30 Մայիս 2017-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին այցելեց Լիբանանի մօտ Կիպրոսի Դեսպան Տիկ. Քրիսթինա Րաֆթի, քաղաքական հարցերու իր օգնականին ընկերակցութեամբ։
Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Լիբանանի ու Կիպրոսի յարաբերութեան, Կիպրոսի մէջ յոյն եւ թուրք համայնքներու միջեւ բանակցութեան եւ Կիպրոսի հայ համայնքին առնչուած հարցեր։