Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պաշտօնական կայքէջէն վերահասու կը դառնանք, թէ երկուշաբթի, 11 դեկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան, Կիպրոսի նախագահական պալատին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան Իշխան»-ի շքանշանով պարգեւատրեց Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահ Նիկոս Անասթասիատեսը։
Պարգեւատրումէն առաջ, հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Նորին Սրբութեան եւ Նախագահին միջեւ՝ ներկայութեամբ Կիպրոսի Հայոց Կաթողիկոսական փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեանի, Կիպրոսի հայոց պետական ներկայացուցիչ՝ Վարդգէս Մահտեսեանի, ինչպէս նաեւ Վեհափառ Հայրապետին պատուիրակութեան մաս կազմող ազգային բարերար՝ Հրայր Սարգիսեանի եւ Կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ՝ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեանի։