Գահիրէի «Ալ Ազհար»ին հրաւէրով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողոիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր մասնակցութիւնը կը բերէ Երուսաղէմի հարցին շուրջ կազմակերպուած միջազգային համագումարին: Այս մասին վերահասու կը դառնանք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պաշտօնական կայքէջէն, որ նաեւ կը փոխանցէ, թէ Վեհափառ Հայրապետը երէկ եղած է բացման հանդիսաւոր նիստին գլխաւոր խօսք առնողներէն մին:
Վեհափառը շեշտած է, թէ «անհրաժեշտ է յարգել միջազգային օրէնքի տուեալները ու պատմութեան ընթացքին նուիրագործուած աւանդութիւնները՝ Երուսաղէմը նկատելով սուրբ քաղաք միաստուածեան երեք կրօններու»։ Ապա Նորին Սրբութիւնը հետեւեալ 4 կէտերուն մէջ ամփոփեց իր տեսակէտը.-