Սրտի խօսք Իրաքի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Աւագ Արքեպիսկոպոս Ասատուրեանի Քահանայացման Քառասուն Ամեակի Առիթով
1977- 2017
Գերաշնորհ Տ. Աւագ Արք. Ասատուրեանը Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան վերջին տարիներու տիպար հոգեւորականներէն մէկն է: Ան իր հանգամանքով որպէս Իրաքահայ պատմական թեմի առաջնորդ, եղաւ առաջին սպասաւորը Իրաքահայութեան ու մայրենի եկեղեցիին բարելաւման ու բարգաւաճման ի խնդիր: Սրբազան Հայրը մտաւորականի իր խոհեմութեամբ, ողջմտութեամբ, լաւատեսութեամբ, համբերութեամբ, բծախնդրութեամբ եւ վերջապէս շինարարի հմտութեամբ՝ կարողացաւ բարւոք առաջնորդել ու պայծառացնել Իրաքահայ Թեմը ամբողջ 37 տարիներ անմեկնելի դժուարութիւններով լեցուն միջավայրի մէջ, որոնցմէ կարելի է նշել երկարատեւ պատերազմներն ու տնտեսական արգելափակումը ինչպէս նաեւ վերջին քանի մը տարիներուն վայրենի ու ժանտ «Տահեշի» ահաբեկիչներու բերած սարսափն ու արհաւրալից վիճակը: Այո, Սրբազան հայրը որպէս քաջ հովիւ, կարելին չխնայեց առաջնորդելու իրեն յանձնուած հօտը դէպի խաղաղ նաւահանգիիստ: