Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ս. Ծննդեան հայրապետական պատգամը

  • 05/01/2018

arevelk.am

Մ Ա Ր Դ Ը՝
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՈՐԴՒՈՅՆ ՄԱՐԴԵՂՈՒԹԵԱՆ ՆՊԱՏԱԿԸ

Աստուածայայտնութեան տօնին սուրբ եւ անմահ պատարագի ընթացքին, հետեւեալ սրբասացութիւնը կ’երգուի.- “Զի Աստուածն յաւիտենական ի յերկրի երեւեցաւ եւ ընդ մարդկան շրջեցաւ, զի կեցուսցէ զանձինս մեր”։

Եկեղեցւոյ պատմութեան առաջին դարերէն սկսեալ, մատենադարան մը լեցնելու չափ հատորներ գրուած են Քրիստոսի մարդեղութեան, անձին ու առաքելութեան մասին։ Եկեղեցւոյ հայրեր, աստուածաբաններ ու փիլիսոփաներ փորձած են վերլուծել ու մեկնաբանել Բեթղեհէմի մէջ տեղի ունեցած Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը։ Դարերը կ’անցնին, ժամանակները կը փոխուին, աննախընթաց գիւտեր մարդկային կեանքն ու միտքը նոր հորիզոններու կը բանան, սակայն, հայ եկեղեցւոյ շարականին բառերով՝ Յիսուս Քրիստոս միշտ կը մնայ “խորհուրդ մեծ…”։

Ամբողջական տեքստ