Հալէպի Կիլիկեան վարժարանը վերաբացաւ իր դռները

  • 23/01/2018

arevelk.am

Անցած տարի սկիզբ առած Հալէպի Կիլիկեան ճեմարանի վերանորոգման աշխատանքները աւարտած են: Երէկ, 22 յունուարին, տեղի ունեցած է վերանորոգուած շէնքի հանդիսաւոր բացումը: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն:

Մեր աղբիւրը նշեց, որ բացման արարողութիւնը տեղի ունեցած է Կիլիկեան ճեմարանի երկրորդական բաժնի շրջաբակէն ներս, գլխաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Շահան Արքեպիսկոպոս Սարգիսեանին:

Կիլիկեան կրթաան հաստատութեան հոգաբարձութեան խօսքը արաբերէնով արտասանած է Վարուժ Սիւլահեանը, իսկ Տնօրէնութեան խօսքը, ճեմարանի այժմեան տնօրէն Աբրահամ Զուպրիկեանը:

Բացման արարողութեան ներկայ եղած են Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Արմէն Սարգիսեանը, հայկական միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ Կրթութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ, Հալէպի կրթական տնօրէնութեան փոխ տնօէն, մասնաւոր դպրոցներու բաժնի պատասխանատուն, որ ի խօսքին մէջ իր ուրախութիւնը յայտնած է՝ ճեմարանի երկրորդական բաժնի վերականգնման առթիւ, նշելով, որ Կիլիկեանը երկար տարիներ Հալէպի լաւագոյն դպրոցներէն մէկը եղած էր իր ուսման մակարդակով եւ մաղթած է, որ նոյն յաջողութեամբ ան շրունակէ իր վերելքը եւ միւս շէնքերը եւս շուտով վերակառուցուին:

Ամբողջական տեքստ