arevelk.am (8.09.2017)
«Արմինիըն Ուիքլի» թերթը հրապարակած է Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ ներկայ իրավիճակը պարզող լուսանկարներ՝ նշելով, որ այս լուսանկարները գաղտնաբար առնուած են անցեալ Յուլիսին:
Երկար տարիներ աւերակ մնալէ ետք, Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին՝ թաղական խորհուրդին, նախկին տիգրանակերտցիներու եւ քաղաքապետարանին ջանքերով վերանորոգուած էր եւ 2011ի Հոկտեմբերին վերաբացուած էր, մեծ ոգեւորութիւն պատճառելով համայն հայութեան եւ տեղւոյն բնակիչներուն: Եկեղեցւոյ վերաբացումով պատահած էր շահեկան անակնկալ մը. բազմաթիւ ծպտեալ հայեր սկսած էին հրապարակ իջնելու եւ համախմբուելու եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ: Հայ հոգեւոր գրականութեան մէջ յաճախ կը շեշտուի «եկեղեցին ժողովո՛ւրդ է» հաստատումը: Այս շրջագիծին մէջ, Սուրբ Կիրակոսի այդ նոր օծումը եւ վերաբացումը հրաշքի համազօր ապացոյց մը եղաւ սոյն հաստատման համար: