arevelk.am (8.01.2018)
Յունաց Թէոֆիլոս Բ.ն Պատրիարքը տագնապի մէջ յայտնուած է:
Հազարաւոր պաղեստինցիներ յարձակած են անոր շարասիգնին ուղղութեամբ եւ պահանջած անոր հրաժարականը: Դէպքը պատահած է շաբաթ օր, երբ Երուսաղէմի մէջ ամէնէն մեծ հողատարածքներու տէր հանդիսացող Յոյն Ուղղափառ համայնքի Թէոֆիլոս Գ.ն Պատրիարքը ժամանած էր Բեթղեհէմ քաղաք մասնակցելու համար Սուրբ Ծննդեան տաճարի արարողութեանց:
Ցուցարարները, որ վանկարկումներ կատարած են պահանջած են անոր պաշտօնէն հեռացումը եւ յայտարարած, որ ամէն ինչ պիտի ընեն կանխելու համար անոր տաճար մուտք գործելը:
Իրկարգին պաղեստինեան ոստիկանութիւնը փորձած է ապահովել Պատրիարքին շարասիւնն ու օգնած, որ ան անփորձանք հեռանայ այդ շրջանէն:
Խորքին մէջ առաջին անգամը չէ, որ քրիստոնեայ պաղեստինցիներ կը բողոքեն Թէոֆիլոս Գ.ն Պատրիարքի վարմունքին դէմ եւ զինք կը մեղադրեն համայնքի հողերը Իսրայէլի կառավարութեան վաճառելու մութ եւ թաքուն գործարրքներ ընելու մէջ, այդ արարքները համարելով դաւաճանութիւն եւ ինքը Պատրիարքը «իսրայէլի մարդ», հետեւաբար նոյնպէս դաւաճան: