«Ես այսօր Թուրքիոյ իշխանութիւններուն աչքին կը շարունակեմ մնալ Պոլսոյ Պատրիարքութեան ընդհանուր փոխանորդ» այսօր լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին ըսաւ Տ. Արամ արք. Աթէշեան: Սրբազան հայրը նաեւ ներկայացուց այն իրագործումները, որ կատարած է անցնող ութը տարիներուն յիշեցնելով միաբանութեան բոլոր անդամները, աշխարհական գործիչները եւ նոյնիսկ օտարները գնահատած են իր գործունէութիւնը: «Այսօր Պոլսոյ մէջ զիս քննադատողները համայնքի մեծամասնութիւնը չի ներկայացներ եւ անոնք, որ զիս կը քննադատեն եւ նոյնիսկ հայհոյալից ոճով կը խօսին իմ հասցէին անոնք փոքրամասնութիւն են»: