզանի խորհրդաժողովին մէջ արձանգրուած փոքրամասնութիւններու իրաւունքին, ինչպէս նաեւ Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Խորհրդաժողովի (European Convention of Human Rights) տասնմէկերորդ յօդուածին, որուն համաձայն «ազատութիւն կը շնորհուէր բոլոր անոնց, որոնք կը փափաքէին կազմակերպութիւններ ունենալ եւ ժողովներ գումարել»:

1974-ի նոր օրէնքով, ոչ-իսլամներ պիտի չկարենային յաւելեալ կալուածներ ունենալ, բացի անոնցմէ որոնք արդէն կալուածներ ունէին արձանագրուած իրենց անուան տակ՝ 1936-ին: Այս նոր օրէնքին տխուր հետեւանքը եղաւ ա՛յն, որ հայ գաղութը կորսնցուց աւելի քան 1400 կալուածներ – ներառեալ՝ եկեղեցիներ, դպրոցներ, բնակելի շէնքեր, հիւանդանոցներ, ամառնային ճամբարներ, գերեզմանատուներ եւ որբանոցներ – որոնք արձանագրուած էին 1936-էն ետք:

Այս բոլորով ուզեցինք ցոյց տալ, որ այս դիտաւորեալ բոլոր դժուարութիւնները ստեղծուեցան հայերու վիճակը դժոխային դարձնելու համար Թուրքիոյ մէջ: Եւ այս բոլորին որպէս հետեւանք՝ ո՛չ մէկ հայկական նոր եկեղեցի կառուցուեցաւ ամբողջ Թուրքիոյ տարածքին: Գոյութիւն ունեցող բոլոր եկեղեցիներն ալ կառուցուած են նախ քան 1923 թուականը: Միայն Դեկտեմբեր 2012 թուականին արտօնուեցաւ որ ասորիներ կառուցանեն իրենց նոր եկեղեցին, բայց ատիկա չիրականացաւ երբ ասորիներ իմացան, թէ ա՛յն  հողը որուն վրայ պիտի կառուցանէին իրենց եկեղեցին՝ նախապէս եղած էր լատինական գերեզմանատուն:

Թող տարօրինակ չթուի մեր ընթերցողներուն երբ կ’արձանագրենք այստեղ, թէ 15  Յունիս 2011-ին, Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործերու յանձնաժողովը (United States House Foreign Affairs Committee) նախագիծ մը որդեգրեց մեծամասնութեան քուէով, թէ պիտի պահանջէր Թուրքիայէն որ «ապահով պահէր քրիստոնէական ժառանգները եւ վերադարձնէր բռնագրաւուած եկեղեցական կալուածները»: Հիմա նորէն հարց տանք մեր ընթերցողներուն, թէ ի՞նչ նշանակութիւն եւ կամ կարեւորութիւն ունի նոր նախագիծի մը որդեգրումը՝ երբ հինգ տարիներ առաջ որդեգրուած նախագիծը չիրականացաւ եւ կեանքի չկոչուեցաւ:  Պէտ՞ք է հաւատալ սին խոստումներու…: