Քրիստոսի ծնունդով` Աստուծոյ շնորհքը յայտնուեցաւ.Հայ Կաթողիկէ Կաթողիկոս-Պատրիարքի Սուրբ Ծննդեան պատգամը

  • 25/12/2017

arevelk.am

Քրիստոսի գալուստը յաշխարհ իր ծնունդով` գերազանց ուրախութեան յատկանիշն է ամէն բանէ առաջ, ամէն բանէ վեր:

Այս ուրախութիւնը սակայն բաղդատելի չէ մարդկային այլ ուրախութիւններուն հետ, որովհետեւ անցողակի դէպքի մը, հաճոյալի զգացողութեան մը առթած յուզումը չէ, որ պահ մը կ՛առինքնէ մեզ ու կ՛անհետանայ. պտուղն է անկրկնելի եղելութեան մը, որ Աստուծոյ ծրագիրին մէջ էր ի յաւիտենից. անկեալ, մեղապարտ մարդկութեան դատավճիռին բեկումն է, կորսուած շնորհքին վերստացումը եւ վերադարձը սկզբնական անմեղութեան, որ բերկրութեան դռները կը բանայ մարդուն առջեւ:

Ամբողջական տեքստ