Ռուսաստանի Սոչի քաղաքին մէջ վաղը ընթացք պիտի առնէ Սուրիոյ հակամարտութեան նուիրուած հերթական համաժողովը:
Այս ժողովը անկիւնադարձային կրնայ ըլլալ այն իմաստով, որ ժողովին մասնակիցները առաջին անգամ ըլլալով պիտի մասնակցին Սուրիոյ նոր սահմանադրութիւնը գրելու աշխատանքներուն:
Մեր տեղեկութիւններով այս ժողովին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Դամասկոսի թեմի առաջնորդ Տ. Արմաշ արք. Նալպանտեանը:
Այդպիսով սրբազան հայրը պիտի հանդիսանայ միակ հայ եկեղեցականը, որ կը մասնակցի Սոչիի նիստերուն: