Աքսորի Աստուածաբանութիւն

  • 30/05/2017
  • Նորվան Արքեպիսկոպոս Զաքարեան

տեսակէտ մը

Ինչպէ՞ս խօսիլ աքսորի կամ տարագրութեան աստուածաբանութեան մասին, երբ մինչեւ օրս նման աշխատութիւն չէ մշակուած Հայ Եկեղեցւոյ աստուածաբանական կալուածէն ներս։ Չէ՛ գործադրուած նոյնպէս մեկնաբանական աշխատանք։ Չէ՛ օգտագործուած ցեղասպանութեան կամ ողջակիզումի մասին արդէն գրուած օտար գրութիւններ, որոնց ուսոմնասիրութեամբ կարելի ըլլար ուղղակի կամ անուղղակի կարծիք մը կազմել, տեսակէտ մը ունենալ աքսորի աստուածաբանութեան հայկական մտածելակերպին։

Այս երեւոյթը արդար զարմացում կը յառաջացնէ երբ նկատի ունենանք որ դարէ մը ի վեր, վերջին տարագրութեան օրերէն ասդին, մեր ժողովուրդին մէկ մասը բնաջնջման եւ անորակելի բռնագաղթի մը հետեւանք՝ դարձացած է աքսորական։ Այս դէպքերէն տուժած է նաեւ Եկեղեցին, իբրեւ հոգեւոր եւ նիւթեղէն կազմակերպութիւն։ Ուրեմն՝ մենք մեր առջեւ ունինք աքսորի դրութիւն, բայց զուրկ ենք անհրաժեշտ աստուածաբանական մտածողութենէն։

Հայ կրօնական մտածողներու նայուածքէն սայթաքու՞մ մըն է այս անհետաքրքրութիւնը, թէ ոչ գիտակցուած անտեսում մը, ենթադրելով թէ տարագրութեան աստուածաբանութիւնը չի կրնար յղանալի եզր մը ըլլալ, կամ ալ համարելով զայն նոյնիսկ անկարելի տարազ մը Քրիստոսի յարութենէն ետք։ Այսուհանդերձ մարդեր կան մեր օրերուն որոնց փոյթը չէ աստուածաբանական թերմինները կամ տարազները, անոնք իրենց մտքին մէջ որոշ թիւով հարցականի տակ դրուած հարցումներ ունին՝ ջարդերէն բխող եւ պատասխանի սպասող։

Հրատարակուած օտար աշխատութիւնները որոնք թէեւ կը խօսին «Շոհա»‐է, ողջակիզումէ, բրտութենէ, աստուածային լռութենէ, բռնութենէ, սփիւռքի մէջ գործող եկեղեցիէ, բայց այդ գրութիւնները չեն կրեր բնաւ «աքսորի կամ տարագրութեան աստուածաբանութիւն» պիտակուած գլխաւոր խորագիր մը։

Աստուածաբանութեան ընդհանուր պատմութեան մէջ այսպիսի մասնաւոր ճիւղ մը, իբրեւ առանձին ուսմունք չէ ճանչցուած, այնպէս ինչպէս որ, օրինակի համար, ճանչցուած է «Ազատագրութեան աստուածաբանութիւն» ճիւղը, որ երեւան եկաւ, ասկէ քանի մը տասնեակ տարիներ առաջ Հարաւային Ամերիկայի մէջ։ Ինքնին բարդ խնդիր է նման ճիւղ մը մասնաւորելը, որովհետեւ տարագրութիւնը, աքսորը, ոճիրը, մահը, աստուածային բնութեան, արարչագործութեան վսեմ ծրագրի կամ խորհուրդի մաս չեն կազմեր։ Աստուծոյ բնութեան մէջ չեն ո՛չ մահը, ո՛չ ալ աքսորը, հակառակ այն իրողութեան որ եդեմական պարտէզէն արտաքսման վճիռը արձակուած ըլլայ արարիչ Աստուծոյ կողմէ, մեր նախահօր Ադամի եւ նախամօր Եւայի դէմ։

Առաջին աքսոր

Ինչպէս յայտնի է, արտաքսման կամ աքսորման աստուածային որոշումը՝ նախադրութեամբ չէ, այլ հետեւանք Ադամի կողմէ գործուած պատուիրանազանցութեան։ Աստուածաշունչ մատեանի արտաքս‐
ման պատմութիւնը կը սկսի սապէս,‐ « … Եւ եհան արձակեաց զնա Տէր Աստուած ի դրախտէ անտի փափկութեան գործել զերկիր ուստի առաւ։ Եւ եհան զԱդամ եւ բնակեցոյց յանդիման դրախտին փափկութեան»։ « … Եւ Տէր Աստուած արտաքսեց անոր ( այսինքն Ադամին) բերկրութեան դրախտէն, որպէսզի երկիրը գործէ ուրկէ առնուեցաւ։

Աստուած դուրս հանեց Ադամը եւ բնակեցուց բերկրութեան դրախտին դիմաց» ( Ծննդոց Գլխ. Գ հմր.23)։ Այս տողերը չեն թելադրեր աքսորի վերաբերեալ ուսմունք մը, կը հակադրուին աստուածաբանական ուսմունքներուն, որովհետեւ Աստուծոյ նպատակը մարդը պահելն է իրեն հետ միութեան մէջ, իր իսկ կեանքին մասնակից դարձած։ Ադամական արարքով
սկզբնական կամ ծննդեան միութիւնը կը խախտի, կը խզուի։ Յետագային վերամիութեան յարաբերութիւնները Աստուծոյ եւ մարդուն միջեւ, որ պիտի յանգի Քրիստոսով փրկագործութեան, այն դէպքերն են որոնք կը բաղկացնեն աստուածաբանութեան բաղադրամասերը։ Այստեղ զանց առած ենք մասնաւորել ադամական անկումի դէպքը որ սկզբնապատճառն է աղէտի, աղէտներու աղէտը պիտի փափաքէինք ըսել, որմէ պիտի ծնէին գալիք ընդհանուր աղէտները, ստիպուած էինք զանց առնելու որովհետեւ նիւթը ընդարձակ ուսումնասիրութեան կարօտելով, ի վիճակի չէինք տուեալ պայմաններու տակ արծարծելու այդ շատ ծանր նիւթը։

Աքսորման դէպքին մէջ ուշագրաւ է Ադամի արտաքսուած վայրի պարագան։ Կը վռնտուի երկիր մը՝ “հող երկիր” ուր ստեղծուած է ան։ Մինչդեռ եդեմական պարտէզը շնորհեալ բնակավայր է ուր կոչուած է ապրելու.‐ «Եւ ստեղծ Տէր Աստուած զմարդն հող յերկրէ, եւ փչեաց յերեսս նորա շունչ կենդանի, եւ եղեւ մարդն հոգի կենդանի։ Եւ տնկեաց Աստուած զդրախտս յեդէմ ընդ արեւելս, եւ եդ անդ զմարդ զոր ստեղծ»։ «Եւ Տէր Աստուած հող երկրէն ստեղծեց մարդը եւ անոր ռնգունքներուն կենդանութեան շունչ փչեց, ու մարդը կենդանի հոգի եղաւ։ Եւ Տէր Աստուած արեւելքին կողմը Եդեմի մէջ պարտէզ տնկեց ու իր ստեղծած մարդը հոն դրաւ» ( Ծննդոց Գլխ. Բ հմր.7‐8)։

Այս դրուագները մեզի կը յուշեն աւելի անդրադարձ մը՝ ժամանակաւորի, մեղքի,յանցանքի,մահուան մասին, քան թէ բուն իսկ աքսորի։ Մանաւանդ Սուրբ Գիրքը տեղեկութիւններ չի փոխանցեր Ադամի նոր պայմաններու մէջ ապրած “հոգեվիճակներէն”։ Գործած յանցանքը ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցած է անոր վրայ, մանաւանդ որ կենդանութեան օրօք ականատես եղաւ մահուան իր զաւկին Աբէլի սպանութեամբ։ Ի՞նչ փորձառութիւն ապրեցաւ բարիի եւ չարի գիտութեան ձեռքբերումով։ Նախքան անկումը աստուծոյ ճանաչում մը ունէր։ Պահե՞ց, թէ ոչ կորսնցուց։ Իսկ ճանաչման նոր զարգացումներ իր մօտ տեղի ունեցա՞ն։ Մտածե՞ց արդեօք զղջումի մասին կամ ապաշխարութեան, դարձեալ չենք գիտեր։

Ս. Գիրքը կը խօսի Ադամի սերնդագործութենէն եւ կը յիշատակէ անոր մահը եւ տարիքը։ Սակայն ան լուռ է այն բոլորի մասին որոնք այլապէս պիտի շահագրգռէին նաեւ մեր ներկայ հոգեբաններն ու հոգեվերլուծողները։ ներքին մարդը կը բացակայի։ Աստուածաշունչը հոգեբանութեամբ չի զբաղիր։ Սրբազան խօսքը կը վերաբերի մարդկային կացութեան եւ ոչ թէ անոր ներքին ծալքերու մանրազննին քննութեան։

Դժուար է ճշդել, հաստատել աքսորի աստուածաբանութեան հիմքերը, անոր համար որ “աքսոր”ը աստուածային յատկանիշ չէ որպէսզի ըստ ինքեան կարելի ըլլար յղուիլ անոր աստուածաբանական համակարգին։ Միւս կողմէ, Ադամի ներաշխարհին ծալքեր ալ բացայայտ չեն։ Տեղեկութիւններու բացարձակ լռութիւն մը կը տիրէ։ Վերջապէս Ս. Գիրքը չի խօսիր Ադամի աքսորի փորձառութենէն, իր կորուսեալ դրախտի կարօտէն կամ անկարօտութենէն, աքսորի մասին իր մտածողութենէն, որպէսզի անոր փորձառութեան միջոցաւ կարելի ըլլար թերեւս աստուածաբանական ոլորտի մը անդրադառնալ։ Ուրիշ խօսքով՝ Ս.Գիրքը մեզի չի տար դրուագին մեկնաբանութիւնը։ Ան կը մնայ թելադրութեան մակարդակին։

Ադամի ժամանակներէն արտաքսման, վտարումի երկրորդ դէպք մը կայ, Աբէլի սպանութենէն ետք, որ կ՛արժէ յիշատակել. «Եւ ասէ Կայէն զՏէր Աստուած. մեծ է պատիժ իմ քան զթողուլդ զիս։ Եթէ հանես զիս այսօր յերեսաց երկրէ, եւ յերեսաց քոց թաքեայց, եւ լինիցիմ երերեալ եւ տատանեալ յերկրի… Եւ ել Կայէն յերեսաց Աստուծոյ եւ բնակեցաւ յերկրին Նայիդ յանդիման եդեմայ», « Եւ Կայէն ըսաւ Տէրոջը, իմ մեղքս թողութիւն գտնելու չափէն աւելի մեծ է։ Ահա զիս այսօր երկրի երեսէն վռնտեցիր, ու ես քու երեսէդ պիտի պահուիմ, ու երկրի մէջ աստանդական ու թափառական պիտի ըլլամ. եւ պիտի ըլլայ որ ով որ զիս գտնէ, զիս պիտի մեռցնէ։ …Եւ Կայէն Տէրոջը առջեւէն ելաւ, ու Եդեմի արեւելեան կողմը, Նայիդ երկիրը, բնակեցաւ» ( Ծննդոց Դ 13‐14,16)։

Այս երկու արտաքսումներուն տարբերութիւնը կը գտնուի եդեմական պարտէզին եւ Նայիդ երկրին մէջ։ Ադամի առթիւ չենք կրնար ծննդավայրէ խօսիլ, որովհետեւ ան ծնած չէ, այլ ստեղծուած։ Ասոր համար թերեւս կարելի է խօսիլ ստեղծավայրի մը մասին։ Մինչդեռ Կայէն ծննդավայրէն կը վռնտուի դէպի Նայիդ երկիր։ Հետաքրքրական է նկատել որայս դէպքերու, դրուագներու պատումին մէջ, հայրենիքի, ծննդավայրի, աքսորավայրի գաղափարները չեն որ կ՚առաջադրուին։ Ասոնք տակաւին կազմաւորուած չեն թուիր։ Մեղք, մահ, կորուստ, անհնազանդութիւն կը կազմեն սուրբ գրային բնագրին մտահոգութիւնը. «Զի հող էիր եւ ի հող դարձցիս» ( Ծննդ. Գ. 19), Ն. Շնորհալիի բառերով.‐ « վճիռ մահու մարդուն տուաւ դառնալ ի հող ուստի ստեղծաւ»։ Սուրբ գրային վարդապետութիւնը աքսորի դրուագին մէջ շեշտը կը դնէ մահուան երեւոյթին վրայ, զոհի, կորստեան։

