arevelk.am (4.05.2017)
Հալէպի Քլտան համայնքի եպիսկոպոս Անթուան Ուտօ, խօսելով Հալէպի քրիստոնէութեան մասին, նշած է, որ «Հալէպի ժողովուրդի վստահութիւնը՝ իրենց քաղաքի վիճակի կայունութեան նկատմամբ հիմա արդէն ամրապնդուեցաւ», ակնարկելով, վերջին շրջանին քրիստոնեայ ընտանիքներու նկատելի թիւերով Հալէպ վերադարձին: