Եթէ դրական նշաններ չըլլան, կրնամ հրաժարական տալ. Գարեգին արք. Պեքճեան

  • 03/05/2017

arevelk.am   (2.05.2017)

Գերմանիոյ հայոց առաջնորդ Տ. Գարեգին արք. Պեքճեան, որ ներկայս Գերմանիա կը գտնուի, «Հայ Ձայն»ին հետ զրոյցի ընթացքին, Պոլսոյ պատրիարքութեան տեղապահի պաշտօնէն հրաժարելու մասին խօսք ընելով, յայտնած է. «Նախքան տեղապահ ընտրուիլս չէի ենթադրեր, որ նման կացութեան առջեւ պիտի յայտնուիմ ու այսօր եթէ որոշ կողմերու կառավարական մարմիններուն հետ ըրած շփումները դրական արդիւնքներու չյանգին, ապա ես կրնամ իմ հրաժարականս տալ»:

Ամբողջական տեքստ