arevelk.am (21.12.2016)
Այսօր Երեւան կը ժամանէ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ Հասան Ռուհանի: Պաշտօնական այս այցը առաջինն է 2013-ին Իրանի ղեկը ստանձնած Ռուհանիին համար:
Տակաւին մեր յիշողութեան մէջ է, թէ ինչ պայմաններու տակ կրօնական այս գործիչը ընտրուեցաւ Իրանի նախագահ եւ անսպասելի դրական տեղաշարժ ապահովեց երկրի մը համար, որ երկար ժամանակէ ի վեր դարձած էր արեւմուտքի «աչքի փուշը»:
Հանդարտաբարոյ, քաղաքական էթիքայի կանոններուն քաջածանօթ եւ իր բոլոր յայտարարութիւններուն մէջ զուսպ ու հաւասակշիռ այս գործիչը Իրանը դուրս բերաւ «պաշարման օղակ»էն եւ աշխարհին բացատրեց, որ Կովկասեան տարածաշրջանին մէջ Թեհրանը կարեւոր եւ հիմնարար ներկայութիւն է: