Իրանի մէջ եղած ցոյցերը հրահրուած են «դուրս»էն. Նոր Ջուղայի Կաթողիկոսական փոխանորդ

  • 04/01/2018

arevelk.am

Իրանի մէջ բողոքները սադրած են «օտարերկրեայ տարրերը»։ Այս մասին յայտարարած է Նոր Ջուղայի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Տ. Սիփան ծ. վրդ. Քէչէճեանը Սպահանի նահանգապետ Մոհսէն Մեհրալիզատէի հետ հանդիպման ընթացքին, կը հաղորդէ Tasnim-ը։

Ան խոր ափսոսանք յայտնած է երկրի մէջ վերջին միջադէպերու, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական բողոքներու ժամանակ յարձակումներու եւ եղած վայրագութիւններու կապակցութեամբ։ «Ցաւօք, որոշները կը ձգտին խռովութիւն բարձրացնել Իրանի մէջ»,- ըսած է արքեպիսկոպոսը՝ նկատելով, որ անկարգութիւնները կազմակերպուած են դուրսէն։

Նշենք, որ Իրանի խոշոր քաղաքներուն Թեհրանի, Մեշհէտի, Սպահանի եւ Ռեշտի մէջ 28 դեկտեմբերէն բողոքի լայնածաւալ գործողութիւններ կ’ընթանան։

Ամբողջական տեքստ