Երէկ հրապարակուած հաղորդագրութեամբ մը վերահասու կը դառնանք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ունի կրօնական ժողովի նոր ատենապետ յանձինս Տ. Կոմիտաս արք. Օհանեանը:
Նշենք, որ այս նշանակման մասին այլ մանրամասնութիւններ չեն հաղորդուած:
Կը նշուի նաեւ, որ Կիլիկեան Աթոռի Գահակալ Հայրապետ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառը գոհունակութեամբ արտայայտուած է Անթիլիասի միաբաններու տարած գործունէութեան եւ ունեցած ազգային յանձնառութեան մասին:
Տ. Կոմիտաս արք. Մինչեւ վերջերս կը վարէր Յունաստանի թեմի առաջնորդութիւնը, որուն Առաջնորդ նշանակուած է Անթիլիասի միաբաններէն եւ Լիբանանի թեմի նախկին Առաջնորդ Տ. Գեղամ արք. Խաչերեանը:
Ստորեւ իր ամբողջութեանը մէջ կը ներկայացնենք Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւնը: