Տեղի ունեցաւ բացումը Եւրոպայի հայ համայնքներու չորրորդ համագումարին

  • 19/10/2017

armchurch.info

18 Հոկտեմբեր 2017-ին, Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցաւ բացումը Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ Եւրոպայի հայ համայնքներու չորրորդ համագումարին։

Համագումարի բացման իր պատգամին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը կարեւորութեամբ շեշտեց մեր ժողովուրդի պահանջատիրութեան համապարփակ մօտեցում որդեգրելու հրամայականը։ Արամ Ա. Հայրապետը յատկապէս ըսաւ. «Անցնող տասնամեակներուն մեր ժողովուրդին պահանջատիրութեան մասին խօսելով շեշտեցինք մեր դատին քաղաքականացման, միջազգայնացման ու այժմէականացման անհրաժեշտութիւնը։ Մենք նաեւ յաճախ յիշեցուցինք, թէ հայ դատին իրաւատէրը Հայաստանն է։ Այսօր, փաստօրէն, մեր դատը միջազգային օրակարգի վրայ կը գտնուի. ան միջազգային լուսարձակի տակ մնաց յատկապէս 100-ամեակէն ետք։ Հայաստանի վերանկախացումէն ետք Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր արտաքին յարաբերութեան կարեւոր մէկ մասը նկատեց մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներու հետապնդումը»։

Ամբողջական տեքստ