Ադամ տեւապէս ճակատագրուած էր եդեմական պարտէզին մէջ անմահական երանելի կեանք ունենալու, շահագործեց իր անձնիշխանութիւնը, ոտնահարեց իր ազատութիւնը, եւ ինքզինքին թոյլատրեց տէրունի պատուիրանին դէմ անհնազանդութեան արարքը գործելու։ Մինչդեռ մահկանացու վիճակին մէջ չհամարձակեցաւ անհնազանդութեան փորձն անգամ կատարելու ընդդէմ չարական պատուիրանին։ Պատուիրանի հնազանդութեան հարցի մէջ Աստուծոյ հետ ամբողջական ազատութեան մէջ էր, բայց չարին հետ մնաց հնազանդութեան պարտադրանքին տակ.
ուրիշ խօսքով՝ գերութեան մէջ։ Դատապարտուած էր, բռնի, չարին կամքը կատարելու։

Արդ ուրեմն տարագիր աշխարհի մէջ պիտի ծնին մարդկային սերունդները ադամական մեղքի եւ մահուան ժառանգութեամբ։ Ցեղեր, ժողովուրդներ, ընկերութիւններ պիտի կազմուին եւ Աստուած որպէս կեանքին տէրը նախախնամական միջամտութիւններով ուղղութիւններ պիտի տայ, պիտի յայտնուի, մարգարէներու բերնով պիտի խօսի, պիտի յայտնէ փրկութեան մտադրութիւնը, պիտի նախապատրաստէ մարդուն ազատագրութիւնը չարի գերութենէն, վերջապէս Միածին Որդիին առաքելութեամբ պատմականօրէն պիտի իրագործէ փրկութեան խորհուրդը Գողգոթայի բարձունքին վրայ, Յիսուսի խաչելութեամբ եւ յարութեամբ։ Մահկանացու մարդը աստուծմով պիտի վերադառնայ անմահական կեանքի։ Պիտի ապահովէ ներգաղթ մը, եթէ ոչ անպայման եդեմական պարտէզ, գոնէ դէպի Աստուծոյ թագաւորութիւն երկնաքաղաքացիութեան իրաւունքով։

Ինչպէս կը տեսնէք, յայտնութեան Աստուծոյ եւ մարդոց միջեւ պատահած այս դէպքերն ու յարաբերութիւնները յետագային պիտի կազմեն աստուածաբանութեան կալուածը։ Երբ կը խօսուի աքսորի կամ տարագրութեան աստուածաբանութեան անկարելի տարազէն, միանգամայն տարակերպօրէն նշմարելի է որ ամէն աստուածաբանական հարց կը բանի աքսորի ընդհանուր մթնոլորտի, պարունակի կալուածի մը մէջ։

Ասիկա ցոյց կու տայ թէ փրկախօսութիւնը կը պայմանաւորուի տարագրութեամբ. միւս կողմէ, հակառակ այս կացութեան, չենք կրնար տարուիլ ըսելու թէ աքսորը աստուածային նպատակադրութիւն է ինչպէս փրկախօսութիւնն է՛։ Հետեւաբար աքսոր‐փրկախօսութիւն, անհամատեղելի այս պայմանաւորուածութիւնը շատ հաւանաբար անթոյլատրելի ազդեցութիւն գործած է աքսորի աստուածաբանութեան անյղանալիութեան վրայ։

Երկրորդ աքսոր

Ի՞նչ պատճառէ դրդուած ուրեմն, մեզի համար կը դրուի աքսորի աստուածաբանութեան հարցը այսօր։ Պահ մը կը կարծէինք թէ մարդկութեան դէմ ոճիրի պատմութիւններուն մէջ Հայոց դէմ գործուած ցեղասպանութիւնը եզակի դէպք մըն է իբրեւ ծայրագոյն ոճրագործութիւն։ Մարդաս‐ պանութեան, տեղահանութեան, տարագրութեան բոլորովին նոր տեսակ մը։ Ո՛չ միայն հաւաքականութեան մը ֆիզիքական գոյութեան դէմ, այլ անոր հոգեւոր ալ գոյութեան, ստեղծագործ ոգիին, անմահութեան, յաւերժութեան դէմ։Նախաձեռնութիւն մը՝ որ մտածել կու տար թէ ոճիրին նախաձեռնողները իրենք իրենց կ՛արտօնէին իշխանութիւն մը երկնայինէն գերիվեր։

Այս տեսանկիւնէն դիտած, պահ մը կը կարծէինք թէ հաւաքական ոճիրի եւ տարագրութեան այս տեսակը կրնար աստուածաբանական եզրեր ունենալ։ Բայց այս հայեացքն ալ կը դադրի ի զօրու ըլլալէ երբ նկատի ունենանք թէ մարդ էակը յանդգնութիւնն ունեցաւ Գողգոթայի բարձունքին՝ Աստուածորդին խաչելու, սպաննել փորձելով անմահութեան եւ յաւիտենականութեան տէրը։ Ինչ որ կը նշանակէ թէ ոճրագործութեան ծայրագոյն տեսակն ալ փորձուեր ու գործուեր է մարդու կողմէ առաջին անգամ մը արդէն։ Քրիստոսի յարութեան յաղթանակը անշուշտ, յաջորդելով այդ ծայրագոյն փորձին, որ հիմնական սիւնը պիտի դառնայ աստուածաբանական աշխարհին, ինքնաբերաբար աքսորին տեղի չէ տրուած որ աստուածաբանութեան պատմութեան կալուած մտնէ։

Խրթին է աքսորի մտածումներով ուղեւորուիլ աստուածաբանական ճանապարհի մէջ. բայց կան այսօր ցեղասպաննուածներու անմխիթար յաջորդներ, որոնք մխիթարութիւն կը փնտռեն իրենց վիրաւորուած հոգիներուն, անոնք խոց մը կը կրեն իրենց հոգեկան աշխարհին մէջ որ գերիվեր կը կշռէ քան հաւատքը, գերիվեր կը կշռէ քան փրկախօսութեամբ բուժումը։ Ուրիշ խօսքով՝ առաջին աքսորին հետեւած է երկրորդ աքսոր մը որուն ենթակայ զոհերը մեր ծնողներն են, մեր անմիջական նախորդները։ Երկու աքսորներուն միջեւ նմանութիւնը մեծ է։ Եթէ առաջինը կեցութիւնը հասկնալուն կը վերաբերի, երկրորդը խնդրոյ առարկայ կը դարձնէ մեր գոյութիւնը։ Առաջինը մեզի թոյլ կու տայ մտածելու երկրորդը։

