Ֆրանսայի նախագահին նամակը՝ Արամ Ա. կաթողիկոսին

  • 09/11/2017

orer.eu

Նոյեմբեր 6-ի առաւօտեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը նամակ մը ստացած է Ֆրանսայի նախագահէն։
Էմանիւէլ Մաքրոն նախ եւ առաջ կը վստահեցնէ, որ Ֆրանսան «միջազգային իր դաշնակիցներուն հետ պիտի շարունակէ աշխատիլ ի խնդիր խաղաղութեան եւ ապահովութեան, յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ, պահպանելով ցեղային ու կրօնական զանազանութիւնը եւ ինքնութիւնը, որ շրջանի իւրայատուկ յատկանիշերէն մէկը կը հանդիսանայ։ Ֆրանսան նաեւ պիտի շարունակէ պայքարիլ ծայրայեղութեան դէմ՝ պաշտպանելով ցեղային ու կրօնական ծայրայեղութեան ու բռնութեան զոհ դարձած համայնքները»։

Ամբողջական տեքստ