Երկուշաբթի, 8 Յունուար 2018-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ ընդունեց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Գրիգոր Պետրոս Ի. Հոգեւոր Տէրը։ Հոգեւոր Տիրոջ կ՚ընկերանային Պէյրութի հայ կաթողիկէ թեմի օգնական եպիսկոպոս՝ Արհիապատիւ Գէորգ Ասատուրեան, Արհիապատիւ Մանուէլ Եպս․ Պաթագեան եւ հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի տեղեկատուական բաժանմունքի պատասխանատու՝ Գերպ. Սեպուհ Վրդ. Կարապետեան։ Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան եւ Կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ՝ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան։
Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպումը առիթ մը եղաւ քննարկելու Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան, Լիբանանի մէջ տեղի ունենալիք յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն, Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի գծով տարուող աշխատանքներուն եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի հետ աղերս ունեցող հարցեր։