1 Նոյեմբեր 2017-ի երեկոյեան, Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Սէուտական Արաբիոյ իշխանութեան ներկայացուցիչ եւ Վիէննայի մէջ հաստատուած Ապտալլահ Բ. թագաւորին կեդրոնի տնօրէն Դոկտ. Ֆէյսալ Պին Մուաամմար, ընկերակցութեամբ ութ անձերէ բաղկացած բարձրաստիճան պատուիրակութեան մը։ Նշենք, որ Դոկտ. Մուաամմար նախապէս դիւանապետն էր Ապտալլահ Բ. թագաւորին եւ ապա նշանակուեցաւ Վիէննայի մէջ թագաւորին կողմէ հինգ տարիներ առաջ հաստատուած կրօններու, մշակոյթներու ու քաղաքակրթութիւններու երկխօսութեան միջազգային կեդրոնին։