Երէկ՝ Ուրբաթ, 22 Յունիս 2018-ի երեկոյեան, ղպտի եկեղեցւոյ պետ ՝ Ն.Ս. Թաուատրոս Բ. եւ ասորի եկեղեցւոյ պետ՝ Ն.Ս. Մար Աֆրամ Բ. պատրիարքները, իրենց ընկերակցող եպիսկոպոսներէ բաղկացած պատուիրակութեամբ, այցելեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ։ Վեհափառ Հայրապետը, շրջապատուած միաբան հայրերով, ընդունեց այցելութիւնը երկու հոգեւոր պետերուն։
Երեք հոգեւոր պետերը նախ ուղղուեցան Սրբոց Նահատակաց բացօթեայ խորան, ուր միասնաբար աղօթեցին եւ միաբանութիւնը երգեց «Տէրունական Աղօթք»ը եւ ապա «Ուրախ լեր» երգեցողութեամբ ուղղուեցան դէպի Նահատակաց հրապարակ եւ յուշարձանին առջեւ ծաղկեպսակ զետեղեցին։