Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Կրօնական ժողովին, շաբաթ, 9 դեկտեմբեր 2017-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ քահանայից միօրեայ հաւաք:
Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ քահանայից դասի անդամներուն մասնակցութեամբ կատարուած առաւօտեան ժամերգութենէն ետք, Եկեղեցւոյ սրահին մէջ բացման ողջոյնի խօսք արտասանեց Լիբանանի թեմի Կրօնական ժողովի ատենապետ Սարգիս քհնյ. Սարգիսեանը, որ շեշտելով նմանօրինակ հանդիպումներուն կարեւորութիւնը` նշեց, որ թեմական կեանքէ ներս հոգեւոր բնոյթ ունեցող աշխատանքներ կարելի է իրականացնել հոգեւորականաց դասի անդամներուն գործակցակութեամբ ու համակարգումով: