arevelk.am (14.06.2017)
Պոլսոյ Պատրիարքի ընտրութեան հարցը կը շարունակէ մնալ հայութեան մեծ օրակարգերու սեղանին:
Մեր ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնենք Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթի հիմնադիրներէն ՝ Միսաք Գոչունեանի (գրական ծածկանունը ՝ Քասիմ) 1909 թուականին ստորագրած խմբագրականը յատկացուած Պոլսոյ նոր Պատրիարքի մը ունենալիք «ձիրքերուն»: Յօդուածը կը ներկայացնենք առանց մեկնաբանութիւններու:
Ալեքսան էֆենտի Թոփալեան ասկէ երկու ամիս առաջ յայտարարութիւն մը ըրաւ Երեսփոխանական ժողովին մէջ: Իրապէս մտածուած ու անկեղծ յայտարարութիւն մը եւ ահա ամէն կողմէ ձայներ, գանգատներ, բողոքներ բարձրացան եւ քիչ մնաց որ «ազգադաւ է, մատնիչ է, դաւաճան է », պոռային մարդուն երեսին: Ի՞նչ էր սակայն Թոփալեան էֆենտիի ըսածը. «Իզմիրլեան հայրիկը պատրիարք պահենք եւ Դուրեան սրբազանը կաթողիկոս ընտրենք»: