Չորեքշաբթի, 13 դեկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունած է Լիբանանի քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան յանձնախումբի նախագահ՝ Հարես Շեհապը, ընկերակցութեամբ նոյն յանձնախումբին հայ համայնքի ներկայացուցիչ՝ Դոկտ. Ժան Սալմանեանի։
Այցելութեան նպատակն էր Հայրապետը տեղեակ պահել վերջին շրջանին յանձնախումբին կատարած հանդիպումները Երուսաղէմի հարցին գծով, ինչպէս նաեւ հրաւիրել Նորին Սրբութիւնը քրիստոնեայ-իսլամ հոգեւոր պետերու ժողովին։