Ասոր համար աքսորի աստուածաբանութեան ճիւղ մը մասնաւորելը անհրաժեշտութիւն կը դառնայ Հայ Եկեղեցւոյ համար, որուն առաքելութիւններէն մին հասկնալ է մեր գոյութիւնն ու անոր պայմանները, ինչպէս փնտռել վիշտերու մխիթարութեան ճարը, դարմանելու համար խորունկ վէրքը որ չի գոցուիր բացուած օրէն ի վեր։ Այս սրտաբեկ կացութեան մէջ, չենք կրնար յստակ բնորոշել նաեւ որ հայ ցրուեալ հաւաքականութեան մօտ սասանած են քրիստոնէական հաւատքին սիւները։ Բայց առկայ է կրօնական տագնապը եւ անգործութիւնը հաւատքին։

Աքսորի աստուածաբանութեան աշխատաւորը իր մտքի եւ հոգիի տարրալուծարանին մէջ հետազօտութեան աշխատանքի կրնայ սկսիլ հասարակութեան միջակ խաւի սրտէն փրթած խօսքերու հաւաքումով։ Խօսքեր՝ որոնք փորձառութիւն մը կ՛ըսեն եւ խորհրդածութեան կարօտ կարծիքներ են։ «Աստուած եթէ կար, ինչո՞ւ ձգեց որ 1.500.000‐ը ջարդուի…» , «Ո՞ւր էիր Աստուած երբ հայերը կը կոտորուէին…» եւայլն։ Ապա՝ նոյն այդ աշխատաւորը կրնայ նկատի առնել աքսորի մտածողութեամբ կերտուած գրական երկեր, որոնք ստեղծուած են բարեպաշտութեան տկարացումէն, հաւատքի մարմրումէն ետք, բայց կ՛անդրադառնան ստեղծուած կացութեան։

Գործաւորը, հաւատաւոր միտքը ուսումնասիրութեան մասնաւոր առարկայ կը դարձնէ նաեւ Ի դարու երկու ցեղասպանութիւններէն ետք մշակուած օտար աշխատութիւնները, ի հարկին թարգմանելով ամբողջ գործեր, անոնցմէ մասնաւորաբար հետեւալները. Hans Jonasի Le Concept de Dieu après Auschwitz, Catherine Charlierի Dieu sans puissance, Thomas Mertonի Seeds of Destruction, Rahnerի The Christian in the Diaspora, եւ դեռ այլ աշխատութիւններ, ինչպէս օրինակ Կարտինալ Daniélouի L’ Homme d’aujourd’hui et la foi de toujours:

Այս գործերը, ճիշդ է որ աստուածաբանօրէն չեն արծարծեր աքսորաբանական հարցեր, բայց կը խօսին բրտութենէ, արդարութենէ, մարդկայնութենէ, վերջապէս կրօնական եւ հաւատքի այսօրուան տագնապներէն, այսինքն՝ յետ ցեղասպանական կացութենէ։ Տակաւին անհրաժեշտ կը մնայ կազմել ծաղկաքաղ մը տարագրութեան դրուագներու եւ աքսորաբանութեան, յատկապէս քաղուած Աստուածաշունչ մատեանի գրքերէն, մասնաւորաբար անդրադառնալով եգիպտական, բաբելոնական գերութիւններուն։ Վերջապէս քննել մեր Եկեղեցւոյ հայրերուն գործերը, օրինակ Ն. Շնորհալիի Ողբ Եդեսիոյ աշխատութիւնը, Գրիգոր Նարեկացիի Մատեան Ողբերգութեան գիրքը, եւայլն։

Աքսորի աստուածաբանութեան աշխատաւորին գործը, գլխապտոյտ պատճառող ճարտարագիտական այս դարուն, դիւրին գործ մը չի կրնար ըլլալ անկասկած։ Որոնումը անհրաժեշտօրէն հիմնուած է երկու մօտեցումներու վրայ. բանապաշտ մտքի գիտական մօտեցումին եւ հաւատքի ներհայեցողութեան, որոնք բաւականին իրարու ներհակ մօտեցումներ են, պէտք է ըսել։ Սկիզբէն յայտնի է որ գոհացուցիչ պիտի չըլլայ պատասխանը բանապաշտ մօտեցումին, իսկ հաւատքի ներհայեցողականը կը կրէ մխիթարական խօսքը, բայց կարիք ունի արդի փորձառութեան։

Մանաւանդ մեր անմիջական շրջանակներուն մէջ անհասկնալի ըլլալու չափ գործունեայ եւ հնարամիտ են ժխտական ուժերը։ Ինչպէս օրինակի համար հաւատացեալի բերնով բողոքի ձայնը փոխանակ ուղղուելու մահածին իշխանին, սատանային, մարդասպանութեան կամ ցեղասպանութեան, չարչարանքներու կամ տառապանքներու հնարիչին,ուղղուած է կենարար Աստուծոյ. կը մեղադրէ ըսելով. «ո՞ւր էիր Աստուած»։

Որքա՜ն կարեւոր է ելակէտը աստուածաբանական մտածոութեան կամ կրօնական տրամաբանութեան զարգացման, ճիշդ մեկնակէտէ սկսելու եւ ճիշդ եզրակացութիւններու յանգելու համար։ Հաւանաբար բողոքողը ենթագիտակցութեան մէջ Աստուծոյ ամենակարողութեան կ՛ակնարկէ ակամայ, բայց վտանգը հոն է որ փոխանակ Աստուծոյ ամենակարողութեան հարցը դառնայ խնդրոյ առարկայ, սատանայական չարիքները ձեւով մը կը փոխադրուին Աստուծոյ վրայ, անո՛ր է որ կը վերագրուին։

Ահաւասիկ աքսորի աստուածաբանութիւն մը մասնաւորելու պահանջքը Հայ եկեղեցւոյ համար, որ սփիւռքի մէջ ցրուած, այլազան ու այլակերպ հաւաքականութիւններուն պարտի ծառայել, որոնք իրենց ետին ունին ցեղասպանութեան փորձառութիւնը։ Պահանջքը առաջին հերթին պիտի սատարէ ուղիղ ուսմունք մը հիմնելու, ուսմունք մը՝ որ հաշտեցնէ եկեղեցւոյ աւանդութիւնը, եւ հայ ժողովուրդի պատմական աղիտալի փորձառութիւնը։

