Պատահական համարուած հանդիպումները յաճախ կը դառնան մշտական բարեկամութեան մը նախասկիզբ: Այս խօսքը ամենէն շատ կը համընկնի Տ. Գուսան Վրդ. Ալճանեանին հետ ունեցած հանդիպումիս, որ սկիզբ առաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսաշող յարկին տակ եւ ցայսօր ալ կը շարունակուի անխափան կերպով ու հաստատուն հիմքերու վրայ: Վարդապետին հետ մեր խօսակցութեան մէջ կային մտերմութիւն մը կառուցող բազում դիտականկիւններ, որոնցմէ հարկ է նշել Միջին Արեւելքի ընդհանուր իրավիճակը, Երուսաղէմի եւ Պոլսոյ պատրիարքութիւնները յուզող հարցերը, հուսկ՝ մեր եկեղեցւոյ ընդհանուր պատկերը, ու Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի այսօր-ւան ծաղկուն վիճակն ու ապագայի մարտահրաւէրները:
Հայր Սուրբը ծնած ըլլալով հայոց պատմական բնակավայրերէն մէկուն՝ Սասունի մէջ, ինքզինք միշտ ալ մօտիկ զգացած է թրքահայութեան: Ու ակներեւ է նաեւ, որ Թուրքիոյ մէջ ապրող մեր պատմական համայնքի ընդհանուր պատկերն ու համայնքին առջեւ ցցուած խնդիրները նոյնպէս կը յուզեն զինք: