Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու միութեան կեդրոն

  • 30/01/2018

armchurch.info

Երկուշաբթի, 29 Յունուար 2018-ի առաւօտուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, ընկերակցութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ միաբան հայրերու, այցելեց Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս-պատրիարքին եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանին:

Երկու կրօնական կեդրոններուն մէջ եղբայրական սիրալիր մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած խօսակցութիւնները, հոգեւոր հայրերու ներկայութեան, կեդրոնացան ընդհանրապէս հայ ժողովուրդը յուզող, ինչպէս նաեւ Հայաստան-սփիւռք եւ միջհամայնքային գործակցութեան առնչուած հարցերու վրայ:

Ամբողջական տեքստ