2013 թուականէն ի վեր Հալէպի մերձ եղող շրջաններուն մէջ «Տահէշ»ի կողմէ առեւանգուած երկու քրիստոնեայ կրօնաւորները կրնան սպաննուած ըլլալ: Այս մասին երէկ կարծիք յայտնած է Լիբանանի ընդհանուր ապահովութեան նախկին տնօրէն զօր. Ժամիլ Ալ Սայէտ: Սայէտ, որ խօսած է լիբանանեան բանակի գերեվարուած ու ապա սպաննուած զինուորներուն մասին, նոյնէս դիտել տուած է, որ այսքան երկար ժամանակէ ի վեր առեւանգուած սրբազաններուն մասին ոչ մէկ տեղեկութիւն կայ ու շատ հաւանական է, որ անոնք եւս ունենան բանակի զինուորներու տխուր ճակատագիրը: