«Անհրաժեշտ է ազգային պահանջատիրութիւնը հետապնդել համապարփակ մօտեցումով» Պրիւքսէլի մէջ յայտարարած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

  • 19/10/2017

arevelk.am

Մեծի Տանն Կիլիկոյ Կաթողիկոսութեան կայքէչէն կը կարդանք, թէ այս առաւօտ, 18 Հոկտեմբեր 2017-ին, Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցաւ բացումը Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ Եւրոպայի հայ համայնքներու չորրորդ համագումարին։

Համագումարի բացման իր պատգամին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց մեր ժողովուրդի պահանջատիրութեան համապարփակ մօտեցում որդեգրելու հրամայականը։ Վեհափառ Հայրապետը յատկապէս ըսաւ. «Անցնող տասնամեակներուն մեր ժողովուրդին պահանջատիրութեան մասին խօսելով շեշտեցինք մեր դատին քաղաքականացման, միջազգայնացման ու այժմէականացման անհրաժեշտութիւնը։ Մենք նաեւ յաճախ յիշեցուցինք, թէ հայ դատին իրաւատէրը Հայաստանն է։ Այսօր, փաստօրէն, մեր դատը միջազգային օրակարգի վրայ կը գտնուի. ան միջազգային լուսարձակի տակ մնաց յատկապէս 100-ամեակէն ետք։ Հայաստանի վերանկախացումէն ետք Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր արտաքին յարաբերութեան կարեւոր մէկ մասը նկատեց մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներու հետապնդումը»։

Ամբողջական տեքստ