Դանիոյ լուտերական եկեղեցին ներկայացնող պատուիրակութիւնը Անթիլիասին մէջ

  • 16/11/2017

armchurch.info

11 Նոյեմբեր 2017-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը ընդունեց Դանիոյ լուտերական եկեղեցին ներկայացնող պատուիրակութիւն մը։ Քսան անձերէ բաղկացած պատուիրակութեան մաս կը կազմէին հոգեւորականներ, համալսարանի դասախօսներ եւ եկեղեցւոյ զանազան բաժանմունքներու պատասխանատուներ։

Հանդիպումին, պատուիրակութեան խօսնակը իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ կը գտնուի եկեղեցական կեդրոնի մը մէջ, որ միշտ եղած է սիրելի ընդհանրապէս Տանիմարքայի ժողովուրդին ու յատկապէս եկեղեցւոյ համար։ Ան յիշեց պատմական սերտ կապերը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու Դանիոյ լուտերական եկեղեցւոյ միջեւ՝ յատկապէս «Թռչնոց Բոյն»-ին առնչուած։

Ամբողջական տեքստ