Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս 2018 թուականը կը հռչակէ «Անկախութեան տարի»

  • 15/01/2018

arevelk.am

Կիրակի, 14 Յունուար 2018-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լոսաւորչի Մայր Տաճարին մէջ, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերու բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, ընթերցուեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հայրապետական Սրբատառ կոնդակը։

Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հիմնադրութեան հարիւրամեակին նուիրուած կոնդակին մէջ Վեհափառ Հայրապետը կը նշէ. «Ազատ ու անկախ ապրելու տենչը եւ կամքը, նո՛յնիսկ իմացեալ մահով, հայ ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան ամենէն յատկանշական երեւոյթներէն մէկը դարձած է՝ Հայկ Նա­հա­պե­տէն սկսեալ։ Հարուստ է մեր պատմութիւնը բռնակալութեան դէմ հերոսական մարտնչում­ներով»։ Նորին Սրբութիւնը Հայրապետական կոնդակին մէջ կ՚ընդգծէ, թէ 1918 թուականին կարելի եղաւ երեք յաղթական ճակատամարտեր մղել ու հիմնել Հայաստանի առաջին Հանրապետութիւնը, որովհետեւ ազատատենչ հայ ժողովուրդը պատմութեան ընթացքին թրծուած էր բոլոր ժամանակներու Վարդան Մամիկոնեաններու եւ Ղեւոնդ Երէցներու հաւատքով ու վճռակամութեամբ։ «Ճշդո­րոշիչ նշանակութիւն ունեցող դարձակէտ մըն է Մայիս 28-ը՝ Կիլիկեան Թագաւորու­թեան անկումէն յետոյ (1375), օտար ուժերու ենթակայ դարձած հայ ժողովուրդի պատ­մութեան մէջ», կը շեշտէ Վեհափառ Հայրապետը, մանաւա՛նդ՝ միայն եռամեակ մը առաջ Հայոց ցեղասպանութեան ապրած ժողովուրդի մը համար, կ՚ըսէ ան։

Ամբողջական տեքստ