«Հայկական Երուսաղէմի պաշտպանութիւնը համահայկական առաջնահերթութիւն է». Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հարցազրոյցը ՝ «Հասկ» հանդէսին

  • 25/01/2018

arevelk.am

Յունուար 17-18, 2018-ին, Գահիրէի Ալ-Ազհար իսլամական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ միջազգային համագումար մը «Ի պաշտպանութիւն Երուսաղէմին» ընդհանուր խորագիրով։ Համագումարին հրաւիրուած էր իր խօսքը ուղղելու Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս։ Վեհափառ Հայրապետը ներկայ գտնուեցաւ համագումարին իր հետ ունենալով Թեհրանի հայոց թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան եւ Կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան։ Նկատի ունենալով յիշեալ համագումարին կարեւորութիւնը, ՀԱՍԿ պաշտօնաթերթը յատուկ հարցազրոյց մը ունեցաւ Նորին Սրբութեան հետ, անհրաժեշտ տեղեկութիւնները փոխանցելու մեր ժողովուրդի զաւակներուն։

– Հարցում. Վեհափառ Տէր, ի՞նչ էր նպատակը Երուսաղէմի հարցին շուրջ Գահիրէի մէջ մի քանի օրեր առաջ տեղի ունեցած միջազգային համագումարին։

Երուսաղէմը միաստուածեան երեք կրօններու՝ հրէութեան, քրիստոնէութեան ու իսլամութեան համար սուրբ քաղաք նկատուած է։ Հակառակ այն իրողութեան, որ Երուսաղէմը քաղաքական զանազան ուժերու ենթակայ եղած է պատմութեան ընթացքին, սակայն ան կրօնական նկարագիրը միշտ պահած է։

Ամբողջական տեքստ