Տեղի ունեցաւ Եկեղեցական Համագումար ժողովի նիստ

  • 24/11/2017

armchurch.info

Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ որոշումով եւ Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեանի հրաւէրով 21 Նոյեմբեր 2017 Երեքշաբթի, ժամը 15.00-ին Պատրիարքարանի Դահլիճին մէջ գումարուեցաւ Եկեղեցական Ընդհանուր Համագումար։ Ժողովին նախագահեց Տեղապահ Սրբազան Հայրը։
Ժողովը բացուեցաւ Տէրունական Աղօթքով։ Տեղապահ Սրբազան Հայրը բացման խօսքով ողջունեց եկեղեցական հայրերու ներկայութիւնը եւ բացատրութիւններ տուաւ Պատրիարքական Ընտրութեան գործթընթացի կապակցութեամբ։

Ապա Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ՝ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան, յայտնեց թէ Ժողովոյ նպատակն էր ամբողջացնել Կրօնական Ժողովոյ անդամներու թիւը, որ պակսած էր Արժ. Տ. Եղիա Աւ. Քհնյ. Քէրվանճեանի արտասահման մեկնումով եւ Արժ. Տ. Միւռոն Աւ. Քհնյ. Այվազեանի անկողնոյ ծառայելու պատճառներով։

Ամբողջական տեքստ