«Անգարա երբեք պիտի չուզէ Պատրիարքական աթոռին վրայ տեսնել մէկը, որ ընդունելի կրօնական գործիչ մը չէ հայութեան համար». Տէր Խաժակ Արք. Պարսամեան

  • 10/02/2018

haydzayn.am  (7.02.2018)

Վերջին մէկ տարուան ընթացքին հայութեան օրակարգին վրայ կարեւոր տեղ զբաղեցուց Պոլսոյ նոր պատրիարքի ընտրութեան հարցը: Ինչպէս գիտենք, 9 տարիներէ ի վեր Պոլսոյ Տէր Մեսրոպ Արք. Մութաֆեան Պատրիարքի հիւանդութեան հետեւանքով Աթոռը յայտնուած էր թափուր վիճակի մէջ: Շուրջ տարի մը առաջ՝ 15 Մարտ 2017-ին, Պոլսոյ Միաբանութեան Կրօնական Ժողովը փակ նիստ մը գումարելով՝ Գերմանիոյ Առաջնորդ Գարեգին Արք. Պեքճեանը ընտրեց տեղապահ:

Տէր Գարեգին սրբազանի գլխաւոր պարտականութիւնն էր հետամուտ ըլլալ եւ աշխատանքներ տանիլ արագօրէն կազմակերպելու պատրիարքական ընտրութիւնը: Սակայն այդ ընտրութենէն 11 ամիս անց իրավիճակը կը շարունկէ նմալ նոյնը եւ ցայսօր ալ կը դժուարանանք ըսել, թէ երբ պիտի ընտրուի Պոլսոյ յաջորդ 85-րդ պատրիարքը:

Օրերս մայր Աթոռ կը գտնուէր Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Տէր Խաժակ Արք. Պարսամեանը եւ այս առիթով «Հայ Ձայն» սրբազան հօր հետ հարցազրոյց մը ունեցաւ, որուն ընդհանուր առանցքը յատկացուած էր մասնաւորապէս Պոլսոյ Պատրիարքութեան ընդհանուր իրավիճակին, ինչպէս նաեւ Պատրիրաքի ընտրութեան գործընթացին:

-Աստուած օգնական Սրբազան հայր: Նախ ի՞նչ առիթով կը գտնուիք Մայր Աթոռ:

Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին գտնուելու առիթը Էքիւմենիք հերթական ժողով մըն է, որուն կը մասնակցիմ որպէս Մայր Աթոռի ներկայացուցիչներէն մէկը, տրուած ըլլալով որ բաւական երկար ժամանակէ ալ կը հետեւիմ միջ-դաւանական ժողովներու:

Ամբողջական տեքստ