Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի տեղապահ Գարեգին արքեպիսկոպոս Պեքճեան, որ նաեւ Գերմանիոյ հայ համայնքի հոգեւոր առաջնորդը կը շարունակէ հանդիսանալ, զրուցած է թուրք հեղինակ Քեմալ Եալչընի հետ, որ Պէքճեանի հետ իր հարցազրոյցը կիսած է Պոլսոյ հայկական պարբերականներէ «Ակօսի» էջերուն:
Պատրիարքի տեղապահը նկատած է, որ վերջին շրջանին Թուրքիոյ հայ համայնքի ու թրքական իշխանութիւններու միջեւ յարաբերութիւնները առաւել կայուն կերպով կը զարգանան եւ նոյնիսկ արձանագրած է որոշակի դրական տեղաշարժ: