Սարկաւագական ձեռնադրութիւն Անթիլիասի մէջ

  • 27/12/2017

arevelk.am

Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Կիրակի, 24 Դեկտեմբեր 2017-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագին ու նախավկային տօնը՝ Ս. եւ Անմահ Պատարագով։ Պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան։

Առաջնորդ սրբազանը իր քարոզին մէջ նշեց, որ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ առաջին նահատակը ըլլալու կողքին կարեւորագոյն մարտիրոսներէն մէկն է՝ շնորհիւ իր Աստուծատուր կամքի հզօրութեան ու շնորհքին։ Ակնարկելով «Գործք Առաքելոց» գիրքին, Սրբազանը ըսաւ, որ Ս. Ստեփանոս ընտրուած էր Յիսուսի առաքեալներուն կողմէ որպէս քրիստոնէութեան քարոզիչ ու ձեռնադրուած է սարկաւագ, որուն համար Սուրբը քարկոծուելով նահատակուած է։ Թէեւ այս դէպքը տեղի ունեցած է անցեալին, սակայն ժամանակակից է, որովհետեւ մեզի կը լիցքաւորէ Սուրբին կամքով ու հաւատքով, որպէսզի մենք ալ մեր կեանքին փոթորիկներուն առջեւ տոկանք Սուրբ Ստեփանոսին նման, նշեց Սրբազանը՝ աւելցնելով, թէ այս տօնով մեր եկեղեցին ո՛չ թէ Սուրբ Ստեփանոսին անձը կը փառաբանէ, այլ անոր օրինակը կենդանի պահելով հաւատք ու կամք կը ներշնչէ։

Ամբողջական տեքստ