Խորհրդակցութիւն Արամ Ա. Կաթողիկոսի եւ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ

  • 03/05/2018

arevelk.am  (2.05.2018)

Շուրջ ժամ մը առաջ հեռաձայնային խորհրդակցութիւն մը տեղի ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան առաջնորդին՝ Տիար Նիկոլ Փաշինեանին միջեւ։ Այս մասին կը յայտնէ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը։

Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց բռնարարքներէ հեռու մնացած եւ Հայաստանէն ներս ընկերային արդարութիւն հաստատելու ձգտող ժողովրդային շարժումը, ինչպէս նաեւ իր գնահատանքը յայտնեց Տիար Փաշինեանին, որ կը փորձէ սահմանադրական ճամբով ու համախոհական ոգիով երկիրը ներկայ ճգնաժամէն դուրս բերել։

Ամբողջական տեքստ