Պեքճեան սրբազան նամակ յղած է պատրիարքի հաւանական թեկնածուներուն

  • 07/10/2017

arevelk.am

Պոլսոյ հայոց պատրիարքական տեղապահ Գարեգին արքեպիսկոպոս Պեքճեան պատրիարքի ընտրութիւններու առնչութեամբ նախապատրաստական աշխատանքներու ծիրին մէջ նամակ ուղարկած է իրենց թեկնածութիւնն առաջադրելու իրաւունք ունեցող հոգեւորականներուն։

Թուրքիա լոյս տեսնող հայկական «Ակօս» թերթի կայքի տեղեկացմամբ, պատրիարքական ընտրութիւններուն թեկնածութիւն կրնան առաջարկել այն հոգեւորականները, որոնք ծնած են Թուրքիա կամ որոնց ընտանիքը ծագումով Թուրքիայէն է։ Այս չափանիշին կը համապատասխանեն 11 հոգեւորականներ։

Ամբողջական տեքստ