Հայոց Պատրիարքարանի մէջ պատմական շնորհանդէս

  • 05/02/2018

armchurch.info

Հայոց Պատրիարքարանի Դահլիճին մէջ, 3 Փետրուար 2018, Շաբաթ, ժամը 11.00-ին, տեղի ունեցաւ “Christianity Fundamental Teachings” (Հիմնական սկզբունքներ Քրիստոնէական Կրօնի) գիրքին շնորահանդէսը, որ պատմական նշանակութիւն ունի համաքրիստոնէական ծիրէն ներս։ Յիշեալ գիրքը Անգլերէն թարգմանութիւնն է, 2015-ին հրատարակուած “Temel İlkeleriyle Hristiyanlık” աշխատութեան, որ եզակի բնոյթ ունէր իր պարունակութեամբ։ Անգլերէն Գիրքը եւս հրատարակութեան պատրաստուած է Թուրքիոյ Եկեղեցիներու Հասարակաց Յանձնախումբի աշխատութեամբ եւ հրատարակուած՝ Սուրբ Գրոց Ընկերութեան կողմէ։

Ամբողջական տեքստ