«Հայրենիքին ընդհանրական, գերագոյն ու մնայուն շահերը հարկ է վեր նկատել կուսակցական ու ժամանակաւոր շահերէ»․ Արամ Ա. Կաթողիկոս

  • 04/10/2018

arevelk.am

Մտահոգութեամբ կը հետեւինք Հայաստանէն ներս տեղի ունեցող վերջին զարգացումներուն։ Սփիւռքը դիտողի կրաւորական ու անտարբեր վիճակին մէջ չի կրնար ըլլալ։ Սփիւռքը Հայաստանի անանջատելի մասը կը կազմէ։ Ան ընելիք ու ըսելիք ունի հայրենիքը դիմագրաւող մարտահրաւէրներուն ու տագնապներուն նկատմամբ։ Հայրենիքին ընդհանրական, մնայուն ու գերագոյն շահերը պէտք է գերիվեր նկատել անհատական թէ կուսակցական, կողմնակի թէ ժամանակաւոր շահերէն: Հայրենիքը, ամէն գնով, ի պահանջել հարկին փոխադարձ զիջումներով, հարկ է հեռու պահել ներքին վերիվայրումներէ ու վտանգալից կացութիւններէ: Փոխադարձ ամբաստանութեամբ, արհամարհանքով ու անվստահութեամբ տիրապետուած ներկայ քաղաքական մշակոյթը պէտք է տեղի տայ՝ փոխադարձ սիրոյ, հանդուրժողութեան ու յարգանքի մշակոյթին, ինչպէս նաեւ բաժանարար մօտեցումները՝ միարար մտածողութեան ու հաւաքական որոշումներու դիմաց։

Ամբողջական տեքստ