Յիշատակ եւ վկայաբանութիւն

Այս գրութիւնը, հոս, աքսորի աստուածաբանութեան մասին տեսակէտ մըն է միայն, որ թերեւս ատաղձ ծառայէ Հայ եկեղեցւոյ յատուկ, հաւանական աքսորի աստուածաբանութեան մը լուրջ ուսումնասիրութեան։ Ինչ որ թելադրեցինք մատնանշումներ են լոկ։ Այս տրամաբանութեամբ հարց կուտանք տակաւին. ի՞նչ կրնայ ըլլալ աքսորի աստուածաբանութեան գլխաւոր նպատակը։ Ըստ մեզ, նպատակը կրնայ ըլլալ պատասխանը այն հարցումին՝ որով մարդ հարցականի տակ կը դնէ Աստուծոյ ամենակարողութիւնը երբ Եղեռնի մասին կը մտածէ բանականօրէն։

Մինչ գլխաւոր նպատակը, ուղին երկար է սակայն։ Աքսորի աստուածաբանութեան պայմանները այնպիսին են այսօր որ անոր դիմագիծը սեւեռելու համար պէտք է մեկնիլ նախնական բացատրութիւններէ։ «Աքսոր» բառին առաջին նշանակութիւնը «հայրենիքէն դուրս արտաքսումն» է. ան կը գործածուի նաեւ այլ առումներով, քաղաքական, բարոյական, նոյնիսկ կրօնական ալ՝ ըստ որուն երկիր մոլորակը, հակադրուելով երկնքին, աքսորավայր մըն է մարդուն համար։ Հիփոլիթ Թէն կ՛ըսէ. «Ներկայ կեանքը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ աքսոր մը. մեր նպատակը թող դառնայ նայիլ դէպի երկնաւոր հայրենիք»։

Նման ըմբռնում շատոնց շիջած է մարդոց մտքերուն եւ զգայնութեանց մէջ։ Մարդիկ սփիւռք կոչուածը չեն ապրիր որպէս աքսոր։ Կ՛ապրին իբրեւ կեցութին մը դուրսը, կարծէք հայրենիքէ մը ընդմիշտ հեռու։ Մի՛ տարուիք հոս մտածելու թէ աքսորի աստուածաբանութիւնը նպատակ ունի դրութիւն մը հիմնելու Սփիւռքը վերածելու աքսորավայրի, ուր պիտի շարունակուի վերյիշումը անըմբռնելի տեսարաններու, թէեւ անոնց վերյիշումէն, յիշողութեան գործողութենէն չի կրնար խուսափիլ ամբողջովին աստուածաբանական մտածողութիւնը։ Կը խորհինք նոյնիսկ որ խուսափելու տեղ անիկա պէտք է անոնց հետ ճակատի, ըսել կ՛ուզենք յիշէ։

Թոյլ տուէք ըսելու որ պատարագը ի՞նչ է եթէ ոչ ինքնին վերյուշը առաջին դէպքի մը։ Իսկ մենք պատարագի ընթացքին մասնաւոր բաժինով մը, սրբոց հաղորդութեան բաժինով մը, կը յիշենք մարտիրոսներն ու վկաները, Եկեղեցւոյ պատմութեան մաս կազմող այդ վկայաբանական տարրերը։ Անուններու թուումը ձեւական յիշատակում մը չէ, որովհետեւ հաւատքի վկաները յիշել կը նշանակէ յիշել ոչ միայն առաքինասիրութիւն եւ օրինակելի վարք, այլ նաեւ հաւատքի վկաներուն վրայ գործադրուած բրտութիւն, բռնութիւն, տանջանք, բնաջնջում, հետեւաբար՝ չարիք։ Եւ ասիկա ամէն պատարագի, հոն ուր հաւատացեալները կը միաւորուին Աստուծոյ։

Վկայաբանութիւնը ծիսային բնոյթ մը ունի, որովհետեւ յիշատակը արարողութիւն է, որ անցեալը կը բերէ ներկային եւ երբեք չի հերքեր զայն։ Պատարագի թնթացքին կայ նաեւ աղօթքի բաժին մը ուր կը յիշուին ննջած սովորական մահկանացուները, մեր ննջեցեալները, որոնց հոգիներու խաղաղութեան համար մասնաւոր խնդրանք կը ներկայացուի առ բարձրեալն Աստուած։ Աղօթքի վերյուշով կ՛ապրին մեռելները ներկայի մէջ։

Ուստի աքսորի աստուածաբանութիւնը մոռացումի քաղաքականութիւն մը չէ որ կը կիրարկէ։ Հարց է թէ կը ձգտի՞ այդ անմոռանալի դէպքերը լուծելու։ Ինչո՞ւ համար յիշել բոլոր մեռելները, յիշել հաւաքական մահը։ Կարելի՞ է աւելի հեռուն երթալ։ Ի՞նչ ոստում կարելի է կատարել այդ մահէն անդին։

Մինչ այդ՝ ականջ դնենք հարցին լաւատեղեակ գրագէտի մը խօսքերուն, եւ անոր արդար զայրոյթին։ Նկատի ունինք Յակոբ Օշականը, որ կը գրէ. «Էին մեր կարօտները այնքան իրաւ, որքան անըմբռնելի պատկերները, որոնք մատուցուեցան մեր աչուըներուն, քիչ մը ամէն տեղ, ամենէն շէն քաղաքներու պողոտաներուն։ Ես տեսեր եմ սուսերամերկ մարդեր, ո՛չ թէ սինեմաներու սրահներէն ներս՝ այլ Աստուծոյ ամենէն անուշիկ կայքերուն երեսին, որոնք կը մորթէին, ուրախ, խաղաղ, անճառ հեշտանքի մը անձնատուր ու կ՛աղօթէին, զոհերուն կուշտին, իրենց դանակներուն կարմիրը դիտելով դարձեալ անճառ երանութեամբ։

