Անյայտ անձինք ներխուժած եւ աւերած են Տիարպէքիրի Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցին:
«Չարագործները զինուած եղած են մուրճերով եւ վնասներ հասցուցած են եկեղեցւոյ շէնքին», – Rusarminfo-ի փոխանցմամբ, կը տեղեկացնէ «Ալ-Մոնիթոր» մերձարեւելեան լրատուամիջոցը, վկայակոչելով հայկական եկեղեցւոյ վերակացու Արմէն Տեմիրճեանին: