Երէկ առաւօտեան, յանուն Արամ Ա. կաթողիկոսին, կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Պետրոս վրդ. Մանուէլեան եւ վեհափառ հայրապետի գաւազանակիր Արտաւազդ աբղյ. Շարոյեան, այցելութիւն տուին ծայրայեղական զինեալ խմբաւորումներուն դէմ մղուած ճակատամարտին ընթացքին լիբանանեան բանակի վիրաւորուած զինուորներուն: