Երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Յովսէփեանց Կաթողիկոսին ծննդեան 150-ամեակի նշումը՝ Արցախի մէջ

  • 21/12/2017

arevelk.am

17-18 Դեկտեմբեր 2017-ին, Արցախի մէջ տեղի ունեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսներէն Երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Յովսէփեանց Կաթողիկոսին ծննդեան 150-ամեակին եւ վախճանման 65-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներ, կազմակերպութեամբ Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան։

Սոյն ձեռնարկներուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուց Կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ՝ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան։ Ձեռնարկները սկիզբ առին Կիրակի, 17 Դեկտեմբերին, Ս. եւ Անմահ Պատարագով՝ Գանձասարի վանքին մէջ։ Ապա, հիւրերը այցելեցին Գարեգին Յովսէփեանց Կաթողիկոսին ծննդավայր՝ Մաղավուզ գիւղը, ուր տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն Երջանկայիշատակ Հայրապետին հոգիին համար։

Ամբողջական տեքստ