Իրավիճակը վտանգաւոր է, որովհետեւ շրջանի քիւրտերը ինքնագլուխ կը գործեն. Հայր Անդրանիկ ծ. վրդ. Այվազեան

  • 11/10/2017

arevelk.am

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ Սուրիոյ Ճէզիրէ շրջանի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդ Հայր Անդրանիկ ծ.վրդ. Այվազեան

Վարդապետ ներկայիս ի՞նչ է ընդհանուր իրավիճակը Սուրիոյ Ճէզիրէ շրջանի Գամիշլի եւ Հասաքէ քաղաքներուն մէջ:

Հիմա շատ դժուար օրեր են, որովհետեւ շրջանի քիւրտերը ամերիկացիներու օգնութեամբ կը փորձեն տիրանալ ոչ միայն բոլոր պետական կառոյցներուն, այլ նաեւ համայնքային դպրոցներուն եւ եկեղեցիներուն: Անշուշտ մեր մօտ չեն համարձակիր նոյնը ընել, որովհետեւ քաջ գիտեն իրենց դիմաց ինչպիսի բարոյական ուժ կայ, բայց իրավիճակը մտահոգիչ է:Մտահոգիչ է այն առումով, որ անոնք ինքնագլուխ կը գործեն: Մենք՝ Համահայկական Բարեսիրական Միութիւնը, որ ամբողջ Սուիրոյ մէջ ունի իր կենդրոնները, գործի դրինք ութը մեծ դարմանատուներ, իսկ Քեսապի մէջ սատարեցինք նոր հացատան մը բացմանը, որպէսզի ժողովուրդը թարմ հաց ունենայ, ետքը որոշեցինք բժշկական օգնութիւն ցուցաբերել բնակիչներուն եւ Ճաբոնէն շարժական հիւանդանոց պատուիրեցինք, որ օժտուած է բոլոր բժշկական անհրաժեշտ սարքերով, ապա ձեռնարկեցինք վանքերու վերանորոգման աշխատանքներու եւ սկսանք կարգ մը գործարաններուն օժանդակել, որպէսզի իրենց նախկին հունին վերադառնան:

Ամբողջական տեքստ