Ըրէք այս տեսարանները դաշտ մը, գեղ մը, քաղաքիկ մը լման լեցնող ընդարձակութեամբ ու դրէ՛ք աս ու ան աւերակին, քարի ետին պահուըտած, իրենց մորթուելու կարգին սպասող տղոց ու կիներուն, աղջիկներուն, հայրերուն ու մայրերուն թիւը նոյնքան ընդարձակ ու մի՛ ըսէք, թէ ատոնք տխուր գրականութեան մը խոր ու դարման դառնալու սահմանուած պատկերներ էին։Այդ օրերէն քառորդ դար վերջը, այս պատկերները լման երկիրներ ծածկեցին։ Այո՛, այս ամէ՜նը։ Զարդարեանին, ինչպէս Օշականին համար աւելի էին, քան ձեր Սփիւռքի դիւրազգած, վարդաջրուած փափփկութիւնները, երբ կը պոռաք մեր երեսին «կը բաւէ՜, կը բաւէ՜, կը բաւէ՜. հանգիստ ձգեցէք մեզ. ձեր ջարդապատում ռոմանթիզմով մի թունաւորէք մեր հոգին, որ ժպիտ կ՛ուզէ», իբր թէ մենք չենք ուզեր այդ ժպիտը։

Արեւմտահայ գրականութեան հանդէպ արդար ըլլալու համար, այս ճշդումները պայման կը մնան» (Համապատկեր, հատոր Ժ, Վկայութիւն մը,էջ 49)։ Անցեալի վերյիշումը չի ձգտիր բնաւ ոխ կամ ատելութիւն սերմանելու կամ մարդասպաններ պատրաստելու։ Կա՞յ աւելի անպարկեշտ նկարագիր, անբարոյութիւն քան մոռացումի տալ անմարդկայնութիւնը, մարդկութեան դէմ ոճիրը, ոտքի տակ խորտակել արժէքներու օրէնքը։ «… Այսքան չարիք թէ մոռանան մեր որդիք, թող ողջ աշխարհ հայուն կարդայ նախատինք»։

Օշական կը շարունակէ. «Պատռտի՛ն ձեր բերանները, երբ չէք ամչնար այդ ամէնը որակելէ շրջուած ռոմանթիզմ։ Ձեր պապերը այս ամէնը ու աւելին ունին իրենց ուղեղներուն խորը անջինջ արձանագրուած, երբ կը նային ձեր ետեւէն ու ձեր քանի մը լեզուները, քանի մը քերթուածները կը վերածեն իրենց իսկական դատողութեան գնչու ձեւը հոգեբանութեան։ Ձեր պապերը, անոնք, որ ինկան այդ սարսափներուն մէջ, չեն կրնար մեռնիլ, եթէ երբեք դուք չմեռցնէք ձեր լրբութեամբը այդ հոգեվիճակները, որովհետեւ զուարթութիւն կ՛ուզէք, վայելք կ՛ուզէք, հանգիստ մնալ կ՛ուզէք մղձաւանջէն» (նոյն էջ 49)։

Բողոքի նման խօսքեր կրնանք յարասել եւ պահ մը նաեւ փոխադրել կրօնական լարի վրայ. «Կը բաւէ՜, կը բաւէ՜ այլեւս բոլոր ձեր պատարագներուն եւ աւագ շաբաթներուն յիշատակէք Քրիստոսի Գեթսեմանիի անձկութիւնը, մատնութիւնը, ձերբակալութիւնը, դատավարութիւնը, չարչարանքները, տառապանքը, արիւնլուայ մտրակումները, խաչելութիւնը…»։

Կ՛անդրադառնա՞ք ուր կրնար հասցնել եղերական նոյն դէպքերուն յիշատակումէն, վերյիշումէն խուսափելու տենչը ենթադրեալ սա մարդոց, որոնք կրնային ուրանալ տառապանքին գինը որ փրկութիւնն է, խափանել Քրիստոսի յարութեամբ փրկուելու երջանկութիւնը, մերժել անմահութեան մէջ վերածնելու պարգեւը։ Կա՞յ աւելի մեծ վտանգ քան կորուստը յիշողութեան, մանաւանդ հաւաքական յիշողութեան, երբ գիտենք թէ յիշելը ըլլալ է, ապրիլ, ապրիլ ու վկայել է։ Ինչպէ՞ս չյիշել վերոնշեալ դէպքերը Սուրբ Պատարագին, երբ պատարագը հիմնուած է խաչելութեան, յարութեան անճառահրաշ դէպքերու խորհուրդին վրայ։ Սուրբ պատարագը վայր է սրբագործութեան, վայր յիշողութեան, «առէք կերէք‐ի»… «առէք խմեցէք‐ի» տեղը, ուր Տէր Յիսուս կ՛ըսէ, «Ասիկա կատարեցէք զիս յիշելու համար»։

Աքսորի աստուածաբանութիւնը, որ քրիստոնէական վարդապետութիւնը կրելու ստիպողութեան տակ կը գտնուի, իր ունեցած տուեալները օգտագործելով, բանեցումի փորձը կատարելու կոչուած է, անհետացման վտանգին ենթարկուած հաւաքական գիտակցութիւնը վերականգնելու։ Որովհետեւ անիկա կը նշէ կամ նշելու է այն երկու բեւեռները որոնք կը հիմնեն այդ կացութիւնը. հայրենիքն ու նքսորը, բնավայրէն ելքն ու տարագրութիւնը։ Իսկ այդ ելքի դէպքն է որ կը կազմէ պատմութիւն, ինչպէս որ մեկնակէտն է հաւաքական յիշողութեան։

Քիչ առաջ կ՛ըսէի թէ աքսորի աստուածաբանութիւնը չի միտիր սփիւռքը իբրեւ աքսոր ապրեցնելու։ Մարդիկ թող չապրին սփիւռքը որպէս աքսոր որքան որ ուզեն, բայց տեղահանութիւնը, երկրէն արտաքսումը, աքսորը, փակած է, ինչպէս մորթը ոսկորին, սփիւռքեան իրենց պատմութեան ծագումին, իրենց սկիզբին։ Պատմութիւն մը չի՛ բաժնուիր իր ծագումէն։ Կեանքի բնական երեւոյթ է, աշխհարհ եկած ամէն անհատ բնականօրէն կը փնտռէ իր սկզբնվայրը եւ սկզբնաժամը, իր ելակէտը, որու վրայ կը հիւսուի իր կեանքի պատմութիւնը։ Ներկայի մեր ամենէն վաւերական եւ մեծ գրող Գրիգոր Պըլտեանի գրական ստեղծագործութեան հիմնանիւթերէն է սկիզբի կամ ծագումի թեման։ Օրինակ կարդալով իր բանաստեղծական գործերէն Ելքը առաջին իսկ պահէն կը հաստատենք թէ անիկա մահը կը բնորոշէ իբրեւ սկզբնավայր։ Նոյնպէս «Հատուածներ «սենեակ» ի մասին» հատորի առաջին բանաստեղծութեան առաջին տողը կը սկսի սկիզբի հարցով. «Դժուար սկիզբ եւ անձայն կը խարխափեմ անշարժութեան…»։ Իր մօտ այս թեմայի մշակումը ընդհանրապէս կը ձգտի մահուան, կորստեան անելէն դուրս գալու, կը մղէ մտածելու Սփիւռքի հայոց պատմութեան սկզբնաւորութեան։ Կը թելադրէ հանգիտութիւններ, որոնց շնորհիւ ընթերցողին միտքը կը լուսաւորուի, գիտակցութիւնը կ՛արթննայ վայրի մասին, նոր լինելութիւն մը ապահովելու ի սպաս։ Առիթ կու տայ մտածումի զուգահեռներ գտնելու մինչեւ Գիրք Ծննդոց։

Աքսորի աստուածաբանութեան թեմաներէն մէկը կը հանդիսանայ նաեւ հայրենիքի թեման, որովհետեւ ամէն աքսոր առընչութեան մէջ է երկրին հետ, ինչպէս ըսուեցաւ վերը։ Անոնք երկուքը անհատելի զոյգ մը կազմեն։ Հոգեւոր ցաւը հոգեկան հայրենիքին, անոր ստեղծած զրկանքի զգացումը կը զարգանայ ու կը կապուի «երկնաւոր հայրենիքի» կորստեան, ինչպէս քաղաքականօրէն կորսուած երկրաւոր հայրենիքը։ Զուգահեռը բաւականին բացայայտ է։ Մեր ժողովուրդը ունէ՞ր միթէ արուեստը՝ երկրաւոր հայրենիքով տեսանելիութիւն տալու երկնաւոր հայրենիքին, ուրիշ խօսքով՝ ունէ՞ր աւանդը երկնաւորը մարմնաւորելու նաեւ։ Հարցում մը թոյլ կուտանք մենք մեզի. եթէ երկրաւորին վախճանաբանութիւնը երկնայինը չէ, հապա ին՞չ է. պարզ վերադար՞ձ։ Ի՞նչ, ինչպէ՞ս եւ ո՞ւր։ Հարցեր են ասոնք որոնց մասին կարծիքներ, վերլուծումներ կը սպասուի աքսորի աստուածաբանութենէն։ Քաղաքական ազգայի՞ն փրկութիւն թէ ոչ մահուա ՞ն գերութենէն, գոյութենական փրկութիւն։

Այս թեմաները խորագիրի մը պէս կը թուենք, բայց կը կարօտին լուրջ եւ աւելի լայն ուսումնասիրութեան յետագային կատարուելիք աշխատութեան մը։

Եզրակացութիւն

«Իմ թագաւորութիւնը այս աշխարհէն չէ», կ՛ըսէր Քրիստոս, երբ իրեն հարց տրուեցաւ իր թագաւոր ըլլալու հանգամանքի մասին։ Անոնք որոնք ակնկալութիւնն ունէին ազատագրուելու քաղաքականութեամբ սահմանափակուած իշխանութենէ մը, հիասթափ, յուսախաբ եղան Քրիստոսէն, քանի որ Յիսուս‐Մեսիան աշխարհ եկած էր փրկելու, ազատագրելու, մարդը, Ադամէն սկսեալ մինչեւ վերջին մարդը որ աշխարհ պիտի գար, ազատելու համար մարդոց բանտուած գոյութիւնը,ազատագրելու՝ չարի, սատանայի տիրապետութեան տակ ինկած գերութենէն։

Այն լայն տարակարծութիւնը սա յուսախաբ եղած մարդոց եւ Քրիստոսի միջեւ՝ ի՞նչպէս վերծանել։ Գաղափարախօսութիւն, քաղաքական գաղափարներ, ասոր նման ուրիշ ալ բաներ, որոնք կը զբաղեցնեն մարդուն միտքը, ինչպէս կը տեսնուի,Քրիստոսի փրկչական մտահոգութեան մաս չեն կազմեր։ Քաղաքականութեան մասին չէզոք են Քրիստոսի խօսքերը։ Մինչդեռ քարոզախօսութեան կամ զանազան դէպքերու առթիւ յայտնած մտքերուն երբ հետեւինք, կը տեսնենք թէ անոնք չէզոք, անկնիք խօսքեր չեն, այլ կը բովանդակեն արմատական ուսմունք, բացարձակին առաջնորդող։ Միւս կողմէ, Քրիստոսէ քաղաքական ազատագրութիւն սպասողները ի զուր չէ որ կ՛ակնկալէին նման բան մը, որովհետեւ այդ մարդիկ ունէին անցեալի փորձառութիւն, վայելած էին իրենց քաղաքական նպատակներուն նպաստող աստուածային միջամտութիւններ։

Յուսախաբ էին, որովհետեւ այս պարագային Աստուած չէր կամենար իր Որդւոյն առաքելութեամբ քաղաքական հարց լուծել։ Աստուածային փրկչական մտադրութիւնը կը հետապնդէր, կը շօշափէր տիեզերական հիմնական խնդիր մը, ընդհանուր մարդկութեան մշտնջենականութեան վերականգնումը։ Երկրորդ արարչագործութեան ծրագրով սրբագրել ադամական մեղքը եւ մարդուն պարգեւել կորսնցուցած անմահական կեանքը։

Աստուծոյ նպատակադրութիւնը, գոյութենական մակարդակին կը վերաբերի, կեանքի անմահութեան հետ կ՛աղերսուի։ Փրկչական խորհուրդէն թելադրուած, աքսորի աստուածաբանութիւնը պարտքին տակն է ուշադրութիւն յատկացնելու սփիւռքեան քաղաքականութեան, այսինքն սփռումի երեւոյթին, օտարացումին եւ օտարումին, որովհետեւ քիչ մը ամէն օր կ՛աւերակուի հայոց կեանքը գոյութենական մակարդակին։

Մեր գոյութիւնը կենդանի պահելու հոյակապ բանալին՝ փրկչական խորհուրդը, աստուածային գործօն, անպայման դրական արդիւնք պիտի տար եթէ Եկեղեցին կերպը գտնէր աշխատանքի լծելու բարեպաշտներու խմբակը, որոնք լծուէին վարելու գոյութենական, հոգե‐մտաւորի քաղաքականութիւնը։

Աւելորդ է ըսել որ մէ՛կ է Հայաստանեայց Առաքելական Ս.Եկեղեցին եւ մէ՛կ՝ անոր առաքելութիւնը. բայց ատենն է կը խորհինք ճշդելու նաեւ որ երկփեղկուած է մեր իրականութիւնը, հայոց պատմութիւնը, երկփեղկ են ընկալման եղանակները շրջապատի եւ նոյնքան ալ պատմական տարբերութիւններու պատճառաւ։ Կա՛յ «Եկեղեցի Հայաստանի մէջ» եւ կա՛յ «Եկեղեցի Սփիւռքի մէջ»։ Տարբերութիւնները ո՛չ վարդապետական, ո՛չ եկեղեցագիտական, ո՛չ ծիսական, նոյնիսկ ո՛չ վարչական են, հակառակ մանր , ոչ էական զանազանութեանց։ Տարբերութիւնները հաւաքական, ընկերային, մշակութային, լեզուական, իմացական են։ Ուրիշ է հոգեխառնութիւնը հողին վրայ ապրող, ժողովուած հաւաքականութեան, եւ ուրիշ Սփիւռքի մէջ ապրող, տարտղնուած, ցրուած հաւաքականութեան, որ երբեմն սա կամ նա առիթով միայն հաւաքական բնոյթ կը ստանայ։ Եթէ մէկը կրնանք զանգուած նկատել, միւսը ցրուած աստղախումբ է։ Սփիւռքի մէջ եթէ գլխաւոր մտահոգութիւնը կը վերաբերի հայ գոյութեան կորուստին, Հայաստանի մէջ վտանգուած է գոյութեան շարունակականութիւնը։

Հարկ կա՞յ յիշեցնելու տակաւին, մեր քաղաքական ճիգերուն բոլոր արդիւնքները, աճման ընդունակ, վերջին տասնամեակներուն որոշ յաջողութիւններով պսակուած, չեն տաքցներ սրտերը, բաւարար չեն փրկելու հայ կեանքը որ ամէն օր քիչ մը աւելի կ՛այլասերի ու կը թօշնի, եթէ չի մեռնիր բոլորովին։

Սփիւռքեան իրականութեան մէջ, քաղաքական, գաղափարախօսական ամէն հաւաստիութիւն խախտած կրնանք նկատել։ Այս իրավիճակին մէջ մեր ճակատումը այն ուժերուն մէջ չէ, որ դուրսն են։ Արտաքինը իր գործը շատոնց աւարտեր է։ Վտանգը արդէն հասած է ներքին դռներուն։ Մէկ դարու ընթացքին՝ տարաշխարհի մէջ տեւելէ ու դիմանալէ ետք՝ մտած ենք ներքին աքսոր ու տարբեր աքսոր, եւ ամէն ինչ կը տարբաղադրուի։ Վստահաբար ան չի բխիր որոշադրուած կամքէ մը, ո՛չ ալ իրականութենէ մը որ փափաքուած ըլլար. չի կրնար ըլլալ նոյնպէս ազատ ընտրութեան մը հետեւանքը։ Կու գայ արտաքին զօրաւոր յորձանքէ մը, որուն մարդը անզօր է դիմադրելու։

Այս անզօրութիւնը այն չէ որուն պատճառով աքսորեալը կ՛ենթարկուի աքսորողի իշխանութեան, հոս ներքին համակերպում կայ, որուն տուն տուողը անտարբերութիւնն է։ Ներքին աքսորականի խնդիրը կախեալ է ինքն իրմէ, իր իսկ գիտակցութենէն, կամ ասոր պակասէն։ Տիրապետողի խնդիր չունի։ Վտանգը կը բխի իրողութենէ մը, ըստ որուն մարդու կամքը չ՛որոշադրեր, չի փափաքիր, չի հետաքրքրուիր իր գոյութեան հայկական եզրով, զայն քիչ անգամ կ՛ընտրէ, քանի որ ազատ է։ Ուրեմն՝ աքսորեալը աքսորող է։ Կ՛աքսորէ ինքզինք իր հաւատքէն, մշակոյթէն, լեզուէն, ներաշխարհէն։ Կ՛օտարանայ ինքն իր դէմ, կը դառնայ օտար իր իսկ հարազատութեան։ Անողորմաբար կը քալէ դէպի այն ճակատագիրը որ եղաւ իր հայրերունը հարիւր տարի առաջ։

Ճանչնալ օտարութիւնը, ըմբռնել անոր բարդութիւնը եւ յարուցած դժուարութիւնները, ճակատիլ անոնց դէմ վասն նոր ինքնութեան մը, ահա աքսորի աստուածաբանութեան կողմնորոշիչ կէտերէն մէկը, չեմ ըսեր վարդապետութիւնը, ասիկա պիտի թելադրէ՝ չօտարանալ Աստուծոյ թագաւորութենէն, հասկնալ ու ապրիլ մտերմութիւնը Աստուծոյ եւ հարազատութիւնը հողի եւ խօսքի հայրենիքին։

Մեր խօսքը փակելէ առաջ կ՛ուզէինք ըսել, որ նպատակ չունէինք այստեղ խնդրոյ նիւթ դարձնել ցեղասպանութեան հանդէպ Եկեղեցւոյ դիրքը կամ կեցուածքը, թէ ինչո՞ւ օրինակ Աստուծոյ ամենակարողութիւնը թոյլ տուաւ որ նման դէպք տեղի ունենայ։ Ցեղասպանութեան հանդէպ աստուածաբանական մտածողութեան չէինք ձեռնարկած, ատիկա պիտի պահանջէր լայնածաւալ աշխատութիւն, որ նկատի առնէր ոչ միայն պատմական դրուագները՝ հայ եկեղեցականներն ու հաւատացեալները սարսափելի երկմտանքի մը առջեւ դնող, այսինքն՝ Հայ Գողգոթան, այլեւ նման դէպքերու առջեւ յայտնուող խօսքի անկարելիութիւնը եւ մտածումի անդամալուծումը։ Նման աշխատանք չէր հոս առաջարկուածը, այլ տեսակ մը աքսորի աստուածաբանութեան ոգեկոչումը, մանաւանդ փորձը ընդգծելու անոր անհրաժեշտութիւնը։

Ներման Հարցը Ժողովածոյ, Տպուած՝«Բան եւ գիր»
Մատենաշար թիւ 9, Մոնթրէալ 2017